Նամակ առ բարձրեալն Աստուած
Աղօթք վախի ու խղճմտանքի մէջ խաղաղութիւն ու վստահութիւն գտնելու
Ո՛վ իմ Տէրս ու Փրկիչս Յիսուս Քրիստոս:
Տանջուած սրտիս խորքերէն ու մոլորուած մտքիս արմատներէն, կը յղեմ իմ այս երկտողս քում ամենասրբութեան ու ամենազօրութեան:
Ո՛վ իմ պաշտելիս:
Կը գրեմ այս երկտողս իմ ամենադժուար ու տառապալից վիճակին մէջ, ուր կը բաղձամ ու կը ցանկամ, ու լիայոյս իմ որ պիտի չանտեսես այս երկտողը, ու անպայմանօրէն պիտի արձագանգես:
Ո՛վ կեանքի աղբիւր:
Վստահ եմ, որ իմ մասին տեղեակ ես, ու գիտես իմ բոլոր կարիքներս բեռանս իսկ բանալէս առաջ. Սակայն Տէր, շատ յաճախ վախի զգացումներով կը տառապիմ. վախը ներկայէս, անցեալէս ու ապագայէս. վախ շրջապատէս ու մարդոց հայեացքներէն:
Քեզի կ՛ապաստանիմ ո՛վ ամենողորմ Տէրս, քանի Դուն ես աղբիւրը ողորմութեան ու գթութեան. հեռացուր և վանէ ինձմէ այս վախի ու տառապանքի զգացումը որուն պատճառով գիշերները անքուն կը մնամ: Տէր, կարիքն ունիմ այն խաղաղութեան որ դուն խոստացար քեզ ապաւինողներուն երբ ըսիր.- « Արէք իմ խաղաղութիւնս ձեզի». Տէր, այդ սուրբ խօսքերուդ վստահելով գիտեմ, թէ աշխարհիս խաղաղութիւնը ապարդիւն է ու փուճ, իսկ Քու տուած խաղաղութիւնդ մշտնջենաւոր ու յաւիտենական:
Տէ՛ր պարգևէ ինծի այդ խաղաղութիւնը որ իմ կեանքս պիտի վերակենդանացնէ, ու սորվեցուր ինծի թէ ինչպէ՞ս գլուխս կուրծքիդ վրայ դնելով կրնամ մոռնալ ամէն տեսակի ատելութիւն ու նենգութիւն որ շրջապատած է զիս:
Տէ՛ր կարիքն ունիմ վստահութեան, առանց որուն չեմ կրնար հասնիլ քեզի ու Քու պատուիրաններուդ կատարութեան:
Տէ՛ր, կուզեմ քեզ սիրել ու մշտապէս քու կողքիդ ըլլալ, և լսել Քու կենդանարար խօսքերդ ու կատարել զանոնք, քանի վստահ եմ թէ Քու կամքիդ կատարումը լաւագոյն է իմ կեանքիս խաղաղութիւնը գտնելու:
Կը փակեմ իմ այս նամակս, վստահ ըլլալով որ անոր բառերը հասան քումդ ամենազօրութեան, ու քու աստուածային հրամանովդ պիտի խնամէս զիս:
Ամէն
Արմէն քահանայ Մելքոնեան