«Երանիները» Քրիստոնէական սահմանադրութիւնը

Orvan-avedarane2Այսօրուան աւետարանին մէջ կը գտնենք քրիստոնէական սահմանադրութիւնը, որուն մէջ կ՛ամբողջանան քրիստոնէական վարդապետութեան օրէնքներու ամբողջականութիւնն ու դէպի սրբութիւն տանող ուղին՝ ԵՐԱՆԻՆԵՐԸ։

Երանիները Մատթէոս աւետարանի կարևորագոյն երեք գլուխներն են, որոնք զբաղեցուցին ոչ թէ միայն մեր հոգևոր հայրերու միտքն ու հոգին, այլ նաև զբաղեցուցին ոչ քրիստոնեայ շատ մը ուսումնասիրողներու գրականութիւնն ու վերլուծական աշխատանքները, զանոնք նկատելով որպէս կատարելիութեան ու սրբութեան հասցնող ուսուցումներուն գագաթնակէտը։

Մատթէոս աւետարանիչը այս բարերով կը սկսի երանիներուն նախաբանը ըսելով.-

«Տեսնելով բազմութիւնները՝ լեռը ելաւ, եւ իր բերանը բանալով՝ կը սորվեցնէր անոնց»:

Մեսիան լեռ կը բարձրանայ Իր ժողովուրդին հետ, անոնց փոխանցելու և ուսուցանելու Իր հաստատած Թագաւորութեան նոր կանոնադրութիւնը։

Անցեալին Մովսէս մարգարէն առանցին լեռ բարձրացաւ ստանալու տասը պատուիրանները, սակայն անոր լեռ ելլելուն նախորդեց քառասուն օրուայ պահեցողութիւն մը, ոչ միայն մովսէսին կը պատկանէր այդ պահեցողութիւնը, այլ ամբողջ ժողովուրդը հոգևորապէս պատրաստուեցաւ ու այդ պահեցողութեանը մասնակից դարձաւ ստանալու այդ պատուիրանները, որոնք հին ուխտի սահմանադրական օրէնքներն էին։ Ժողովուրդէն ոչ ոքի, ոչ ալ քահանաներուն և ղևտացիներուն արտօնուած էր լեռ բարձրանալ, այլ միայն Մովսէսին պիտի բարձրանար ու Աստուծոյ հետ խօսելով տասը պատուիրանները պիտի ստանար. ժողուուրդը վարէն միայն կը տեսներ լեռնէն բխող ծուխը, ու լեռը շրջապատող ամպերն ու անոնց ընդմէջէն ճառագայթող որոտումներուն ձայնը։

Այսօր միևնոյն դէպքն է որ անգամ մը ևս կը կրկնուի, նոր ուխտի կատարելագործուած պատուիրանները փոխանցելու. սակայն այս անգամ ոչ թէ անհատի մը կամ մարգարէի մը միջնորդութեամբ, այլ Աստուծոյ նոր իսրայէլի ժողովուրդը, Քրիստոսի ընտրած նոր եկեղեցին, ամբողջութեամբ կը բարձրանայ լեռը ու կը լսէ աստուածային նոր, ու հինը ամբողջացնող պատուիրանները անոր բեռնեն՝ որ հազարաւոր տարիներ առաջ հաճեցաւ միայն Մովսէսին երևիլ ու անով փոխանցել։

Այս անգամ լրիւ տարբեր երևոյթ էր։ Աստուած մարդացաւ, ծառայի կերպարանք առնելով հաճեցաւ նստիլ ու խօսակցիլ Իր ժողովուրդին հետ երես առ երես, «բեռանը բանալով անոնց հետ խօսիլ» ամբողջական պարզութեամբ ու խոնարհութեամբ։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ի՜նչ սքանչելի են Քու գործերդ և Քու ծրագիրներդ ո՜վ Տէր։

Ինչպէ՞ս կրնաս անտեսել մեր մարդկային մեղաւոր վիճակը իր բոլոր մեղքերով ու թերութիւններով, ու մեզի բարձրացնել Քու Սուրբ լեռդ մեզի հետ համահաւասար նստելով ու խօսակցելով։

Տ՜էր, Դուն այսօր մեզ հոգիով բարձրացուցիր վե՜ր այս անցաւոր աշխարհէն, մեր հոգիները բարձրացնելով առ քեզ, ճաշակելու Քու խօսքերդ և իմանալու անոնց քաղցրութիւնը, որպէսզի մենք յաւիտեան երգելով պատգամենք համայն մարդկութեանը ըսելով.-

«Մատիք առ Տէր և առէք զլոյս Ալէլուիա։

Ճաշակեցէք և տեսէք զի քաղցր է Տէր Ալէլուիա»։

Ալէլուիա, Ալէլուիա, Ալէլուիա, ԱՄԷՆ