Այնպիսի ժամանակներու մէջ կապրինք, ուր հաւատքը շատ տկարացած է, անհաւատարիմ և անարժան պաշտօնեաներուն պատճառաւ, ու գայթակղութիւնները ամէն կողմ տարածուած են, բարոյականութիւնը ընդհանրապէս թուլացած է:
Անհաւատութիւնը այնքան յառաջացած է որ նոյնիսկ կը ծափահարէ երբ եկեղեցական մը կը տկարանայ և փորձութեան մը կ՜ենթարկուի: ժողովուրդը չի մտածեր թէ իր գլխուն անկարգ ու անպիտան, խուլ ու համր եկեղեցական մը ունի, ատիկա Աստուծոյ ահաւոր մէկ պատուհասն է:
Կենցաղ եկեղեցականաց
Խորէն Պատրիարք Աշըքեան