Վարդապետ Շահէ, ձեր վերջին խօսքերը կը յիշեցնեն ոչ թէ հովուական խնամք, այլ դատաւորի սպառնալիք։

Վարդապետ Շահէ, ձեր վերջին խօսքերը կը յիշեցնեն ոչ թէ հովուական խնամք, այլ դատաւորի սպառնալիք։ Երբ դուք կը գործածէք բառեր ինչպէս «բանադրանք», «նզովք», «հերձուած», դուք կը մոռնաք, որ այդ բոլոր բառերը ոչ թէ իշխանութեան գործիքներ են, այլ՝ վերջին միջոցներ, երբ սէրը մաշած է։ Իսկ այսօր ձեր գրութեան մէջ սէրը չկայ, միայն սպառնալիք։
Դուք կը խօսիք «նախահերձուածողական պատրաստութեան» մասին։ Բայց արդեօ՞ք դուք ինքներդ չէք նախապատրաստած այն հերձուածը, որուն կը վախցնէք ժողովուրդը։ Երբ հոգեւորականը կը լռէ տեսնելով անիրաւութիւն, երբ վարդապետը կը ծածկէ անառակութիւն եւ կը ծառայէ կուսակցութեան, այլ ոչ թէ Քրիստոսին, այդ ատեն ոչ թէ ժողովուրդը, այլ դուք կը կտրուիք Քրիստոսի Մարմնէն։
Երբ Եկեղեցին կը դառնայ պատուոյ աստիճան, ոչ թէ ապաշխարութեան տուն, այդտեղ սկսած է իսկական հերձուածը։
Ձեր յօդուածը ոչ թէ հովուական զգուշացում է, այլ հոգեւոր շանտաժ։ Դուք կը սպառնաք «բանադրանքով», կարծես բանադրանքը ձեր գրպանին մէջ է։ Բայց եկէք յիշենք՝ բանադրանք չի տալու ո՛չ մարդը, ո՛չ կուսակցութիւնը, այլ Աստուած, որ տեսնում է ոչ թէ հրամանագրերը, այլ՝ սրտերը։ Եւ եթէ Աստուած տեսնէ, որ մարդ մը իր խղճով ու հաւատքով կը պայքարի հանուն ճշմարտութեան, ո՛չ մէկ բանադրանք կրնայ բաժնել զինք Աստուծոյ շնորհէն։
Դուք կը հեգնէք ժողովուրդը՝ «թող կարդան պատմութիւն, որպէսզի չմնան տգէտ»։ Թոյլ տուէք պատասխանեմ։ Մենք պատմութիւնը գիտենք՝ ոչ թէ իշխանական հրամաններով, այլ՝ մեր նահատակներուն արեան գնով։ Մենք գիտենք, որ դարեր շարունակ, երբ Եկեղեցին կը ծախուէր իշխաններուն, Աստուած միշտ կը բարձրացնէր նոր մարգարէներ՝ որոնք կը խօսէին դէմ յայտնի աստուածաբաններուն, որոնք նոյն ձայնով կը սպառնային՝ «պառակտում է», «հերձուած է», «նզովք է»։
Դուք կը վկայէք պատմութիւնը, բայց դուք մոռցած էք՝ որ նոյն պատմութիւնը լի է օրինակներով, ուր եկեղեցական իշխանները բանադրեցին ճշմարտութիւնը։ Աթանաս Մեծը բանադրուեցաւ։ Մաքսիմոս Խոստովանողը բանադրուեցաւ։ Ներսէս Շնորհալին հալածուեցաւ։ Իսկ դուք կը կարծէք, թէ նզովքը ինքնին արդարութեան վկայութիւն է։ Ո՛չ։ Երբ բանադրանքը կ’օգտագործուի իշխանութիւնը պաշտպանելու համար, այլ ոչ թէ հաւատքը՝ այդ նզովքը կը դառնայ կեղծիք։
Դուք կը խօսիք՝ «ազգի ոգին երկատվելու է»։ Բայց ո՞ւր է այդ ոգին, երբ քահանաները կը վաճառուին, երբ եկեղեցականները կը պատկերէն իրենց արարքները իբրեւ ծառայութիւն Աստուծոյ, մինչդեռ ծառայութիւն է անձնական փառքին։ Ա՛յս է այն երկատումը, զոր դուք չեք ուզեր տեսնել։ Ոգին չի՛ կըտրուի, երբ մարդը կը դառնայ մաքուր, այլ կը մեռնի, երբ կը կապեն զայն ստի շղթաներով։
Եւ երբ դուք կը գրէք՝ «աղօթում եմ, որ տգէտ չմնաք», կը մոռնաք, թէ իսկական տգիտութիւնը այն է, երբ մարդը կը կարծէ թէ Աստուած կը խօսի միայն վարչական հրամաններով։ Տգէտ չէ ժողովուրդը, վարդապետ, այլ այն հոգեւորականը, որ խաբուած է իր աթոռին փոշիէն։
Այնուհետեւ, դուք կը գրէք՝ «նրանց դատաստանը մարդկանց դատաստանի նման չէ»։ Ճիշդ է։ Բայց այդ դատաստանը պիտի սկսի նախ այնմէ՜ջ, որուն ձեռքը գործիք դարձուց յաւիտենական ԽՕսքը՝ իշխանական ցուցման համար։
Ձեր գրածը կը հնչէ որպէս դատապարտում այն քահանաներուն, որոնք շարունակ կ՛օրհնեն ժողովուրդը՝ չնայած իրենց դէմ ուղղուած վարչական հրամաններուն։ Բայց դուք չեք գիտեր, թէ այդ քահանաները ապրում են Սուրբ Հոգւոյն ազատութեամբ։ Անոնք չեն բաժնուած Եկեղեցիէն։ Ընդհակառակը՝ Եկեղեցին է, որ հեռացած է իրենցմէ։ Որովհետեւ Եկեղեցի կը դառնայ այն վայրը, ուր կը մատուցուի Սուրբ Պատարագը՝ ոչ թէ այն շէնքը, ուր կը հրապարակուի բանադրանքը։
Եթե դուք իսկապէս վարդապետ էք, ապա յիշեցէք Սուրբ Գրոց ոգին։ Երբ Քրիստոսը տեսաւ տաճարի մէջ առեւտուր ընողները, ան չըսաւ՝ «բանադրանք»։ Ան շուռ տուաւ սեղանները։ Այսօր ալ ժողովուրդը կ՛ուզէ սրբագործում, ոչ թէ սպառնալիք։ Եւ եթէ դուք կը վախցնէք զայն՝ «նզովքով», ուրեմն դուք աւելի կը նմանիք փարիսեցիի, քան՝ հովուի։
Մի՛ մոռնաք, որ ձեր ամեն բառը գրուում է ոչ միայն մամուլին մէջ, այլ՝ երկնքի մատեանին մէջ։ Երբ մէկ օր կանգնէք Քրիստոսի առջեւ, ան չի հարցներ՝ «որքա՞ն հերձուած կանխեցիր», այլ՝ «քանի՞ հոգի փրկեցիր քո սրտով»։
Ձեր գրութիւնը կը շփոթէ կարգապահութիւնը հաւատքի հետ։ Բայց հաւատքը չի՛ պահանջեր վախ, այլ՝ լոյս։ Եւ մենք կ՛ընտրենք լոյսը։
Այդ իսկ պատճառով կը մերժենք ձեր շանտաժը՝ իբր թէ Եկեղեցւոյ միութեան պաշտպանութիւն։ Որովհետեւ միութիւնը առանց ճշմարտութեան՝ գերեզման է, ոչ թէ մարմին։ Իսկ պառակտումը հանուն ճշմարտութեան՝ հաւատքի նոր ծնունդ է։
Այսօր Եկեղեցին պէտք չունի նզովքի, այլ՝ ապաշխարութեան։ Պէտք չունի բանադրանքի, այլ՝ հալած սրտերու բժշկութեան։ Եւ եթէ դուք իսկապէս կը աղօթէք, աղօթեցէք ոչ թէ ժողովուրդին դէմ, այլ՝ իշխանասիրութեան եւ կեղծաւորութեան դէմ, որ մխրճուած է հոգեւորութեան խորքը։
Իսկ մենք կը շարունակենք աղօթել Եկեղեցւոյ իսկական վերածնունդի համար՝ առանց վախի, առանց իշխանական կնիքի։ Քանի որ ճշմարտութիւնը չի կարենար բանադրել։