ՆԻՒԹԻ ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ
Օրվա ընթերցվածք.
Ավետարան ըստ Հովհաննեսի. 6: 53 – 63
53 Ասոր վրայ հրեաները իրարու հետ կը վիճէին ու կ՚ըսէին. «Ի՞նչպէս կրնայ ասիկա իր մարմինը մեզի տալ՝ ուտելու»։ 54 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար’։ 55 Ո՛վ որ իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը։ 56 Վասն զի իմ մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ իմ արիւնս ճշմարիտ ըմպելիք է։ 57 Ան որ իմ մարմինս կ՚ուտէ եւ իմ արիւնս կը խմէ, անիկա իմ ներսիդիս կը բնակի ու ես անոր ներսիդին։ 58 Ինչպէս կենդանի Հայրը զիս ղրկեց ու ես կենդանի եմ Հօրը ձեռքով, այսպէս ալ ան որ զիս կ՚ուտէ, ինք ալ իմ ձեռքովս կենդանի պիտի մնայ։ 59 Այս է այն հացը, որ երկնքէն իջած է, ո՛չ թէ մանանան, որ հայրերնիդ կերան ու մեռան։ Ո՛վ որ այս հացը ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի»։
60 Այս բաները խօսեցաւ ժողովարանին մէջ՝ երբ Կափառնայումի մէջ կը քարոզէր։
61 Աշակերտներէն շատեր երբ լսեցին՝ ըսին. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել»։ 62 Յիսուս երբ հասկցաւ թէ իր աշակերտները այն բանին համար տրտունջ կ՚ընեն, ըսաւ անոնց. «Ատիկա ձեզ կը գայթակղեցնէ՞։ 63 Հապա ի՞նչ պիտի խորհիք, եթէ տեսնէք Որդի մարդոյ ելլելը, ուր առաջ էր։