Մեղքին առջև կքած մարդկութիւնը

«Եւ ահա՛ կին մը կար հոն, որ տասնութ տարիէ ի վեր ունէր հիւանդութեան ոգի մը. կքած էր, եւ ամե՛նեւին չէր կրնար շիտակ կայնիլ»: Ղուկաս 13:11 Այսօր եզակի հրաշքի մը առջև է որ կը գտնուինք: Մեր եկեղեցւոյ հայրերը իւրաքանչիւր մէկ հրաշքի մէջ տեսականը տեսնելէ առաջ, կանդրադառնան հրաշքի ուսուցողական մեկնաբանութեանը. կին մը որ հիւանդ էր տասնութ տարիներէ … Մանրամասն

Աստուծմէ վախնա՞լ

Աստուծմէ վախնա՞լ: Ղուկաս 12:2-9   Աւետարանական ու Սուրբ գրային շատ մը համարներու մէջ կը գտնենք աստուածային հրամանը որ կը պատուիրէ մեզի չվախնալ, ու շատ յաճախ վախը ներկայացուած է որպէս մեղք, ու մեր եկեղեցւոյ խոստովանանքի կարգին մէջ իսկ նշուած է վախը: Այսօրուան աւետարանը նոյն ինքն Յիսուս Քրիստոսի բերնով կը պատուիրէ մեզի վախնալ: Այսօր աշխարհիս մէջ տարածուած … Մանրամասն

Հալածանքներ քրիստոնեաներուն դէմ

Այսօրուան աւետարանը՝ Ղուկասի 21:12-19, անգամ մը ևս կ՛անդրադառնայ աշխարհի վախճանին ու անոր նախորդող դէպքերու մասին:Մեր Տէրը իր իմաստութեամբ ամենագիտութեամբ, կուզէ Իր հետևորդները պատրաստել բոլոր ժամանակներու համար, ու մանաւանդ այն նեղ օրերուն որոնց պիտի հանդիպին: Ղուկասու աւետարանի այս գլուխը վախճանման նշաններու մասի խօսելով, զանոնք կը բաժնէ երկու խումբերու. նախորդ համարներուն մէջ մեր Տէրը կը խօսի Նշաններու … Մանրամասն

«Հունձքը ի՛րապէս շատ է, բայց մշակները՝ քիչ»

Եւ տեսնելով բազմութիւնները՝ գթաց անոնց վրայ, որովհետեւ պարտասած ու ցրուած էին՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս: Մատթէոս 9։35-38 Աւետարանական իւրաքանչիւր հատուածի մէջ ուր կը խօսուի Յիսուս Քրիստոսի մասին, անոր հայեացքներն ու խօսքերը կը ներկայացուին որպէս գթասէր ու մարդասէր, ու որպէս հօտին հովիւը։ Ուր որ ալ Ան երթար, միշտ գթասրտութեամբ կը նայէր մարդոց բոլոր դասակարգերուն, հարուստներուն ու … Մանրամասն

«Կը կարծէք թէ ես եկայ՝ երկրի վրայ խաղաղութի՞ւն տալու»:

«Կը կարծէք թէ ես եկայ՝ երկրի վրայ խաղաղութի՞ւն տալու»: Ղուկաս 12։49-59 Տ՜ր, Քու Սուրբ ծնունդովդ իսկ խաղաղութիւն աւետուեցաւ հովիւներուն ու երկրի բնակիչներուն, ու այդ խաղաղութեան աւետիսով է որ մենք շարունակեցինք ապրիլ ու հաւատալ, ու այդ խաղաղութեամբ է որ կուզենք լեցնել մեր սրտերն ու հոգիները։ հապա ի՞նչ փոխուեցաւ կամ պիտի փոխուի, որ այսօր կ՛ըսես թէ.- “Մի … Մանրամասն

Քարոզչութեան պայմանները

«Ճամբորդութեան համար ոչի՛նչ առէք» Այսօրուան աւետարանին մէջ Մեր Տէրը «Իր տասներկու աշակերտները հաւաքելով՝ զօրութիւն ու իշխանութիւն տուաւ անոնց բոլոր դեւերուն վրայ, եւ ախտերը բժշկելու: Ու ղրկեց զանոնք՝ որ քարոզեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ բժշկեն հիւանդները»: Առաքեալի մը կամ Քրիստոսի աշակերտող ու Անոր անունը կրող իւրաքանչիւր մէկ հաւատացեալի հիմնական, ու առաջին պարտականութիւնն է քարոզչութիւնը։ Մեր հաւատացեալներէն ու … Մանրամասն