Հրաւէրի փոխարէն հրաւէր

Մարդկային մեր յարաբերութիւններու մէջ, հրաւէրները բնական և ակնկալելիք ցանկութիւն մըն է, մանաւանդ մեր ընտանիքի անդամներու, սիրելիներու և բարեկամներուն կողմէ, ու մասնաւորաբար անոնց կողմէ որոնք կարողութիւնը ունին ճոխ սեղաններ բանալու, աւելի զուարճացնելու, և աւելի լաւ կըլլայ նաև եթէ հրաւիրողները ճաշկերոյթէն թուրս, ունենան կարողութիւնը վաճառական պայմանագիրներ կնքելու, կամ ինչ որ այլ հարցով օգտակարութիւններ բերել բարեխօսելով մէկ այլ գործատէրի մը կամ հանրածանօթ պատասխանատուի մը մօտ:

Այլ խօսքով այսօր եթէ անկեղծութեամբ նայինք մեր ստացած կամ կազմակերպած հրաւէրներուն, պիտի գտնենք անոնց մէջ որոշ տեսակի կեղծաւորութիւն մը, կամ շահագրգռում մը, բարոյական կամ նիւթական, որուն պատճառով հանդիպումները դադրած են հաճոյք պատճառելէ, այլ ընդհակառակը, անոնք շատ յաճախ մտահոգութիւն և նեղութիւն կը պատճառեն, քանի լաւապէս գիտակ ենք, թէ պարտինք փոխ հրաւէր մը կազմակերպել կամ ընդունիլ, որը պարտի աւելի ճոխ ու հարուստ ըլլալ, նաև քիչ մը աւելի կեղծաւորութեամբ՝ արժանանալու հրաւիրեալներու գնահատանքին ու յարգանքին:
Այսօրուան աւետարանի մէջ մեր Տէրը կ՛անդրադառնայ այս այժմէական հարցին, անոր տալով տարբեր գոյն մը ու իսկական հաճոյք. հաւանաբար առաջին իսկ հայեացքէն շատեր անհամաձայն ըլլան, ու չափազանցուած գտնեն մեր Տիրոջ այս խօսքերը, սակայն անոնք ճշմարտութիւն են, ու իսկական հաճոյք պատճառող իրողութիւն մը, որուն կողքին երկնային գնահատական մը:
Ան կըսէ.-
«Երբ ճաշ կամ ընթրիք կը սարքես, մի՛ կանչեր բարեկամներդ, ո՛չ ալ եղբայրներդ. ո՛չ ազգականներդ, ո՛չ հարուստ դրացիներդ»:

Այս ի՞նչ խօսք է Տէ՛ր, բայց ինչու՞ չհրաւիրեմ զանոնք:
«Որպէսզի անոնք ալ փոխարէնը չհրաւիրեն քեզ՝ ու հատուցում չըլլայ քեզի»:
Հապա որու՞ հրաւիրեմ Տէ՛ր:
«Հրաւիրէ՛ աղքատները, պակասաւորները, կաղերը եւ կոյրերը»:
Բայց ինչու՞ այսպիսիներուն հրաւիրեմ Տէր:
«Քանի երանելի՛ պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք չեն կրնար փոխարէնը հատուցանել քեզի»:
Հապա որմէ՞ պիտի հատուցուիմ Տէր:
«Արդարներուն յարութիւն առած ատե՛նը փոխարէնը պիտի հատուցանուի քեզի»:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Բացայայտ ճշմարտութիւն է ու մեր Տիրոջ կողմէ հաստատուած իրողութիւն, թէ երկինք գացող հարուստներուն թիւը շա՜տ աւելի քիչ է քան աղքատներուն ու տկարներուն թիւը:
Մենք որպէս քրիստոնեաներ, մեր հաւատքի հիմնական նպատակն ու յոյսն է երկինք երթալ՝ այնտեղ ուր արդարներն են:

Այնտեղ սակաւ պիտի ըլլայ թիւը այն հարուստներուն որոնց հրաւիրեցինք ու փոխ հրաւէր ստացանք. սակայն շա՜տ պիտի ըլլայ թիւը այն տնանկներուն ու աղքատներուն, այրիներուն և որբերուն, որոնց՝ մեր երկրաւոր կեանքի ժամանակ տեսած ու անտեսած ենք կամ արհամարհած, ու որոնք մեղադրանքի հայեացքներով պիտի նային մեզի, քանի որ «Անօթի էին ու չկերակրեցինք, ծարաւ էին ու չխմցուցինք, մերկ էին ու չհագցուցինք»:
Սիրելի ընթերցող:
Արժէ՞ քիչ մը մտածել աղքատներու մասին: