Հոգևոր քարոզներ 2018 - Hogevor qarozner 2018 hogevor qarozner, hogevor karoz, hogevor karozner 2018, hogevor karoz 2018, հոգևոր քարոզներ, հոգեւոր քարոզ, հոգեվոր քարոզ, պատգամներ, 2018
ՆԻՒԹԻ ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ
Հոգևոր քարոզներ 2018
Հարցեր, որոնք կհետաքրքրեն շատերին.
Հարց 1. Աստվածաշնչից օրվա ընթերվածքը ինչի՞ հիման վրա է ընտրվում։
Հարց 2. Ինչո՞ւ օրվա ընթերցվածքի մեջ չի կարդացվում Հայտնության գրքից.
-------------------------------
Առաջին դարերու քրիստոնեաներ կանոնական Աստուածաշունչ եւ ծիսագիրք չունէին, հետեւաբար նախնական պատարագներու ժամանակ որդեգրած էին Հին Կտակարանէն բաժիններ ընթերցելու հրէական սինագոգի սովորոյթը որ իր մէջ կը պարունակէր սաղմոսներու աղօթքները, մարգարէութիւններ հոգեւոր պատմութիւններ, առակներ, եւ այլն։ Առաքելական դարերու յաջորդող շրջանին շուտով աւելցան առաքեալներու եւ աւետարանիչներու գրութիւնները։ Ընդհանուր ձեւ մը չկար ընթերցումներ կարդալու եւ օրերու հետ համադրելու գործին։ Եկեղեցւոյ ազատագրումէն ետք, 3-րդ եւ 4-րդ դարերուն էր որ առաջին գլխաւոր պատարագի մշակողներու (Ս. Բարսեղ Կեսարացի, Ս. Ոսկեբերան, Ս. Գրիգոր Նիւսացի) գործին հետ սկսաւ մշակուիլ նաեւ անոնց օրերու հետ համադրուած ընթերցումներու շարքը եւ տօներու ընթերցակարգը, մանաւանդ 367 թուականի Ս. Աթանասիոսի կողմէ կատարուած Նոր Կտակարանի վերջնական կանոնականացումէն ետք։
Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Աստուածաշունչի ընթերցումների ընտրութիւնները եւ տօնամակը մեր եկեղեցւոյ մէջ կը կոչուի ՙՃաշոց՚, որ տարուան մէջ Տէրունի տօներու տարեկան ընթերցումներու եւ տօնակարգի սահմանող գիրքն է։ Այլ ճաշոցներու զարգացման հետ, ինչպիսիք են արեւելեան Սիրիական Յակոբիկեան, Ասորական, Բիւզանդական, Ղպտական եւ արեւմտեան Օգոստինոսեան, Ամբրոսիոսեան եւ այլ ծիսական ճաշոցներ, Հայոց Եկեղեցին նաեւ ունեցաւ իր ճաշոցը որու ծագումը աւանդաբար կուգայ Ս. Յակոբոս Տեառնեղբօր եւ ապա Կիւրեղ Երուսաղէմացիի անուններու հետ։ Հայոց ճաշոցի առաջին կազմաւորումը հաւանաբար տեղի ունեցած է 417-էն 439 թուականներուն, այսինքն Հայ գիրերու գիւտի անմիջական վաղորդայնին, Երուսաղէմի Հայոց ունեցած հնագոյն աւանդական ընթերցակարգին հիման վրայ։
Ճաշոցը առընչուած է Տօնացոյցին հետ, ուր արձանագրուած է իւրաքանչիւր օրուան ծիսակարգը եւ ընթերցումները որոնք տարածուած են տարուան ամբողջ ընթացքին, բացի Առաջաւորաց պահքին յաջորդող չորս օրերուն, ուր որեւէ աստուածաշնչային ընթերցումներ չկան։ Տօնացոյցի առաջին հիմնադիրը եղած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ ապա Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետը (387-489) որ տօնացոյցին տուած է եօթնեակ ձեւը, Երբ Ս. Զատկին շարժականութեամբ, կարգ մը տօներ եօթ օրերու տատանումներ ունին։ Ճաշոցի եւ Տօնացոյցի պատմութեան մէջ գլխաւոր տեղ ունին նաեւ Ս. Գիւտ Արահեզացի (461-478), Ս. Յովհան Մանդակունի (478-490) եւ Ս. Յովհաննէս Օձնեցի (717-728) կաթողիկոսները ։ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը (1166-1173) սահմանել է Հոգեգալստեան համար եօթ՝ իսկ Վերափոխման համար ինն օրեր տօնելու կարգը։ Տօնացոյցի վերջին բարեկարգումը տեղի ունեցել է Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսի ժամանակ (1763-1780) երբ տարեգիրներով մշակել է Ս. Զատկի եւ պահոց ժամանակը տօնակատարութեան կարգը։
Ճաշոցը քանի մը անգամ ենթարկուած է փոփոխութիւնների եւ այլայլումների, որոնք բարեկարգուած են Ս. Յովհաննէս Օձնեցի Կաթողիկոսի կողմից։ Նա վերահաստատել է Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացիի սահմանած ընթերցումները։ Իսկ 12-րդ դարուն Գրիգոր Ս. Վկայասէր Կաթողիկոսի ջանքերով Ճաշոցին մէջ դրուած են տոմարական տօնակարգը եւ սահմանուած են Հայկական տօներ նուիրուած Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին, Սահակ Պարթեւին, Թարգմանչաց, Վարդանանց, Ղեւոնդեանց, Ս. Վահան Գողթնացուն, եւ Հայ Եկեղեցւոյ հայրերին, նահատակներին, վկաներին։
Ճաշոցը ունի երեք ընթերցումների երեք հիմնական բաժին, Հին Կտակարան, Նոր Կտակարան եւ ապա Ս. Աւետարան, կը ընթերցուի այդ կարգով։ Անոնց ընթերցումների ընտրութեան մասին որոշ հաստատ հիմունքներ չկան, բայց հիմնուած են գլխաւորապէս նախնական եկեղեցւոյ աւանդութեան շարքին եւ ապա քրիստոնէական տօներու վրայ։ Ամէն Տէրունի օրուան կամ տօնի համար ընտրուած է բաժին մը, որ պատմականն է կամ կապ ունի օրուան խորհուրդին հետ, անոր համադրուած Հին Կտակարանի մարգարէութիւններէն բաժիններ, Նոր Կտակարանէն առաքելական թուղթեր եւ ապա խորհուրդի թագադրումը Ս. Աւետարանի Աստուծոյ խօսքով։
Յատկանշական է որ Ճաշոցին մէջ ներկայացուած չեն բոլոր Հին Կտակարանի գիրքերը։ Այսպէս՝
1. Ճաշոցին մէջ չկան Դատաւորներու, Հռութի, Ա. Մնացորդացի, Ա. Եզրի, Բ. Եզրի, Տոբիթի, Ա. եւ Գ. Մակաբայեցիներու գիրքերը։
2. Միայն քանի մը համարներ կան Ղեւտացիներու, Թուոց, Բ. Թագաւորաց, Բ. Մնացորդաց, Եսթերի, Յուդիթի, Ս. Մակաբայեցիներու, Ժողովողի, Ողբ Երեմիայի, Ամբակումի եւ Անգէի գիրքերէն։
3. Մասնակի բաժիններ ունին Ծննդոց, Ելից, Բ. Օրինաց, Յեսու, Ա. Գ. Դ. Թագաւորաց, Երգ Երգոց, Իմաստութիւն Սողոմոնի, Յոբի, Երեմիայի, Բարուքի, Եզեկիէլի, Դանիէլի, Ովսէի, Յովէլի, Ամովսի, Միքիէի, Նաւումի, Սոփոնիայի, Զաքարիայի եւ Մաղաքիայի գիրքերէն։
4. Գրեթէ ամբողջութեամբ կան Առակներու, Եսայի գիրքերը։
5. Իսկ Սաղմոսներու, Աբդիու, Յովնանի գիրքերը եւ մարգարէութիւնները ամբողջապէս կ՛ընթերցուին տարուան ընթացքին։
Գալով Նոր Կտակարանին՝ անոր կանոնին մէջ եղած բոլոր գիրքեր կը կարդացուին բացի երկուքէն. Փիլիմոնին ուղղուած թուղթը եւ Յայտնութեան Գիրքը, որ Հայոց կանոնէն ներս մտած է շատ ուշ 1178 թուականին Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի ժամանակին։ Այս ձեւով թէեւ յաջորդող դարերուն ընդօրինակուած աստուածաշունչներուն մէջ տեղ գտաւ Յայտնութեան գիրքը, բայց չկրցաւ մուտք գործել Ճաշոցէն ներս, կարդացուելու համար ի լուր ժողովրդեան, հաւանական բազմազան պատճառներով։
Հայ Եկեղեցւոյ այս կեցուածքը թերեւս արձագանքն է Անտիոքի յոյն հայրերու եւ Եդեսիոյ ասորի հայրապետներու աննպաստ դիրքորոշումին այդ գրքին նկատմամբ եւ անոր հակառակ կեցուածքը Եբրայեցիներուն գրուած նամակին, արեւմուտքէն ներս։ Չորրորդ դարու վերջաւորութեան թարգմանուած ՙբեշիտթան՚ իր կանոնէն դուրս թողուց զայն, ինչպէս նաեւ Բ. Պետրոս, Յուդա, Բ. եւ Գ. Յովհաննէսի նամակները։ Իսկ Ս. Յովհան Ոսկեբերան եւ Թէոտորէտ Յայտնութեան գիրքը անտեսեցին որովհետեւ Ղուկիանոս Աստուածաշունչի թարգման խմբագիրը որ տիրական հեղինակութիւն էր Անտիոքէն Բիւզանդիոն, դուրս թողած էր այդ գիրքը իր կանոնէն։ Յատկանշական է Յայտնութեան գրքին պատմութիւնը, որ նախնական դարերուն ունեցած է մեծ ընդունելութիւն եւ պատմութեան ընթացքին զանազան կողմերէ հետզհետէ մասնակի՝ կամ ամբողջովին մերժուած։
Հայց. Եկեղեցւոյ կողմէ Աստուածաշունչի կանոնի ընդունուած գիրքերու ցանկը կը տեսնենք Պարտաւի ժողովին 768 թուականին։ Իսկ Յայտնութեան գիրքը ընդունուած է մօտաւորապէս 400 տարիներ ետք կամ գիրերու գիւտէն 750 տարիներ ետք։
Ճիշդ է որ պատմական որոշումների բերումներով, Ճաշոցին մէջ չկան Աստուածաշնչի բոլոր գիրքերը, բայց աստուածաշնչային հոգեշինիչ հատուածների կողքին, ունենք նաեւ Եկեղեցւոյ հայրերի կարգ մը ճառերն ու աղօթքները մասնաւոր տօների եւ ծիսական կարգաւորութիւնների մէջ, այս ցանկով։
Ս. Յովհաննէս Վրդ. Պլուզ, խրատ, Աւագ Հինգշաբթի (Ոտնլուայ)
Ս. Ներսէս Լամբրոնացի՝, աղօթք, Հոգեգալուստ
Ս. Եղիշէ Վարդապետ, աղօթք, Այլակերպութիւն
Ս. Ներսէս Շնորհալի,՝ աղօթք. Վերափոխում Ս. Աստուածածնի (խաղողօրհնէք)
Ս. Բարսեղ Կեսարացի,
Ճառ, Աստուածայայտնութեան Տօն (ջրօրհնէք)
Աղօթք, Աւագ Հինգշաբթի, (Կարգ Ապաշխարողաց)
Ճառ, Աւագ Հինգշաբթի, (Վասն Հաղորդութեան)
Աղօթք, Այլակերպութեան տօնին
Ս. Յովհան Ոսկեբերան
Աղօթք, Աւագ Հինգշաբթի (Կարգ ապաշխարողաց)
Աղօթք, Հոգեգալուստ (Առ Հայր, եւ Որդի եւ Ս. Հոգի)
Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացի
Թուղթ առ Կոստանդ Կայսր, վասն երեւման Ս. Նշանին յԵրուսաղէմ
Ս. Եփրեմ Ասորի
Աղօթք, Աւագ Հինգշաբթի (Ոտնլուայ)
Ս. Յակոբ Սրճեցի
Ճառ, Աւագ Ուրբաթ, Վասն Չարչարանացն Քրիստոսի
Օրհնութեամբ` Տեր Սերոբ Քահանա Ազարյան
Անապատի Քահանան +
Օրվա ընթերցվածք.
Post Views: 2,080