ՆԻՒԹԻ ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ
Օրվա ընթերցվածք.
Ավետարան ըստ Հովհաննեսի. 7: 25-39
Ի՞ՆՔՆ Է ՄԵՍԻԱՆ
25 Այն ատեն Երուսաղէմացիներէն ոմանք կ՚ըսէին. «Ասիկա ան չէ՞, որ կը փնտռեն սպաննելու համար։ 26 Ահա յայտնի կը խօսի ու բան մը չեն ըսեր անոր. միթէ իշխանները հասկցա՞ն թէ ասիկա ճշմարտապէս Քրիստոսն է։ 27 Սակայն մենք գիտենք թէ ուրկէ՛ է. բայց Քրիստոս երբ գայ, մէ՛կը պիտի չգիտնայ ուրկէ՛ ըլլալը»։ 28 Եւ Յիսուս տաճարին մէջ աղաղակեց՝ սորվեցնելու ատեն. «Զի՛ս ալ կը ճանչնաք եւ ուրկէ՛ ըլլալս ալ գիտէք։ Ես ինքնիրմէս եկած չեմ, հապա ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է, որ դուք չէք ճանչնար։ 29 Բայց ես կը ճանչնամ զանիկա, վասն զի ես անկէ եմ եւ անիկա զիս ղրկեց»։ 30 Ուստի կը մտածէին զինք բռնել, բայց մէ՛կն ալ իրեն ձեռք չզարկաւ, վասն զի իր ժամանակը դեռ հասած չէր։ 31 Ժողովուրդէն շատեր հաւատացին իրեն եւ կ՚ըսէին. «Քրիստոս երբ գայ, ասոնցմէ աւելի նշաննե՞ր պիտի ընէ, որչափ ասիկա կ՚ընէ»։
ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐ ՂՐԿՈՒԵՑԱՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵԼՈՒ
32 Փարիսեցիները լսեցին ժողովուրդին այս շշնջիւնը անոր վրայով։ Անոնք եւ քահանայապետները սպասաւորներ ղրկեցին, որպէս զի զանիկա բռնեն։ 33 Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Քիչ մը ժամանակ ալ ձեզի հետ եմ, ապա պիտի երթամ անոր որ զիս ղրկեց։ 34 Զիս պիտի փնտռէք ու պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ»։ 35 Այն ատեն Հրեաները ըսին իրարու. «Ո՞ւր պիտի երթայ ատիկա, որ մենք զինք պիտի չգտնենք. միթէ հեթանոսներուն մէջ ցիրուցան եղածներո՞ւն պիտի երթայ եւ հեթանոսներո՞ւն պիտի սորվեցնէ։ 36 Ի՞նչ է այն խօսքը որ ըսաւ. ‘Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ’»։
ԿԵՆԴԱՆԻ ՋՈՒՐԻ ԳԵՏԵՐ
37 Տօնին վերջին օրը Յիսուս կայներ էր, կ՚աղաղակէր ու կ՚ըսէր. «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ։ 38 Ան՝ որ ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կ՚ըսէ. ‘Անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին’»։ 39 Այս ըսաւ Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի առնէին, վասն զի Սուրբ Հոգին տրուած չէր տակաւին, քանզի Յիսուս դեռ փառաւորուած չէր։