Մահուան ճշմարտութիւնը (Դամբանական)

 

4։12 Չենք ուզեր, եղբայրներ, որ տգէտ ըլլաք ննջեցեալներուն վրայով, որպէս զի չտրտմիք ինչպէս ուրիշները՝ որոնք յոյս չունին։14 4։13 Քանզի եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ ու յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ Աստուած ննջեցեալները Յիսուսով պիտի բերէ անոր հետ։ 15 4։14 Վասն զի ասիկա կ’ըսեմ ձեզի՝ Տէրոջը խօսքովը, եթէ մենք մինչեւ Տէրոջը գալուստը ողջ մնանք, բնաւ ննջեցեալներէն առաջ պիտի չանցնինք։ 16 4։15 Վասն զի Տէրը ինք ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնովն ու Աստուծոյ փողովը երկնքէն պիտի իջնէ եւ Քրիստոսով մեռածները առաջ յարութիւն պիտի առնեն։ 17 4։16 Ետքը մենք ալ, որ ողջ մնացած ենք՝ անոնց հետ պիտի յափշտակուինք ամպերով Տէրոջը առջեւ ելլելու՝ օդին մէջ եւ այնպէս յաւիտեան Տէրոջը հետ պիտի ըլլանք։ 18 4։17 Ուստի մէկզմէկ մխիթարեցէք այս խօսքերով։

Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4