3 բանալիներ՝ աղօթքը ընդունելի դարձնող

Ողջոյն ձեզ սիրելի ունկնդիր և ընթերցող:

Աշխարհիս մէջ նիւթական և բարոյական բոլոր ոլորտներուն մէջ, որևէ հարց մը լուծելու համար, բանալիներու կարիքն ունինք. Առանց բանալիներու անհնարին է բոլոր դռները կարենալ բանալ: Կարող ես և բանալ կարգ մը դռներ առանց բանալիի, սակայն դա մեծ ճիգ ու ժամանակ պիտի արժէ:
Նոյնպէս և երաժշտութիւնը ունի բանալիներ. եթէ այդ բանալիները չիմանաս, փորձես երգել և կամ նուագել, անախորժելի ձայներ պիտի դուրս գան:
Նաև կարգ մը հարցեր լուծելու չունենալով բանալիներ, կը փորձենք զանոնք փնտռել ուրիշներու մօտ:

Կրնայ զարմանալի թուայ որոշ մարդոց իմ այս նախաբանս, ըսելով թէ այս բոլորը ի՞նչ կապ ունի հոգևոր այս թեմային հետ, սակայն հաւատացէք, որ միևնոյնն է նաև հոգևոր կեանքին մէջ:

Շատ յաճախ մարդիկ մեզ կը դիմեն այս նուրբ հարցով ըսելու-, ( Ինչքա՜ն կաղօթեմ Աստուած չի ընդառաջեր». ԵՒ կամ «որոշ հարցերու լուծումը տուաւ Աստուած, սակայն այլ կարևորագոյնին չանդրադարձաւ»: Այսպիսի հարցերու շարանը կարելի է երկարել:

Աղօթքը ունի նաև իր բանալիները. Բաւարար չէ ժամերով ծունկի գալ երկրպագել, նոյնիսկ արցունք թափել, աղօթքիդ պատասխան գտնելու, եթէ այդ բանալիները չունիս երկնքի դռները բանալու համար:
Երկինքը նաև դռներ ունի. ԵՒ անոնք բաց են միայն այն մարդոց համար՝ որոնք այնտեղի բնակիչներէն են:

Եկէք միասնաբար ծանօթանանք այդ բանալիներուն, որպէսզի գիտնանք թէ ինչպէ՞ս կարելի է երկնքի դռները բանալ:

Այսօրուան Աւետարանի մէջ Մարկոս 11ի մէջ, Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս այդ բանալիները ձրիաբար կուտայ մեզի. Երբ կանցնի Իր առաքեալներու հետ միասին չորցած թզենիին քովէն, Պետրոսը կը յիշէ այդ թզենին թէ ինչպէ՞ս Տէրը չորցուց զայն անպտուղ ըլլալուն պատճառով. Մեր Տէրը նայելով Պետրոսին, ու գտնելով անոր աչքերուն մէջ զարմանք ու հրապուրականութիւն, թէ ինչպէս այդ թզենին արմատներէն իսկ չորցած էր, Պետրոսին կըսէ -,

«Քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ով որ այս լերան ըսէ՝ «Ելի՛ր ու ծովը ինկի՛ր» եւ իր սրտին մէջ չերկմտի, հապա հաւատայ թէ ի՛նչ որ ըսէ՝ կ’ըլլայ, պիտի ըլլայ անոր ինչ որ ըսէ»’։

Այսինքն այս թզենին չորցնելը ոչինչ բան է. Ուրիշ տեղ ալ մեր Տէրը կըսէ առաքեալներուն թէ « աւելի մեծ հրաշքներ կրնաք գործել»:

Տէր, մենք հրաշքներ գործել չենք ուզեր, մեզի բաւարար է որ դուն լսես մեր խնդրանքներ ու աղաչանքները, և ընդառաջես անոնց: «ոչ, ես չեմ ուզեր բաւարարուիք այդքանով, քանի պահանջուած հաւատքը այն է, որ մանանեխի հատիկին նմանի, և օր ըստ օրի աճի ու մեծնայ» պիտի ըսէ Տէրը մեզի:

«Իսկ եթէ այդ հաւատքի բանալիները կը փնտռէք, ես սիրով կը տրամադրեմ ձեզի»:
1 – Հաւատալ
2- Չերկմտիլ
3 – Ներել

Բնական է, որ այն մարդը որը կը պատրաստուի աղօթել, որոշ չափով հաւատք ունի, և այդ պատճառով է, որ նա կաղօթէ. Սակայն այդ հաւատքը շատ յաճախ բաւարար չէ, և կամ խառնուած է թերահաւատութեամբ և անվստահութեամբ:

Հաւատքին զուգահեռ կարևոր է վստահութիւնը. Այսինքն խնդրել, աղօթել վստահ ըլլալով, որ Աստուած անպայման կը լսէ իմ աղօթքս և պիտի ընդառաջէ:

Եթէ երկու աղօթողներու միջև փորձենք բաղդատական մը ընել, և գտնենք մէկը միւսէն աւելի խաղաղ դուրս եկաւ, կիմանանք որ վերջինը, հակառակ որ անմիջական ընդառաջում չգտաւ իր աղօթքին, սակայն խաղաղ դուրս եկաւ. ԵՒ գիտէք պատճառը ի՞նչ է, քանի այս մէկը ամբողջական վստահութեամբ աղօթեց, ու հարցը դնելով Աստուծոյ առջև վստահ է Աստուծոյ նախախնամութեան, թէ Նա պիտի տնօրինէ ամէն ինչը ըստ Իր կամքին:
Իսկ առաջինը հակառակ որ միևնոյն ջերմեռանդութեամբ ու հաւատքով աղօթեց, սակայն խաղաղութիւն չի տիրեր իր ներսիդին, քանի որ վստահութեան պակաս ունի. Թէ արդեօ՞ք վստահելի ձեռքերու մէջ են իր խնդրանքները. ԵՒ կամ արդեօ՞ք Աստուած պիտի տնօրինե հարցերը ըստ իր կամքին:
Ահա այս է առաջին բանալին. Աղօթք խառնուած ամբողջական վստահութեամբ. Կրկնեմ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ. Եթէ մէկ տոկոս իսկ կասկած ունենաս ապահոված չես ըլլար խնդրածներուդ ընդառաջումը:

Երկու տարբեր տեսակի խնդրանքներ կան, որոնք կը ներկայացնենք շատ յաճախ մեր աղօթքներուն մէջ, և որոնց համար պարտինք տարբերութիւնները իմանալով, սպասել անոնց անմիջական լուծման, և կամ երկարատև սպասողականութեամբ:
Հոգևոր և նիւթական, երկնային և երկրային խնդրանքներ. Եթէ խնդրանքները մեր աղօթքներուն մէջ հոգևոր բնոյթ կը կրեն, անոնք անմիջապէս պիտի լսուին և անմիջական պատասխան ստանան. (յիշենք պահ մը վերոյիշեալ առաջին աղօթողի խաղաղութիւնը). Իսկ եթէ նիւթական են մեր խնդրանքները, կրնան անմիջական և կամ երկարատև լուծումներու կարիքն ունենան, քանի որ մենք չենք գիտեր թէ արդեօ՞ք մեր խնդրածը մեր բարիքի՞ն համար են թէ չարիքին:

Երկնայինով նկատի ունինք մեր և ուրիշներու փրկութիւնը, ապաշխարութիւնը, արթնութիւնը, աղօթքի հոգին և այլն:
Երկրայինով նկատի ունինք մեր բոլոր նիւթական և բարոյական խնդիրները, ինչպէս դրամ, հարստութիւն, Լոդերի շահել, առողջութիւն, գործ և այլն:

Բարոյական խնդրանքներուն մէջ կը մտնեն նաև փորձութիւնները, որոնք շատ յաճախ մեզ կը նեղեն և յուսահատութեան կը մատնեն: Փորձութեանց համար աղօթելը կարևոր է, սակայն աւելի կարևորը այն է որ աղօթելը ըլլայ փորձութեանց մէջ իյնալէ առաջ. ԵՒ այս է, ինչին մեր Տէրը մեր ուշադրութեան յանձնեց Տէրունական աղօթքին մէջ: Ոչինչ. Եթէ պահ մը թուլացանք և թոյլ տուինք չարին, որ մեզ փորձէ դիմենք Աստուծոյ և նա կազատէ մեզ անմիջապէս. Իսկ եթէ Աստուած է, որ թոյլ տուաւ որ իյնանք փորձութիւններու մէջ, այդ կրնայ երկարատև ըլլալ ըստ իր նախախնամութեան: Շատ յաճախ Աստուած կուզէ որ մենք փորձութեան մէջ աւելի ևս զօրանանք մեր հաւատքին մէջ:

Ուրեմն առաջին բանալին հաւատքն է, երկրորդը վստահութիւնը, իսկ երրորդ ու կարևորագոյնը, որուն շատ յաճախ կը մոռնանք անդրադառնալ, և կամ ինքնախաբէութեամբ կը փորձենք մոռացութեան տալ, ներելն է:

Ներելու այս պատուիրանի բանալին կը գտնենք զանազան առիթներով. Մասնաւորաբար Տէրունական աղօթքին մէջ:
Շատ յաճախ կանտեսենք այս պատուիրանը. Պատուիրան անտեսելը և առաւել ևս չկատարելը ինքնին մեղք է. Սա նաև պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ և է, որ մեր աղօթքները երկինք չեն հասնիր: Հաւատքով ու վստահութեամբ կը բանանք երկնքի դռները, սակայն ներման այս պատուիրանը անտեսելով և կամ զանց ընելով, մեր աղօթքները սաւառնելու ուժ չեն ունենար այդ դռները հասնելու և ներս մտնելու:

Ինչ երեսով կրնամ Աստուծոյ առջև կանգնիլ ու ներում խնդրել, երբ ես մարդոց նուազագոյն իս յանցանքը չեմ կրնար ներել:

Ինչպէ՞ս ներել, կարելի՞ բան է, այո, ամէն ինչ կարելի է Քրիստոսով, երբ խնդրենք Իր օգնութիւնը այս առաքինութիւնը մեր մէջ զօրացնել «առանց Ինծի բան մը չէք կրնար » կըսէ Տէրը. ԵՒ առաքեալը Պօղոս կըսէ «Ամէն ինչ կրնամ Քրիստոս Յիսուսով»:

Չմոռնանք մէկ այլ կարևոր կէտ մը, որ անմիջական առնչութիւն ունի ներման պատուիրան բանալիին հետ, աղօթել մեզ նեղողներուն, ատողներուն, հալածողներուն ու պարտականներուն համար:

«Պէտք է նմանինք արմաւենիի ծառին, որուն քարկոծելով է, որ կը թափէ արմաւներ զինք քարկոծողներուն վրայ» կըսէ մեր հայրերէն մէկը:

Տէր, փառք քեզի, որ ոչ մէկ բաց չթողուցիր որուն մասին չխօսեցար:
Տէր ինչքա՜ն շնորհակալ ու երախտապարտ ենք Քեզի, որ հակառակ նեղ ճամփան մեզ ցոյց տալուդ, նաև այդ ճամբէն հեզասահ ընդանալու բանալիները տուիր մեզի:
Այսօրուան աւետարանիդ ընթերցումէն ետք, ալ ինչպէ՞ս կրնամ կասկածիլ մէկ նշոյլ իսկ, որ աղօթքներուս անլսելի ըլլալը, Քու փակ ականջներդ չեն, այլ իմ կարծրացած սիրտն է:
Խորհուրդ խորին ես Դուն Տէր, բայց անով հանդերձ յայտնեցիր Խորհուրդներդ ինծի պէս անպիտանի մը:
Փա՜ռք Քեզ այժմ, և յաւիտեանս յաւիտենից ամէն: