Ի՞նչ է մահը, և ինչու՞ մահէն վախնալ

Orvan-avedarane2Այսօրուան աւետարանի մէջ մեր Տէրը անգամ մը ևս խօսելով հալածանքներու մասին, մեզ կ՛ազդարարէ չվախնալ մահէն։

Ճշմարտութիւն մըն է որ բոլորս ալ մահաէն կը վախնանք, սակայն երբ ճանչնանք մահուան իմաստն ու կարևորութիւնը, այլևս պիտի չվախնանք։

Մահը պարտադրուած իրականութիւն մըն է որմէ ոչ ոք փախուստ կրնայ ունենալ. «Մարդոց վերապահուած է մէկ անգամ մեռնիլ». աշխարհի վրայ ապրող բոլոր մարդկութիւնը մեռան, բացի երկու մարդեր որոնք են Ենովքը և Եղիան, որոնք առանց մեռնելու երկինք փոխադրուեցան։ Այժմ նաև ապրող մարդկութիւնը պիտի մահանայ բացի մէկ պառագայի՝ եթէ մեր օրերուն տեղի ունեցաւ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը։

Ի՞նչ է մահը։

Այս հարցումին պատասխանելը խրթին հարց մըն է, և համազօր մէկ այլ հարցի՝ թէ ի՞նչ է կեանքը։

Մահը մեր Էութեան անհետացումը չէ, այլ պարզապէս երկրաւոր մեր կեանքին վերջակէտն ու սահմանը։ Մահուամբ մեր էութիւնը չի ոչնչանար, ու անոր համար է որ մեր Տէրը այսօրուան աւետարանի մեջ կը թելադրէ, «չվախնալ մարմինը սպաննողներէն, այլ հոգին և մարմինը գեհենի կրակի մէջ նետողէն»։ Մատթէոս 10։28

Մահը հոգիի բաժանումն է մարմնէն, և ինչպէս իմաստունը կըսէ «Մարմինը հող էր և հողի պիտի դառնայ իսկ հոգին արարչին»։ Ժողովող 12։7

Երբեմն ալ մահը կոչուած է «հոգին յանձնել» ինչպէս պարագան էր մեր Տիրոջ  խաչին վրայ Մատթէոս 27։50։

Քրիստոնէական ըմբռնումով մահը կոչուած է նաև ննջել՝ պառկիլ, ու այս անուանումին քանիցս կը հանդիպինք աւետարանական էջերուն մէջ, ու որոնց վերջիններէն մէկն էր Ստեփանոսի նահատակումը, որուն մասի ըսուեցաւ թէ ան վերջին խօսքերը ըսելէ վերջ ննջեց. միևնոյնը ըսուեցաւ նաև Դաւիթի մասին թէ նա «ննջեց՝ Աստուծոյ ծրագիրով սպասաւորելէ ետք իր սերունդին»։ Գործք 13։36

Պօղոս առաքեալը մխիթարելով Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաները կ՛ըսէ անոնց.- «Եղբայրնե՛ր, չենք ուզեր որ անգէտ ըլլաք ննջեցեալներուն մասին, որպէսզի չտրտմիք ինչպէս ուրիշները՝ որ յոյս չունին: Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։13

Հետևաբար մեքենականօրէն ննջել բառին մէջ պարունակուած կ՛ըլլայ արթննալ, զարթնիլ բառը. մահուամբ մեր մարմինները կը ննջեն ետ արթնանալով Յարութեան օրը։

Մէկ այլ երկրորդ հոմանիշ մը տալով մահուան Պօղոս առաքեալը կ՛ըսէ.-

«Ցանկութիւն ունիմ մեկնելու եւ Քրիստոսի հետ ըլլալու, ինչ որ շատ աւելի լաւ է. սակայն մարմինի մէջ մնալը աւելի հարկաւոր է ձեզի համար»: Փիլիպեցիս 1։23

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Մահուամբ մարմինը կը յանձնուի հողին «որմէ ստեղծուեցաւ» հանգստանալու համար, իսկ հոգին սաւառնելով կը մեկնի մէկ այլ տեղ յաւիտենապէս ապրելու Տիրոջ ու Անոր Սուրբերուն հետ միասին։

Սիրելի ընթերցող-ունկնդիր

Այսքանը իմանալէ ետք կը յստականայ մեզի Քրիստոսի պատուէրը մահէն չվախնալու։

Եթէ տակաւին մահէն կը վախնաս, վստահ եղիր որ հոգեպէս պատրաստ չես մեկնելու առ Տէր։

Առիթն ունիս տակաւին պատրաստուելու, տակաւին ուշ չէ։