Փորէն վե՞ր թէ վար, ու՞ր է կեդրոնացումդ

Յանուն Հօր և Որդւոյ և Հոգւոյն Սրբոյ Ամեն

Ողջոյն Ձեզ սիրելի ընթերցող ունկնդիր 

Չեմ գիտեր թէ ինչու՞, երբ կարդացի այսօրուան աւետարանը, ուղղակի յիշեցի արաբական այս առակը, և ուզեցի զայն օգտագործեմ օրուան աւետարանական մեկնութեան որպէս վերնագիր:

Հաւանաբար օրուան աւետարանի ընթերցողները զարմանան, թէ ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ այս վերնագիրը օրուան աւետարանի հետ. Նախ եկէք հասկնանք առակս այս ի՞նչ ուսուցանէ:

  Արաբ ժողովուրդի մասին է այս խօսքը. ԵՒ անձնապէս համամիտ եմ. Այս խօսքը 99 տոկոս ճիշտ գործածուած է, և այս կրնանք տեսնել ոչ թէ միայն իրենց առօրեայ կենցաղին ու ապրելակերպին մէջ, այլ նոյնիսկ իրենց կրօնին մէջ:

Ամենամեծ ուշադրութեան կենտրոն դարձած է այս խօսքը:

Իսլամ կրօնը ուսումնասիրողները, որոնց հերթին նաև ես տկարս, պիտի գտնեն որ բացի հոգևոր թեմաներէ, ամէն ինչի անդրադարձած է այս մարդկային (ոչ Աստուածային) կրօնը:

Այս կրօնի կենտրոնը կը հանդիսանան այն ամէն կարգ ու կանոնները որոնք անմիջական կապ ունին փորին ու անկէ վար գտնուող բոլոր օրկաններուն հետ:

  Օրինակ սկսած բազմակնութենէ, մինչև սեռային յարաբերութիւններու մանրամասնութիւններէ, հասնելով մինչև մարդկային, բորային ու սեռային կարիքները յագեցնող մանրամասներու. Նոյնիսկ այնպիսի յիմար մանրամասներու որոնց մասին կամչնանք խօսիլ այստեղ. Օրինակ, Որ՞մէկ ոտքով մտնել զուգարան. Աջ, թէ ձախ. Ինչպէ՞ս մաքրուել և այլն և այլն:

Իսկապէս որ իրաւացի է իրենց մասին այս առակը, և այդ պատճառով է, որ անոնք տգիտութեան մէջ կապրին, քանի որ իրենց կրոնը սահմանափակած է իրենց ուշադրութիւնը միայն այդ անկարևոր հարցերուն մէջ:

Ինչու այս նախաբանը, և ի՞նչ կապ ունի մեր այսօրուան թեմային հետ:

Պատասխանը կը գտնենք Սադուկեցիներու Քրիստոսին յղած հարցին մէջ.- 

«Եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ եւ զաւակ չունեցաւ։ 21 Երկրորդը առաւ զանիկա ու մեռաւ։ Ան ալ զաւակ չունեցաւ. նոյնպէս ալ երրորդը։ 22 Ու եօթն ալ զանիկա առին եւ զաւակ չունեցան. ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ 23 Ուրեմն յարութեան ատեն, երբ յարութիւն առնեն, անոնցմէ որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի եօթն ալ զանիկա կին ունեցան»։ 

Ահաւասիկ սահմանափակ միևնոյն մտածելակերպ, որը կը գերադասէ մարմնաւորը հոգևորէն:

Որոշ չափով հասկնալի է անոնց հարցը:

1- իրենց պատմածը կատարուած իրականութիւն մը չէր, այլ պարզապէս կը փորձէին Քրիստոսի ուսուցումներուն մէջ սխալ մը գտնել զայն ամբաստանելու և կամ դատապարտելու:

2- Անոնք մեռելներու յարութեան չէին հաւատար, և սա էր հիմնական խնդիրը իրենց ու Հրեաներուն միչև, և որոշ դիւանագիտութեամբ, ուզեցին Քրիստոսէն պատասխան մը քաղել, հաստատելու Դպիրներու և փարիսեցիներու մոլորուածութիւնը: 

Անշուշտ թէ մեր Տիրոջ պատասխանը չբաւարարեցուց զիրենք, Ան ըսաւ.- 

Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Ատոր համար չէ՞ որ մոլորած էք, որ ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը։ 25 Քանզի երբ մեռելներէն յարութիւն առնեն, ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի հրեշտակներուն պէս կ’ըլլան։ 

  Քրիստոս զանոնք կը կոչէ մոլորուածներ, ինչու՞, քանի որ  «ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը»:

   Գրքերը գիտնալը կարևոր պայման է ճշմարիտ հաւատացեալի մը համար. Թէ չէ այնպիսին ոչ թէ միայն հաւատացեալ կոչուելու իրաւունք չունի, այլեւ աւելի վտանգաւորը այն է, թէ նա շուտ կամ ուշ մոլորութեան ճամբով պիտի ընթանայ, հետևելով որոշ մարդոց սխալ ուսմունքներուն, ծիսապաշտութիւններուն և այլն:

Այսօրուան մեր իրականութիւնը շատ հեռու չէ վերոյիշեալ օրինակներէ. Համարձակիմ ըսել, որ աւելի վատ իրավիճակի մէջ:

Մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ հոգևոր տգիտութեան խաւարն է որ կը տիրէ. ԵՒ երանի թէ միայն այդքանը. Այլ շատ յաճախ անոնք նոյնիսկ հոգևորը լսելու ցանկութիւնն իսկ չունին. Իսկ երբ հոգևորի մասին խօսուի, անոնք մկրտուած քրիստոնեաներ են, ու կը հաւատան Աստուծոյ գոյութեան և վերջ:

   Այնպիսիներ.-

Փրկութիւն չունին և վերջ
Աստուած ճանչցած չեն և վերջ
Քրիստոնեաներ չեն և վերջ
Ինքնախաբէութեան մէջ են. Աստուած կարելի չէ խաբել և վերջ
Քրիստոսի խաչելութիւնը իրենց մեղքի համար չեն գնահատեր և վերջ

Մեր ներկայ իրավիճակին, միակ խօսքերը որ կրնան հոգևոր արթնութեան պատճառ ըլլալ Քրիստոսի այս խօսքերն են-, Մեր ու մեր զաւակներուն այսօրուան մոլորուած կեանքի ու ապրելակերպի միակ պատճառը «Աստուծմէ հեռու ըլլալն է, ու մեր տգիտութիւնը Աւետարանի խօսքերուն և ուսուցումներուն»:

  Շատ յաճախ ծնողներ ինծի կը դիմեն բողոքելով իրենց զաւակներու անառակ կեանքի մասին, բայց մոռնալով որ իրենց տգիտութիւնն է պատճառը. Տգիտութիւն Սուրբ գիրքերու խօսքերուն ու պատուիրաններուն, որոնցմով եթէ սնուցանէի իրենց զաւակները փոքր տարիքին, թէկուզ և անոնք մոլորուէին ծնողները գոնէ մէկ շահ պիտի ունենային, որ իրենց զաւակներուն արիւնը իրենցմէ պիտի չպահանջուի, և ոչ ալ անոնց մեղքերուն համար պիտի դատապարտուէին:

  Ժամանակները փոխուած են, սակայն մեր դաստիարակութիւնը որ ստացանք մեր ծնողներէն, միթէ՞ փոխուած է մեր մէջ: Ժամանակները մեզի համար չեն կրնար փոխուիլ. Քանի որ մենք ապրած ու դաստիարակուած ենք տարբեր ժամանակի մը մէջ:

Հապա ի՞նչն է հիմա պատահածը գիտէ՞ք. Մեր զաւակներն են մեզ դաստիարակողները, և մենք այդքանէն լաւատեղեակ ըլլալով հանդերձ անոնց պրաւոներ կու տանք, ու կուռքերու տեղ դնելով կը պաշտենք:

Աղօթենք միասին

  Խորհուրդները գիտցող ո՜վ երկնաւոր Հայր, իմ հոգևոր մթագնած էութեանս շնորհէ լուսաւոր խորհուրդներ, որպէսզի կարենամ իմ վրայէս թօթափել տգիտութեան թանձրացած խաւարը:

Ինչքա՜ն ալ ես մարդոց առջև ձևանամ ու հպարտանամ իմ գիտութիւններով, ըլլան անոնք աշխարհիկ թէ հոգևոր, սակայն երբ Աստուածային իմաստութեանդ առջև ծունկի գամ, կը հասկնամ որ ես արարածներուդ ամենա յետամնացն ու տգէտն եմ. Քանի ստացայ Աստուածութեանդ լոյսը մկրտութեամբ, սակայն ես կամա թէ ակամայ, գիտութեամբ և կամ անգիտութեամբ, թաղեցի այդ լոյսը հողին տակ, քանի դա կը լուսաւորէր հոգիս, ու կը բացայայտէր իմ ամօթներս. Ու ես անզօր կը մնայի ինքս փոխելու, մոռնալով որ Քեզմով ամէն ինչ կարելի էր ինծի համար:

Բարերար ու բազումողորմ Աստուած ջնջէ իմ անթիւ յանցանքներուս ցանկը, և օգնէ հետ այսու չդառնամ այդ տգիտութեան տիղմին, որպէսզի լուսաւորուիմ ու լուսաւորեմ, ճանչնամ ու ճանչնալ տամ շրջապատիս, թէ այս կեանքը ու անոր մէջի բոլոր ցանկութիւններն ու իմաստութիւնները պիտի անցնին. Մէկ բան կը մնայ մեզի այս կեանքի աւարտին, որ մենք լուսաւորուած երեսով ու առանց ամօթի կանգնինք քու ատեանիդ առջև  Ամէն

Արմէն քահանայ Մելքոնեան 11.10.2019