Վերջինը առաջին կըլլա՞յ

Orvan-avedarane2Ամբարտաւանութիւնն ու հպարտութիւնը մեծագոյն հիւանդութիւնն ու աղտն են մարդուս՝ ու մանաւանդ Քրիստոնեայի մը կեանքին մէջ։ Մի քանի անգամներ խօսեցանք այս ախտին մասին։ Մեր Տէրը քանի անգամներ կը խօսի խոնարհութեան մասին, սակայն անով հանդերձ անոր առաքեալները շարունակեցին իյնալ միևնոյն սխալին մէջ, հակառակ որ անոնք ամէն օր կը տեսնէին իրենց վարդապետին խոնարհութիւնն ու այդ մասին ուսուցումները։

Ահա այսօրուան աւետարանի մէջ անգամ մը ևս կը հանդիպինք դէպքի մը, որուն մէջ առաքեալները վիճաբանութեան կիյնան իրար միջև թէ ո՞վ է մեծը։

Նախկին դէպքերուն առաքեալները ուղղակի կը հարցնէին քրիստոսին այդ մասին. Սակայն այս անգամ, ըստ Մարկոսի պատմածին, անոնք Քրիստոսի հետ, բայց անկէ քիչ մը հեռու քալելով է որ կը վիճաբանին մեծութեան մասին, կարծելով թէ Ան իրենց չի լսեր, մոռնալով թէ նա ամենագէտ է, ու սրտի գաղտնիքներն իսկ կրնայ կարդալ։

Այս հարցումը պատճառ դարձած է շատ մը մարդոց քանդումին, ինչպէս նաև պատճառ շատերու հեռացման Աստուծմէ ու Անոր հաստատած թագաւորութենէն։

Այս հարցումը մտած է ամէն տեղ, ու նոյնիսկ եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալները Պատարագի ընթացքին իսկ իրար կը նային քննադատական ու արհամարհական աչքով, իւրաքանչիւրը իր սրտին մէջ մտածելով թէ ինք աւելի արդար է կամ մեծ, և կը փորձէ նոյնիսկ առաջիններէն ըլլալ Քրիստոսի մարմինը ճաշակելու մէջ, այն ինչ որ պատճառ պէտք է ըլլայ՝ Քրիստոսի մարմինը, անոնց մէջ խոնարհութեան հոգին արթնցնելու և գիտակցելով զղջան իրենց մեղքերուն, ու այս պարագային հպարտութեան ու մեծութեան մեղքին. և լաւագոյն ուսուցումը այս իրավիճակին համար փարիսեցիին ու մաքսաւորին պատմութիւնն է։

Այս հարցումը իր երկու հետևանքներով՝ մեծութիւն և փոքրհոքութիւն (փոքր զգալ), կրնայ պատճառ ըլլալ հոգևոր անկումի. մեծութեան զգացումը կ՛առաջնորդէ հպարտութեան ու գոռոզութեան, իսկ փոքրհոքութիւնը պատճառ ուրիշներէն աւելի պակաս զգալով հեռանալ աստուածային շնորհներէն։

Այն մարդը որուն զբաղումն է Աստուծոյ էութիւնը, ու գիտակից է Աստուծոյ վեհութեան ու մեծութեան, այսպիսի հարցատրութիւններ բնաւ և երբեք զինք չեն հետաքրքրեր. իսկ հակապատկերը եղող մարդը, որուն անձն է միայն իր զբաղմունքը, կը կորսնցնէ ինքզինք ու կիյնայ մոլորութեանց մէջ, ինքզինք մշտական բաղդատականի մէջ դնելով ուրիշներուն հետ, ամենապարզ իսկ օրինակներով կամ արարքներով, հագուածքի և ստացուածքի իսկ պատճառներով։

Մարդկութեանս չափանիշներն ալ մեծութեան վերաբերեալ, շատ յաճախ այլ և միշտ սխալ են ու մոլորեցուցիչ։ Ըստ մեր չափանիշներուն մեծութիւնը մարդուս դիրքով ու պաշտօնով, աստիճանով և զբաղեցուցած աթոռով է, մոռնալով որ այս բոլորն ալ հողի պիտի վերածուին ու անոնց յիշատակէն ոչինչ պիտի մնայ։ Մեծութիւնը, մեր նիւթական ու բարոյական, գիտութեան ու գեղեցկութեան իսկ մէջ չէ, այս բոլորը «ունայնութիւն ունայնութեանց են» ինչպէս կըսէ Սողոմոն իմաստունը։

Եթէ օր մը այս հարցումը զբաղեցուց միտքդ, պարտիս նախ գիտնալ ու ճանչնալ մեծութեան չափանիշները։

Մեր Տէրը այսօրուան աւետարանի մէջ հրատապ ժողովի մը պէս կանչելով իր առաքեալները իր մօտ, անոնց մեծութեան մասին կարևոր դաս մը կուտայ ըսելով.-«Եթէ մէկը ուզէ առաջին ըլլալ, վերջինը թող ըլլայ»։

Այս դասը շատ կարևոր էր առաքեալներուն համար, քանի անոնց հրաշալի պարգևներ և իշխանութիւններ պիտի տար, նոյնիսկ մեռեալ մը ոտքի հանելու ինչպէս Պետրոսը. և եթէ անոնց մէջ այս մեծութեան հարցականը մնայ, ու չգիտնան մեծութեան իսկական չափանիշները, անոնք պիտի կորսուին ու կորսնցնեն իրենց տրուած բոլոր շնորհները, զերծ մնալով Քրիստոսի հաստատած ու գալիք թագաւորութենէն։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Մեր Տիրոջ չափանիշները տարբեր են մարդոց չափանիշներէն։

Մարդիկ առաջիններուն կը նային, Ան ամենէն վերջիններուն։

Մարդոց աչքը կուղղուի առաջին շարքերը նստողներուն, իսկ Ան վերջին շարքերուն։

Մարդիկ կը պատուեն հարուստները, գիտուններն ու պաշտօններ զբաղեցնողները, ասոնք բոլորը զինք չեն հետաքրքրեր. այլ ընդհակառակը՝ աղքատները, տկարները, տնանկներն ու որբերը իրեն համար առաջնահերթութիւններն են։

Քրիստոսի այս խօսքերը կը հասկցուին հետևեալ իմաստով.-

«Ան որ կուզէ առաջինը ըլլալ Քրիստոսին համար, պէտք է վերջինը ըլլայ մարդոց մէջ ու մարդոց համար»։

Սիրելի ընթերցող-ունկնդիր։

Այս բոլորին մէջ դուն ո՞ր տեղն է որ կը զբաղեցնես։