Մէկ հօտ, մէկ հովիւ ու մէկ եկեղեցի

Orvan-avedarane2Այսօրուան աւետարանը նախորդ մեր մեկնաբանութեան շարունակութիւնն է, ուր մեր Տէրը կը խօսէր Իր հօտին ու հովիւներուն մասին. գեղեցիկ եզրափակումով է որ մեր Տէրը այսօր կամբողջացնէ իր պատգամը, մէկ իղձ մը յայտնելով, որուն մասին պարտի մեզմէ իւրաքանչիւրը մտածել, ու Քրիստոսի այդ փափաքը իրականացնել:

Մեր Տէրը որպէս ամենագէտ, Ան շատ լաւ գիտէր որ Օրեր պիտի գան իր համբարձումէն ետք, ուր սուտ մարգարէներ ու սուտ հովիւներ պիտի գան, որոնք Իր հօտը պիտի մոլորեցնեն ու Իր մարմինը պիտի բաժնեն ցաւ պատճառելով Իրեն :
Ինչպէս այսօր, նաև քրիստոնէական սկզբնական շրջաններուն կային սուտ վարդապետներ, որոնք սատանայէն պարտականութիւն ստացած էին բաժնել և մոլորեցնել Քրիստոսի մէկ հօտը:

Այդ մասին քաջատեղեակ էին նաև Քրիստոսի առաքեալները, որոնց զգուշացուցած էր մեր Տէրը, և անոնք նաև իրենց կարգին շարունակեցին մի և նոյն զգուշացումը փոխանցել դարէ դար հասնելով մինչև օրս: Օրինակ Պօղոս առաքեալը կը զգուշացնէ ըսելով.- «Գիտեմ թէ իմ մեկնումէս ետք՝ ձեր մէջ պիտի մտնեն յափշտակող գայլեր, որոնք պիտի չխնայեն հօտին». Գործք 20:29, ու այդ պատճառով է որ մեր Տէրը մանրամասնութեամբ ու բծախնդրութեամբ կը բացատրէր հովիւներու պարտականութիւնները, և կը թելադրէր հօտին արթնութիւն, ճանչնալու իրենց հովիւին ձայնը ու քալելու միայն անոր ետևէն:

Մեր Տիրոջ փափաքն ու իղձն էր որ իրեն յաջորդող քրիստոնեաները ըլլան մէկ հօտ ու մէկ եկեղեցի, առաքելական, ուղղափառ և ընդհանրական առանց որևէ բաժանումի կամ այլ վարդապետութեան:
Վերջին դարերու բաժանումներն ու տարբեր ուսուցումներն ու մոլար վարդապետութիւնները, բնաւ և երբեք վայել չեն քրիստոնէութեան ու անոր Վարդապետի ուսուցման ու պատուիրանին. այլ ուրախութիւն և յաղթութեան նշան են՝ միայն ու միայն չարին ու հաւատքի թշնամիին:
Այսօր մեր եկեղեցին ի վիճակի չէ այս բաժանումները մէկ եկեղեցւոյ ու մէկ ազգի միջև իսկ դարմանելու, և անգամ մը ևս «զանոնք մէկ բակի մէջ բերելու». քանի անոնք յանձնուած են չարին ու «գայլը յափշտակած է զանոնք». սակայն մէկ պարտականութիւն մը ունի կատարելիք՝ այն ինչ որ կընենք մեր պատարագներու ընթացքին, աղօթել անոնց համար որպէսզի իրենց մոլորութենէն ետ դառնան, ու շատ յաճախ կը գտնենք պատասխանները մեր աղօթքներուն:

Քրիստոսի այս փափաքը ե՞րբ կրնայ իրականանալ:
Այս իղձը կրնայ իրականալ միայն այն ժամանակ՝ երբ բոլոր եկեղեցիներն ու բաժնուած յարանուանութիւնները վերադառնան սկզբնական դարերու Մէկ, Առաքելական և ուղղափառ եկեղեցւոյն, որուն մէջ գոյութիւն չունէր ոչ կաթոլիկութիւնը, ոչ բողոքականութիւնը և ոչ ալ օրթոտոքսութիւնը. ու այն ժամանակ է միայն որ մենք մէկ եկեղեցի կրնանք ըլլալ:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Միութիւն կը քարոզուի, ու միութեան համար տիեզերական ժողովներ կը գումարուին նպատակ ունենալով Քրիստոսի եկեղեցին միացնել:
Եկեղեցին չի կրնար միանալ հինգ աստղանի հիւրանոցներու, և ոչ ալ փառահեղ ճաշկերոյթներու կամ հանդիսութիւններու ընթացքին. եկեղեցին կը միանայ միայն այն ժամանակ, երբ բոլորս Քրիստոսի խոնարհութիւնը ունենանք, և Իր մեզի տուած յանձնարարութիւնը կատարենք, «Անոր թուրէն մտնելով» ու Անոր անունով հաւաքուելով, մէկ դի դնելով մեր անձնական շահերն ու փառքերը, և մտածել միայն ու միայն Անոր փառքը ու Իր արիւնով իսկ գնուած եկեղեցւոյ շահերը:

Եկեղեցին կը միանայ միայն այն ժամանակ երբ բոլորս համաձայն ըլլանք վերադառնալ քրիստոնէութեան մեր պատմութեան առաջին հինգ դարերուն, ու ապրինք այնպէս ինչպէս էր եկեղեցին այդ օրերուն՝ ՄԷԿ, ՈՒՂՂԱՓԱՌ և ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ:
Ամէն