Աշակերտ, ընտրեալ, Առաքեալ, կորստեան որդի:

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ընտրուած է Քրիստոսին աշակերտելու, սակայն քիչերուն է որ Աստուածային շնորհը կընտրէ առաքելութեան, քանի որ բոլոր աշակերտները չեն որոնք ձգտումը ունին առաքեալ ըլլալու, և ոչ ալ բոլոր Ձգտողներուն է որ Աստուած կընտրէ այդ Շնորհը տալու:

Խոզերի՞ն ես տալիս սրբութիւնը, թե՞ արժանաւորին

Այսօրուան Սուրբ խօսքերուդ մէջ փորձեցի քննել ինքզինքս, միևնոյն ժամանակ վախնալով որ այդ եզրակացութեան գամ, թէ ես ալ այդ (շուներէն և խոզերէն) մէկը ըլլամ, որը անարժանաբար, և բախտի բերմամբ ծնած եմ Քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ, ու քեզի որդեգիր դարձած Սուրբ մկրտութեամբ, սակայն գործերով ու կեանքով` անպիտան:

Փորէն վե՞ր թէ վար, ու՞ր է կեդրոնացումդ

Մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ հոգևոր տգիտութեան խաւարն է որ կը տիրէ. ԵՒ երանի թէ միայն այդքանը. Այլ շատ յաճախ անոնք նոյնիսկ հոգևորը լսելու ցանկութիւնն իսկ չունին. Իսկ երբ հոգևորի մասին խօսուի, անոնք մկրտուած քրիստոնեաներ են, ու կը հաւատան Աստուծոյ գոյութեան և վերջ:

«Սա սարքած գործ էր իրենց գլխին»

Որպէսզի հաւատքն ու վստահութիւնը Քրիստոսի անձին նկատմամբ խարսխուի իրենց մէջ: Քրիստոսի ներկայութիւնը թէկուզ և հեռուէն պէտք է բաւարար ըլլայ որպէսզի անոնք չերկմտին ու չվախնան: