ՆԻՒԹԻ ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ
Հոգևոր քարոզներ 2019
Օրվա ընթերցվածք.
Յովհաննու 15:18 «Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց։ 19 Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց որովհետեւ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի, անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ։ 20 Մտքերնիդ բերէք այն խօսքը, որ ձեզի ըսի թէ՝ ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ’։ Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն։ Եթէ իմ խօսքս պահեցին, ձե՛րն ալ պիտի պահեն։ 21 Բայց այս ամէն բաները պիտի ընեն ձեզի՝ իմ անուանս համար, վասն զի չճանչցան զանիկա որ զիս ղրկեց։ 22 Եթէ ես եկած եւ անոնց խօսած չըլլայի, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա իրենց մեղքին պատճառանք մը չունին։ 23 Ան որ զիս կ’ատէ, իմ Հայրս ալ կ’ատէ։ 24 Եթէ այն գործերը իրենց մէջ ըրած չըլլայի, որոնք ուրիշ մէկը չէ ըրած, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա տեսան ու ատեցին զիս ալ, իմ Հայրս ալ։ 25 Սակայն այս եղաւ որպէս զի կատարուի այն խօսքը, որ իրենց օրէնքին մէջ գրուած է, թէ՝ ‘Զուր տեղը զիս ատեցին’։ 26 Բայց երբ Մխիթարիչը գայ, որ ես Հօրմէն ձեզի պիտի ղրկեմ, ճշմարտութեան Հոգին՝ որ Հօրմէն կ’ելլէ, անիկա ինծի համար պիտի վկայէ։ 27 Եւ դուք ալ կը վկայէք, վասն զի սկիզբէն ի վեր ինծի հետ էք»։