Աղօթքներ – hogevor qarozner hogevor karozner2017 / hogevor qarozner 2017
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ / hokevor karozner

Շնորհակալութի՜ւն քեզի, ո՛վ Աստուած՝ մեր Տէրը, որ քու տեսանեի լոյսովդ ուրախացուցիր մեզ՝ քու բոլոր արարածներդ, իսկ քու պատուիրաններուդ հոգեւոր լոյսովը լուսաւորեցիր քեզի հաւատացողները։ Մե՛զ ալ զօրացուր, Տէ՜ր որպէսզի կարենանք քու պատուիրաններդ պահել այսօր եւ ամէն ատեն, որպէսզի լուսաւորուած միտքով՝միշտ քու կամքդ կատարենք եւ քու պատրաստած բարիքներուդ հասնինք բոլոր սուրբերուդ հետ միասին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ … Մանրամասն
ԱՂՕԹՔ ՑԱՒԻ ՈՒ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ / hogevor qarozner hayeren/ հոգեվոր քարոզներ

Կը քննե՞ս զիս՝ քու մաքրական ու սըրբարար կրակիդ աղտեղախանձ բովին մէջ, եւ սրբութեան առի՞թ կուտաս, որպէսզի մարմնական չարչարանքներու եւ նեղութեանց փորձառութեամբը դադրիմ այլեւս մեղանչելէ. պարգեւէ որ ա՛լ մոռնամ աշխարհային ցանկութիւնները, կեանքիս բոլոր օրերուն քու կամքիդ համաձայն ապրիմ եւ քու բազմատեսակ պարգեւներուդ տնտեսը դառնամ ուրիշներուն համար:
ԱՂՕԹՔ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐՋ / hogevor qarozner hayeren/ հոգեվոր քարոզներ

Բարերա՛ր Աստուած, միայն դո՛ւն ես որ զիս քու բարիքներովդ կ’ողողես: Կ’օրհնաբանեմ քեզ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այն բոլոր բարիքներուն համար՝ որ առատօրէն անարժանիս կը պարգեւես քու սիրոյ գանձերէդ: Կը փառաւորեմ քեզ եւ ամբողջ սրտովս գոհութիւն կը յայտնեմ, միշտ եւ ամէն բանի համար, եւ ամէն բանէ աւելի կը խնդրեմ որ քու արքայութի՛ւնդ, արդարութիւն եւ իմաստութիւն շնորհես … Մանրամասն

