«Ըսէ ինչքա՜ն դրամ ունիս, ըսեմ քեզի արժէքդ»

Orvan-avedarane2Ինչպէս բոլոր դարերուն նաև Քրիստոսի ժամանակ և այսօր, կայ հիւանդութիւն մը որ կը կոչուի «զանազանութիւն և տարբերութիւն» դնել մարդոց միջև իրենց տկարութեան, իմացականութեան, և մանաւանդ իրենց նիւթական կարողութիւններու և կամ հարստութեան չափանիշին. սա խորքին մէջ ախտ մըն է որ տարածուած է մեր ընկերութեան բոլոր դասակարգներուն ու ոլորտներուն մէջ, ըլլան անոնք աղքատ կամ հարուստ, գիտուն կամ տգէտ, աշխարհական ու մանաւանդ հոգևորականաց դասին մէջ, և երանի թէ մեր այդ դրած զանազանութիւնն ու տարբերութիւնը իրաւացի ըլլայ. մեր դժբախտութիւնը այն է, որ մեր գնահատականի կամ հաւանութեան չափանիշը շատ յաճախ, այլ և միշտ դիմացնի նիւթական կարողութիւններն են։

Պայման չէ թէ դուն ո՞վ ես կամ ինչպիսին, եթէ նոյնիսկ տգէտ ես կամ ապուշ, մարդասպան կամ աւազակ, մեղաւոր կամ աստուածավախ. մեր չափանիշն է .- «Ըսէ ինչքա՜ն դրամ ունիս, ըսեմ քեզի արժէքդ». և այս է պատճառը որ շատ յաճախ տկար մարդիկ, բոլոր տեսակի քայլերուն կը դիմեն, որպէսզի ցուցադրեն իրենց հարստութիւնը, յարգանքի և գովասանքի արժանանալու, և կամ ճաշկերոյթներուն և նոյնիսկ եկեղեցիներու մէջ առաջնահերթ աթոռները բազմելու, քաղաքական կամ հոգևորական անձանց շարքին։

Կայ մէկ այլ զանազանութիւն ալ որ կը դնենք մարդոց միջև որը այսօր քիչեր ունին իրենց կեանքին մէջ, և երանի թէ ունենային, (հակառակ որ ան ալ սխալ է) հաւատքի չափանիշի զանազանութիւնն ու տարբերութիւնները, զորս կրնանք նախանձ անուանել բառին բարի և չար ճիւղաւորումներով։

Այսօրուան աւետարանը կը պատմէ թէ «Բոլոր մաքսաւորներն ու մեղաւորները անոր կը մօտենային՝ զինք լսելու համար»:

Առաջին հայեացքէն մենք որպէս հաւատացեալներ պիտի ըսենք թէ ինչ լաւ. սակայն երբ ներկայ և ականատես ըլլանք այս դէպքին, նախանձը մեզ պիտի գրգռէ ըսելու.-«Ինչու այսպիսիներուն հետ կը նստի. մենք որպէս հաւատացեալներ աւելիով արժանի ենք անոր կողքին նստելու և անոր հետ խօսելու». և ճիշտ նոյնը ըրին ու ըսին Փարիսեցիներն ու դպիրները, կը տրտնջէին ու կ՚ըսէին. «Ասիկա կ՚ընդունի մեղաւորները եւ կ՚ուտէ անոնց հետ»:

Ովքեր էին մաքսաւորները, անոնք ալ հրեաներ էին, Աբրահամի և Յակոբի զաւակները, սակայն անոնց թերութիւնը այն էր, որ կեանքի պայմանները ստիպած էին զիրենք մաքսատան մէջ աշխատելու հռովմայեցիներու հաշուին՝ տուրքեր հաւաքելու իրենց Հրեայ եղբայրներէն, ու ամբաստանուած էի որպէս ստախօս, գող ու անարդար։

Ովքե՞ր էին մեղաւորները, անոնց մեծ մասն ալ հրեայ էր, սակայն ի տարբերութիւն փարիսեցիներուն և դպիրներուն, հարուստ դասակարգի իրենց եղբայրներուն, անոնք մեղաւորներ էին քանի աղքատ էին ուսման ու մանաւանդ նիւթական չափանիշներով։Անոնք չէին կրնար իրենց տասանորդները տալ ու քահանաներուն գրպանները լեցնել, ու այդ պատճառով ալ չէին կրնար բազմիլ ժողովարաններու առաջին շարքերը ու գնահատական ստանալ կրօնականներու խաւերէն։

Ահա այդ պատճառով իսկ է որ մեր Տէրը հարիւր ոչխարներու առակը պատմելէ ետք անոնց կը յայտարարէ ըսելով թէ .-«ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէ՛կ մեղաւորի համար՝ որ կ՚ապաշխարէ»։

Մենք ի՞նչ կը տարբերինք դպիրներէ ու փարիսեցիներէ, որոնք իրենց ամբողջ օրը կանցնէին մարդոց քննադատութեամբ, զրպարտութեամբ ու բամբասանքներով։

Որպէս քրիստոնեաներ, ինչո՞վ կը տարբերինք անհաւատներէն ու այս աշխարհի որդիներէն, որոնց համար մարդուն արժէքը իր ստացուածքներով ու նիւթական հարստութեամբ է։

Ինչու՞ մեծահարուստը կոչենք պարոն, իսկ աղքատն ու տնանկը, որ կրնայ մեր հաւատքի հարիւրապատիկը ունենալ ու հրաշագործ ըլլալ, զայն կոչենք (Առա) և կամ արևմտահայերէնով (Ծո)։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ի՜նչ սարսափելի անարդարութիւն է որ կը տիրէ աշխարհը, Սատանան ինչքա՞ն որդիներ կրցած է ունենալ իր կողքին, որոնք իր հպարտութեան հոգիին միայն կը խնկարկեն, ու անոր կամքը միայն կը կատարեն։

Սա վիճակն է աշխարհական անձանց, որոնք կրնան անտեղեակ ըլլալ Քրիստոսի վարդապետութեան, աղքատ կեանքին ու խոնարհութեան աստուածային պատուիրանին ու հրահանգին։ Հապա՞ հոգևորականաց դասը, ինչու՞ միևնոյն վերաբերմունքը պիտի ունենան մարդոց նկատմամբ, մէկ նժարի չափանիշ ունենալով որ է «հարուստը պատուելի է»։

Աշխարհի վրայ կրնայ արդարութիւնը տիրել մարդոց միջև այն ժամանակ միայն, երբ մարդիկ Քրիստոսը ճանչնան, Քրիստոսով լեցուին, ու Քրիստոսի համար միայն ապրին։

«Սէր անուն Յիսուս, սիրով քով ճմլեայ սիրտ իմ քարեղէն։

Վասն գթութեան, վասն ողորմութեան վերստին կեցո»

Ամէն