Յանուն Հոր և Որդւոյ և Հոգւոյն Սրբոյ Ամեն
Ողջոյն Ձեզ սիրելի ընթերցող ունկնդիր
Սուրբ Գիրքը լի է խոստումներով. Սակայն այսօրուան Աւետարանի մէջ եղածը եզակի խոստում է:
«Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ»:
Եզակին այս համարին մէջ չվախնալու խոստումը չէ, այլ մեզ փոքրիկ հօտ անուանումը:
Այս համարին մէջ կը գոյանայ Աստուծոյ ամբողջական հայրական սէրը մեր նկատմամբ. Մենք միայն որդիներ չենք, այլ Իր փոքր մանուկներն ենք. ԵՒ քանի որ այսպիսին ենք, Աստուած պատրաստ է մեզ իր գիրկը առնել ու իր ուսերուն վրայ վերցնել որպէսզի յանկարծ չկորսուինք, և կամ գայլերը մեզ չյափշտակեն Իր ձեռքերէն:
Այս խոստումը մարգարէական էր. Աստուած Քրիստոսէն 400 տարիներ առաջ, երբ կը պատրաստէր Մեսիային ճանապարհը, ներկայացուց Մեսիան հետևեալ նոյնանման բառերով.-
Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ.
Գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ
Ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ
Եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ։ Եսայ 40
«Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ»։
Ինչքա՜ն որ այս համարը գեղեցիկ ըլլայ, սակայն անոր մէջ հաւատքի փորձաքննութիւն կայ:
Դուն կը հաւատա՞ս որ երկնքի թագաւորութիւն գոյութիւն ունի:
Երևակայէ մէկը, որուն պիտի տրուի Թագաւորութիւնը, և ինք ըսէ, որ ես չեմ հաւատար անոր գոյութեանը. Անհաւատ է, ու այդ պատճառով, հակառակ անոր, որ ձրի պիտի տրուէր իրեն թագաւորութիւն մը, սակայն անհաւատութեան պատճառով կորսնցուց այն:
Ցաւալի իրականութիւն է, երբ կը գտնենք այսօր անհաւատներ, Աստուածամերժներ, որոնք պարզապէս չեն ուզեր հաւատալ ու կուրանան զԱստուած առանց որևէ պատճառ իսկ ունենալով: Ինչու դուն քեզ զրկես բանէ մը, որը Աստուած հաճեցաւ քեզ տալ ձրիաբար, փոքր ինչ որ ճիգ մը թափելու փոխարէն:
Երկրորդ կարևոր փորձաքննութիւնը, որ կը գտնենք այս համարին մէջ.-
Դուն կը հաւատա՞ս թէ փոքր ես. Եթէ ոչ, ուրեմն այս խոստումը քեզի չի վերաբերիր, ու պարտիս ըսել Տէ՜ր ես այս համարին պէտքը չունիմ, քանի ես մեծ եմ. ԵՒ պատասխանը պիտի կայծակի արագութեամբ ստանաս, որ պիտի ըսէ-,
«Եթէ մեծ ես, ու այդքան կը վստահիս քու ուժերուդ, ուրեմն աշխարհիս վրայ առանձին մնայ, մինչև որ ամէն ինչ անցնի ու դուն ալ անոր հետ անհետանաս»:
Ինչու՞ է մեր խստասրտութիւնը Աստուծոյ խոստումներուն նկատմամբ, և մանաւանդ այսպիսի ձրի պարգևներուն:
Ինչու ամուր կառչած չենք մնար այս խոստումին, խոստովանելով մեր փոքր ըլլալը:
Երրորդ փորձաքննութիւնը-,
Այս խոստումը հօտին կը պատկանի իր ամբողջականութեան մէջ, դուն տակաւին այդ հօտին մաս կը կազմե՞ս թէ՞ արդէն իսկ անկէ հեռու ես:
Քեզմէ պահանջուած է, որ մնաս եկեղեցւոյ ներսը, առանց անկէ հեռանալու, քանի նա մայրդ է, ու Հայրդ այնտեղ է, որ քեզի պիտի փնտռէ:
Եկեղեցւոյ մէջիններն են երկնքի թագաւորութեան յուսացողները. Անոնք են, որ միասնաբար կարտասանեն Հայր մեր որ երկինքն ես, ու անոնց է միայն լսելի պիտի ըլլայ երկնաւոր Հօր ձայնը որ պիտի ըսէ -, «եկեք ներս, ու վայելեցէք այն ինչ որ ձեզ համար պատրաստած եմ աշխարհի սկիզբէն ի վեր:
Աստուած մեզ կը տեսնէ որ մենք փոքր ենք աշխարհի իմաստով, և անոր համար է, որ Նա կը հաճի մեզ տալ երկնքի թագաւորութիւնը:
Չորրորդ և կարևորութեան գագաթնակէտը հանդիսացող փորձաքննութիւնը կը գտնենք այս համարին յաջորդող, ու զայն ամբողջացնող համարի մէջ -,
33 «Ծախեցէ՛ք ձեր ստացուածքը եւ ողորմութիւն տուէք».
Եթէ կուզես այս փոքր հօտի ներսիդին մնալ, ծախէ աշխարհը. Տու՜ր այն ինչ որ աշխարհին է աշխարհին, այնքան ինչքան որ կրնաս:
Առաջին համարը խոստում էր, իսկ երկրորդը` Պատուիրան «Ծախեցէք»: Ինչու՞
Քանի ապացոյցը այս փոքր հօտին մաս կազմելուդ, քու աշխարհէն ձերբազատումն է: Աշխարհայինը չես գերադասած երկնայինէն: Թեթևցած ես երկրաւոր հոգսերէն, հաճոյքներէն ու ճոխութիւններէն, ու թեթևցած թռչունի նման երկինք սաւառնելու:
Ա՜խ սիրելիներ, մեր ժողովուրդը ինչքա՜ն յետամնաց է այս ողորմութեան առաքինութեան մէջ, ու ինչքա՜ն բռնած է այս աշխարհի վայելքներն ու հաճոյքները:
Ե՞րբ պիտի գիտակցինք ու հաւատանք, թէ ողորմութիւն ընելը մեծագոյն օրհնութիւնն է: Մինչև ե՞րբ պիտի զլանանք աղքատն ու որբը, այրին ու տնանկը օգնելէ. Լսելու և խօսելու մէջ առաջինն ենք, իսկ գործելու մէջ վերջինը:
«Ծախեցէք» պատուիրանի փոխարէն Աստուած այլ օրհնութիւն է նաև, որ կը խոստանայ-,
«ձեզի չհիննալու քսակներ պատրաստեցէք, ու երկինքը՝ չպակսելու գանձ մը, ուր ո՛չ գողը կը մօտենայ եւ ո՛չ ցեցը կ’ապականէ»։
Ղուկասու Աւետարանի այս գլուխը եզակի խոստումնալից աւետարաններէն ու գլուխներէն է, որ կը խօսի ողորմութեան ու ագահութեան մասին:
Աւարտին կուզեմ այս ամբողջ գլուխէն մաս մը միասնաբար կարդանք:
«Բայց ձեզի՝ իմ բարեկամներուս, կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպանեն ու անկէ աւելի բան մը ընելու կարողութիւն չունին։ 5 Հապա ձեզի ցուցնեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք. Անկէ վախցէք՝ որ սպաննելէ յետոյ իշխանութիւն ունի գեհեանը ձգելու։ Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, Անկէ վախցէք’։ 6 Չէ՞ որ հինգ ճնճղուկ երկու դանկի կը ծախուի եւ անոնցմէ մէ՛կը մոռցուած չէ Աստուծոյ առջեւ։ 7 Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են. ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի աղէկ էք»։
ԱՍՏՈՒԾՈՑ ՎՍՏԱՀԻԼ
22 Եւ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ մարմինին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի հագնիք. 23 Վասն զի կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը՝ հագուստէն։ 24 Նայեցէ՛ք ագռաւներուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ո՛չ ալ ամբարներ, բայց Աստուած զանոնք կը կերակրէ. դուք ո՜րչափ աւելի կ’արժէք թռչուններէն։ 25 Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։ 26 Հապա եթէ ամենափոքր բանին կարող չէք, ուրիշ բաներու համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք։ 27 Նայեցէ՛ք շուշաններուն, ի՛նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէ՛կուն պէս չհագուեցաւ։ 28 Ուստի եթէ խոտը, որ այսօր դաշտի մէջ է ու վաղը փուռը պիտի ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, ո՜րչափ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ։ 29 Ալ դուք մի՛ փնտռէք թէ ի՞նչ պիտի ուտէք եւ ի՞նչ պիտի խմէք ու մի՛ շփոթիք. 30 Վասն զի այդ բոլոր բաները աշխարհիս ազգերը կը փնտռեն։ Ձեր Հայրը գիտէ թէ ասոնք ձեզի պէտք են։ 31 Բայց դուք Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրեցէք եւ այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։
ԵՐԿՆԱՅԻՆ ԳԱՆՁԵՐԸ
32 «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ։ 33 Ծախեցէ՛ք ձեր ստացուածքը եւ ողորմութիւն տուէք. ու ձեզի չհիննալու քսակներ պատրաստեցէք, ու երկինքը՝ չպակսելու գանձ մը, ուր ո՛չ գողը կը մօտենայ եւ ո՛չ ցեցը կ’ապականէ։ 34 Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ»։
ԱՐԹՈՒՆ ԾԱՌԱՆԵՐԸ
35 «Ձեր մէջքերը գօտեւորուած ըլլան ու ճրագները վառուած։ 36 Դուք եղէք այն մարդոց նման՝ որոնք իրենց տիրոջը կը սպասեն, թէ ե՞րբ պիտի դառնայ հարսանիքէն. որպէս զի երբ գայ եւ դուռը զարնէ, իսկոյն բանան անոր։ 37 Երանի՜ այն ծառաներուն, որ երբ տէրը գայ՝ զանոնք արթուն պիտի գտնէ. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ ինք գօտին մէջքը պիտի կապէ ու սեղան նստեցնէ զանոնք եւ առաջ անցնելով սպասաւորութիւն պիտի ընէ անոնց։ 38 Եթէ գիշերուան երկրորդ պահուն գայ, կամ երրորդ պահուն գայ ու արթուն գտնէ, երանելի են այն ծառաները։ 39 Բայց այս գիտցէք, թէ՝ եթէ տանտէրը գիտնար թէ ո՞ր ատեն գողը կու գայ, արթուն կը կենար ու թող չէր տար որ իր տունը ծակէ։ 40 Ուրեմն դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր»։
Տէ՜ր այնքան շնորհակալ ու երախտապարտ ենք, որ մեր անհոգութեան ու անտարբերութեան հանդերձ, Դուն տակաւին կը խօսիս մեզի հետ որպէս Հայր իր մանուկներուն:
Տէր ինչքա՜ն թերացած ենք մեր հոգևոր ու նիւթական պարտականուեանց, և պատուիրաններուդ հնազանդութեանց մէջ:
Տէ՜ր ի՞նչ կրնանք ընել. Շատ յաճախ «Մարմնով տկար ենք, իսկ հոգիով յօժար»:
Գիտենք ո՞րն է բարին, ու բարիքը մեզի համար. Սակայն հազիւ թէ որոշենք պատուիրաններուդ շառաւիղով քալել, անմիջապէս չարը իր նետերը կուղղէ մեր կամքին, և ուժասպառ կը դարձնէ մեզ կամքդ կատարելու:
Ամօթով ենք Քու առաջ ո՜վ երկնաւոր Հայր. Մեր աչքերը երկինք բարձրացնելու, և քեզ Հայր կոչելու այդ արժանիքն ու շնորհն իսկ չունինք, սակայն անով հանդերձ մեր անպիտանութիւնը անտեսելով մեզ հօտիդ որդիները կը կոչես ու կը «Հաճիս մեզ տալ երկնքի թագաւորութիւնդ»:
Օրհնեալ և փառաբանեալ ես Դուն Տէր, Այժմ և յաւիտեանս յաւիտենից ԱՄԷՆ
Արմէն քահանայ Մելքոնեան
08.10.2019