ՆԻՒԹԻ ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ
Օրվա ընթերցվածք.
Ավետարան ըստ Հովհաննեսի. 6:1- 15
ՅԻՍՈՒՍ ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԸ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ
1 Այս բաներէն ետքը Յիսուս Գալիլիայի՝ այսինքն Տիբերիայի՝ ծովուն անդիի կողմը գնաց։ 2 Անոր ետեւէն շատ ժողովուրդ կ՚երթար, վասն զի կը տեսնէին այն հրաշքները, որոնք հիւանդներուն վրայ կ՚ընէր։ 3 Յիսուս լեռը ելաւ ու հոն նստաւ իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ։ 4 Հրեաներու զատկի տօնը մօտ էր։
5 Յիսուս երբ իր աչքերը վեր վերցուց ու տեսաւ որ շատ ժողովուրդ կու գար իրեն, ըսաւ Փիլիպպոսին. «Ուրկէ՞ հաց ծախու առնենք, որպէս զի ատոնք ուտեն»։ 6 (Այս կ՚ըսէր զանիկա փորձելու համար, քանզի ինք գիտէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր։) 7 Փիլիպպոս պատասխան տուաւ անոր. «Երկու հարիւր դահեկանի հաց չի բաւեր, որպէս զի ամէն մէկը քիչ մը առնէ»։ 8 Իր աշակերտներէն մէկը, Սիմոն Պետրոսին եղբայրը Անդրէաս, ըսաւ իրեն. 9 «Հոս պատանի մը կայ, որ հինգ գարիէ հաց ու երկու ձուկ ունի, բայց անոնք ի՞նչպէս պիտի բաւեն այդչափ մարդոց»։ 10 Յիսուս ըսաւ. «Նստեցուցէ՛ք այդ մարդիկը»։ Հոն շատ խոտ կար։ Մարդիկը նստան՝ թուով հինգ հազարի չափ։ 11 Յիսուս հացերը առաւ ու գոհացաւ եւ աշակերտներուն բաժնեց, աշակերտներն ալ՝ նստողներուն։ Նոյնպէս ալ ձուկերէն՝ որչափ որ ուզեցին։ 12 Երբ կշտացան, ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ժողվեցէ՛ք աւելցած կտորուանքները, որպէս զի բան մը չկորսուի»։ 13 Ուստի ժողվեցին եւ տասներկու կողով լեցուցին այն հինգ գարիէ հացերէն մնացած կտորուանքները, որոնք ուտողներէն աւելցան։ 14 Իսկ մարդիկը, երբ Յիսուսին ըրած հրաշքը տեսան, ըսին. «Ասիկա է ճշմարտապէս այն մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար»։ 15 Յիսուս գիտնալով թէ պիտի գան զինք յափշտակեն, որպէս զի զինք թագաւոր ընեն, նորէն մինակը լեռը գնաց։