Մեր առաքելութիւնը

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը քարոզել, եւ Իր փրկութեան պատգամը հռչակել ամենուրէք: Այս առաքելութիւնը կ՛իրականացուի պաշտամունքի, կրթութեան, վկայութիւններու, հանդիպումներու եւ Քրիստոսով՝ բարեպաշտ համայնական կեանք մը վարելու միջոցաւ, որն արտայայտուած է հայ ժողովուրդի հաւատքին բնորոշ փորձառութեամբ: Բոլոր անդամները՝ ըլլան հոգեւորական, թէ աշխարհական, կոչուած են կատարելապէս մասնակից դառնալու այս նուիրական առաքելութեանը: