Քիչե՞ր են անոնք որ պիտի փրկուին


Այժմէական մէկ հարց մը, որուն մասին պիտի չուզեմ ըսել թէ շատերուն կը հետաքրքրէ այնպէս, ինչպէս նախորդ դարերուն եղած է:
Ըսեմ ինչու. Քանի որ բոլորս ալ կը նկատենք, թէ հաւատքը սկսած է պաղիլ և անհետանալ շատերու հոգիներու մէջէն. Սա զարմանալի երևոյթ չէ. Քանի Մեր Տէրը զանազան առիթներով մեզ զգուշացուցած է այս մասին, ու նոյնիսկ կասկածած թէ` «Արդեօ՞ք երբ Մարդու Որդին գայ աշխարհի վրայ հաւատք պիտի գտնէ՞». Բայց անով հանդերձ այս հարցը կը մնայ այժմէական գոնէ քիչերու մօտ, որոնց միտքը կը զբաղեցնէ Տիրոջ գալուստը, որպէսզի Անոր հետ ըլլան յաւիտեան ինչպէս Պօղոս առաքեալը կըսէ:

Այս հարցը այնքանով հետաքրքիր է որ, գտնուեցաւ մարդ մը Քրիստոսի քարոզութիւններու և շրջապտոյտներու ժամանակ, և բարեբախտաբար, որ մեր բոլորին շրթներով այս հարցը ուղղեց Քրիստոսին՛ և այս հարցին պատասխանը ստացանք Քրիստոսի Սուրբ բերանէն:

Այսօրուան աւետարանիչը Ղուկաս, հետևեալը կը պատմէ մեզի-,
Յիսուս քաղաքները ու գիւղերը պտըտելով՝ կը սորվեցնէր։ Երբ դէպի Երուսաղէմ ճամբայ ելաւ, Մէկը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, քիչւոր՞ր են անոնք որ պիտի փրկուին»։ Ղուկաս 13:22

Առաջին կէտը որուն կուզեմ անդրադառնալ, թէ ինչու՞ այս մարդը այս հարցը ուղղեց. Յստակ պատասխաններ չկան գրուած սակայն պիտի փորձենք մի քանի ենթադրութիւններ ընել:

1- կրնայ այս մարդը որպէս մոլեռանդ հրեայ այս հարցը ուղղած ըլլայ Քրիստոսին: Ինչպէս ծանօթ է մեզի, ըստ հրեաներու մտայնութեան ու հաւատքին միայն հրեաները պիտի երթան երկինք, քանի անոնք են Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը. ԵՒ քանի որ Քրիստոս քաղաքէ քաղաք կը շրջէր ու բոլորին անխտիր կը քարոզէր, հարցը ուղղող մարդուն մօտ հետաքրքրութիւն ու նախանձ արթնցաւ մտածելով, թէ ինչու՞ այս մարդոց կը քարոզուի երկնքի արքայութեան մասին, հաստատ գիտակցելով որ միայն հրեաներն են որոնք պիտի մտնեն:

Այլ խօսքով կրնայ այդ մարդը քաղաքավար ձևով ըսած ըլլալ թէ ասոնք ո՞վ են, և ինչ կարիք կայ անոնց այդ մասին խօսիս: Քաղաքավար քննադատութիւն մը:

Աւելցնեմ որ Փարիսեցիները որպէս Հրեայ, աւելի հեռուներ կերթային այս հարցով ըսելով թէ բոլոր Հրեաները չեն որ երկնքի Արքայութիւնը պիտի մտնեն այլ միայն փարիսեցիները:

2- Քրիստոսի քարոզչութիւնները լսելով առաջին համարներուն մէջ թթխմորի և այլ առակներու մասին, կրնայ ենթական ենթադրութիւններ ըրած ըլլար, թէ միայն Քրիստոսի հետևորդներն ու մի քանի առաքեալներն են միայն երկինք մտնողները:

3- Երրորդ և կարևորագոյն մեր ենթադրութիւնը այս հարցին այն է որ, կրնան գտնուիլ շատ մարդիկ որոնք տակաւին լսած չեն ու տեղեակ ալ չեն Քրիստոսի մասին (այդ ժամանակ և այսօր), անոնք պիտի չփրկուի՞ն:

Ինչ ալ ըլլան դրդապատճառները այս հարցին, սակայն այս հարցը յաւիտենական պիտի զբաղեցնէ մարդոց միտքերը մինչև Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը:
Քրիստոսի ու ճշմարիտ քրիստոնեայի ցանկութիւնն է ինչպէս առաքեալը կըսէ «Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»: Ա. Տիմոթէոս 2

Պատասխանը:

Մեր Տէրը ըստ հարցումին չպատասխանեց, և ոչ ալ հարցնողին ուղղեց պատասխանը. Ոչ ըսաւ շատ և ոչ ալ ըսաւ քիչ. Նա անմիջապէս խօսեցաւ երկնքի արքայութիւնը տանող ճանապարհի մասին ըսելով .-
«Ջանք ըրէք որ նեղ դռնէն մտնէք, քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատեր մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան։

Այս հարցումը կը նմանի որևէ աշակերտի մը հարցումին ուղղուած իր ուսուցչին. Թէ արդեօ՞ք քիչերն են որոնք պիտի հաջողին աւարտական քննութիւններուն մէջ: Պատասխանը պիտի ըլլայ թէ, եթէ լաւ ջանք կատարած ես սորուելու, ապա պիտի հաջողիս. Թէ չէ ձախողած ես արդէն:

Քրիստոնեաներուս համար փրկուողներու քանակը չէ կարևոր ու անհրաժեշտ. Այլ փրկութեան ճանապարհը գիտնալն է, քանզի միայն այդ ճանապարհն է որ կրնայ մեզ դէպի փրկութիւն առաջնորդել:

Մեր Տիրոջ պատասխանը քիչ մը փիլիսոփայական էր հարցումի մը, թէ ո՞վ պիտի մտնէ երկինք ու ով ոչ:
Այսօր նաև սիրելիներ կարծէք թէ այս հարցը մօդա եղած ըլլայ (նորոյթ), բայց ոչ թէ հարցումի ձևով այլ պարտադրանքի իրականութեան ոճով.-
Միայն մենք պիտի մտնենք երկնքի արքայութիւնը, մենք ենք ընտրեալները, և յայտնութեան գիրքէն մէջբերումներ կատարելով ոմանք (Եհովայի վկաները) կը սահմանափակեն փրկուածներուն թիւը 144000 հազարով որոնք միայն Եհովայի վկաներու հետևորդները պիտի ըլլան:
Ոմանք նաև, իրենց անհաւատութիւնը պատճառաբանելու համար, այս հարցը յեղաշրջելով տարբեր ձևով կուղղեն մեզի այս հարցը.- «Ի՞նչ պիտի պատահի անհաւատներուն, Իսլամներուն, Հնդիկներուն, Չինացիներուն» և այլն:

Այս բոլոր տեսակի հարցումները չեն էականը. Այլ կարևորագոյն հարցը այն է, թէ ի՞նչ կարելի է ընել բոլոր մարդկութիւնը դէպի երկինք առաջնորդելու:

Եթէ բոլորս համաձայն ու միաձայն ենք, որ միակ փրկութեան ճանապարհը Քրիստոս Ինքն է, ինչպէ՞ս հասանելի դարձնել զԱյն մարդկութեանը, այս պիտի ըլլայ մեր հիմնական հարցը:

Քրիստոսի պատասխանը ընդհանուրին էր, և ոչ թէ հարցնող մարդուն. Ըսելով .- «Ջանք ըրէք որ նեղ դռնէն մտնէք, քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատեր մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան։

Այս համարին մէջ կարևոր յայտարարութիւն մըն է որ կընէ մեր Տէրը Քրիստոս .- «շատեր մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան»։

Ովքեր են անոնք
Շատեր ցանկութիւնը ունին մտնելու երկինք սակայն ջանք չեն ընէր:
Շատերուն հաճելի է Աստուծոյ խօսքը լսել և ոչ հաճելի գործադրել:

Չեն կրնար ինչու՞ քանի ճանապարհը նեղ է, և ցանկութիւնն ու տրամադրութիւնը չունին ինքզինքին յոգնեցնելու. ԵՒ ճիշտ այս պատճառով է որ մեր Տէրը այս համարին մէջ կը պատուիրէ Ջանալ, ջանացէք, ջանք ըրէք:

Այս է քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքը. Թէ Քրիստոս մարմնացաւ մեզ համար, խաչուեցաւ մեր մեղքերուն համար ու երկինք համբառցաւ մեզի համար օթևաններ պատրաստելու. Եթէ միայն այս խօսքերուն վստահինք ու ջանք չթափենք, չենք մտներ երկնքի արքայութիւնը:
Մեզմէ պահանջուած է հոգևոր պայքար մղել այս աշխարհի մէջ, ու ջանալ մտնել այդ նեղ դռնէն:

Նեղ դուռի մասին ուրիշ առիթով պիտի փորձեմ լայնածաւալ բացատրել: Այսքանով բաւարարուինք

Տէր Շնորհակալ ենք Քեզմէ որ այսօրուան խօսքիդ մէջ այս գեղեցիկ պատուիրանը, և երկնքի արքայութեան բանալին հանդիսացող «Ջանացէք» բանալին տալու համար:
Տէր ցանկութիւնը ունինք սակայն կամքն է, որ կը պակսի մեզմէ. Կը խնդրենք Տէր, տուր մեզի այդ կամքի ուժը, որպէսզի յիմար կոյսերուն պէս դուրսը չմնանք երբ գաս ընտրեալներդ Քեզ հետ տանելու Ամէն:

Արմէն քահանայ Մելքոնեան
30.09.2019