Ինչպիսի՞ն ես Քրիստոսին հետևող բազմութեան մէջ

«Իրեն հետ մեծ բազմութիւններ կ՚երթային» Ղուկաս 14։25

Orvan-avedarane2Այս համրէն առաջ մեր Տէրը հրաւիրեալներուն առակը կը պատմէր իրեն հետևող մեծ բազմութեանը, ու հաւանաբար այդ ընթացքին բազմութեան թիւը աւելի ևս կը շատնար, ու մեր Տէրը տեսնելով բազմութիւնը ուզեց անոնց ձևով մը մաղել, ու հասկցնել անոնց թէ Իրեն հետևիլը լոկ ձևակերպական պէտք չէ ըլլայ՝ իրեն լսելու և կամ Անոր կատարած հրաշքներուն ականատես ըլլալու։

Քրիստոսի հետևորդ ըլլալու համար պայմաններ կան որոնք պէտք է ամբողջացնենք։

Ինչպէս միշտ, այսօր նաև միլիոնաւոր մարդիկ կան որոնցմէ շատերը կը հետևին Քրիստոսին անունով և կամ արտաքին ու ձևակերպական երևոյթներով, սակայն գործնական կեանքի մէջ անոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունին քրիստոնէութեան հետ, ու հեթանոսներէն և անհաւատներէն շատ չեն տարբերիր։

Մեր Տէրը այսօրուան արւետաանի մէջ, երբ կը տեսնէ այս բազմութիւնը, անոնց կուզէ անդրադարձնել այն ճշմարտութեան թէ Ան իրենց սրտերը կուզէ և ոչ թէ մարմինները. ու ինչպէս կատարեց մեծահարուստ երիտասարդին հետ, որ մօտեցաւ իրեն և հարցուց թէ ի՞նչ պէտք է ընէ երկնքի արքայութիւնը մտնելու, և այն ժամանակ մեր Տէրը անոր առջև ծանր պայմաններ դրաւ ամէն ինչ ծախելու և իրեն հետևելու, ու երիտասարդը տխրեցաւ ու հեռացաւ քանի անոր սիրտը կապուած էր իր հարստութեան ու ինչքին, նոյն քննութեան կենթարկէ այսօր այդ բազմութիւնը որ Իրեն կը հետևէր ըսելով, թէ քրիստոնէութիւնը լոկ տեսական հետևողութեամբ չէ, այլ գործնական քայլեր կան որոնք պէտք է ձեռնարկուին հետևողին կողմէ, ու անոնց առջև կը դնէ ծանր պայման մը ըսելով.-«Եթէ մէկը ինծի գայ՝ բայց չատէ իր հայրն ու մայրը, կինը եւ զաւակները, եղբայրներն ու քոյրերը, նաեւ իր անձը, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ»։

Այս համարին առջև շատ մը հայրեր ու Սուրբ գիրքի մեկնաբաններ կանք առին, ու խորհրդածութիւններուն նիւթ դարձաւ. սակայն այս մասին պիտի չխօսիմ այսօր, միայն պիտի բաւարարուիմ ըսելով թէ բառացի իր իմաստով պէտք չէ առնել այս համարը, ան տարբեր ծաւալներ ու խորքեր ունի։

Այս խօսքով մեր Տէրը ուզեց իր լսարանի, Իրեն հետևելու լրջութիւնը նժարի դնել իրենց աչքին յառաջ, գիտնալու թէ ինչքանով լուրջ են ու պատրաստ զոհողութիւններ ընելու իրենց հաւատքին համար։

Այսօր նաև շատեր ծարաւը ունին Աստուծոյ խօսքին, ու կը փնտռեն այնպիսին որ կրնայ պարզութեամբ ու սիրով բացատրել անոնց Աստուծոյ խորհուրդներուն ու երկնքի արքայութեան մասին. կուզեն լսել ու խաղաղութիւն գտնել իրենց հոգիներուն. սակայն այդ խաղաղութիւնը երկար չի կրնար տևել, այնքան ժամանակ որ գործնական քայլեր չենք առած Քրիստոսը մեր կեանքին մէջ իւրացնելու և Անոր կամքով ու պատուիրաններով քալելու։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Այսօր շատեր կը հետևին Քրիստոսին, սակայն իրենց ներկայութիւնը պարզապէս թիւ է որ բազմութիւն և խճողում կը պատճառէ , առանց որևէ զոհողութիւն մը կատարելու իրենց հոգևոր կեանքին մէջ Աստուծոյ փառքին համար. այլ խօսքով առանց լուրջ մօտեցում ունենալու իրենց հաւատքին ու հոգևոր կեանքի շինութեան ու հոգիի փրկութեան։

Այսպիսիներ կային բոլոր սերունդներուն մէջ ու այսօր նաև աւելով կան։

Շատ մը մարդիկ այսօր Քրիստոսին հետևող բազմութեանը մաս կը կազմեն, ու մեր պարագային Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մաս. սակայն ի՞նչն է անոնց ներկայութեան պատճառը, պարզապէս թիւ՞, Կամ թէ կատարել այն ինչ որ ուրիշներ կընեն որպէս պարտականութիւն մոմ վարել ու երբեմն եկեղեցի երթալ։

Սիրելի ընթերցող.

Դուն ինչպիսի՞ն ես Քրիստոսին հետևող այս բազմութեան մէջ։