«Եւ անոնց անհաւատութեան վրայ կը զարմանար»

 Orvan-avedarane2 Այսօրուան աւետարանի մէջ զարմանալի իրողութեան մը առջև կը գտնուինք։

  Նախորդ համարներու մէջ կը կարդանք Քրիստոսի հրաշագործութիւններու մասին, ու այնտեղ կը գտնենք թէ Անոր համար անկարելի ոչ մէկ բան կար. սակայն երբ կը հասնի Իր գաւառը որտեղ մեծցած էր, այնտեղ աւելի քիչ հրաշքներ կը կատարէ, ու աւետարանիչը կը փակէ այդ երևոյթը ըսելով.-«Հոն չէր կրնար հրաշք գործել. բայց միայն քանի մը հիւանդի վրայ ձեռք դրաւ ու բուժեց զանոնք»։

հետաքրքրական է իմանալ թէ ի՞նչն էր պատճառը. ահա այսօրուան առաջին համարը պատասխանը կուտայ ըսելով.-«Եւ անոնց անհաւատութեան վրայ կը զարմանար». ուրեմն անոնց անհաւատութիւնն էր պատճառը, քանի Իր գաւառցիները կը ճանչնային զինք, որպէս ատաղձագործ Յովսէփի տղան, Մարիամի տղան, ու Անոր չէին հաւատար։

Շատ յաճախ մենք ալ կը զարմանանք թէ ինչու՞ մեր դարուն հրաշքներ չենք տեսներ, և կամ թէ ինչու՞ հրաշքներ տեղի չեն ունենար. ահա այս հարցին պատասխանն ալ կը գտնենք, քանի մարդկութիւնը անհաւատ դարձած է ու անցած նիւթապաշտութեան։

Այսօր նաև մենք չենք տարբերիր իր գաւառցիներէն. Այսօրուան մարդկութիւնը կը տեսնէ Քրիստոսի անձին մէջ միայն Իր տկարութիւնները որպէս ատաղձագործ, հովիւ, տկար անձնաւորութիւն մը, որ երկու հազար տարիներ առաջ ապրեցաւ ու անարգութեամբ խաչուելով թաղուեցաւ. սակայն չեն ուզեր տեսնել աւետարանական այլ ճշմարտութիւններ ինչպէս Անոր հրաշագործութիւնները, բժշկութիւնները, ինչպէս նաև չեն ուզեր տեսնել գերեզմանէն անդին Անոր հրաշափառ Յարութիւնը։

Ահաւասիկ այս է պատճառը որ այսօր հրաշքները պակաս են և կամ գրեթէ դադրած մեր կեանքին մէջ, ու այս բոլորէն ետք մեր Տէրը նայելով մեր կեանքին ու կենցաղին, կը զարմանայ մեր անհաւատութեան վրայ։

Մեր Տէրը ինչու՞կը զարմանայ մարդոց անհաւատութեան. քանի հաւատքը անկարելի ու դժուար բան մը չէ, բնական երևոյթ է, և բնական մարդը երբ Տեսնէ Քրիստոսը ու կարդայ Անոր մասին, պարտի զԱյն գովաբանել ու փառաբանել ըսելով «Սուրբ Տէր Զօրութեանց, լի են երկինք և երկիր փառօք քո», սակայն երբ մարդիկ փիլիսոփայութիւններով կը մոլորեցնեն ինքզինքին ու իրենց շուրջինները, և իրենց ուղեղներով կը փորձեն հասկնալ ու տրամաբանել «Անբաւելին երկնի և երկրի», այս է որ կը զարմացնէ մեր Տէրը։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Մեր Տէրը զարմացաւ իր բնագաւառի անհաւատութեանը, սակայն չեմ կարծեր որ այսօր կը զարմանայ մեր անհաւատութեան, քանի Ինք լաւ գիտեր թէ մենք այս օրերուս հաւատքի ամենաստորին աստիճաններու պիտի հասնինք երբ ըսաւ.- « Երբ մարդու որդին գայ հաւատք պիտի գտնէ՞»։

Այսօր մենք ինչքա՞ն մօտ ենք Քրիստոսին. Կը հաւատա՞նք ու կը վստահի՞նք, եթէ այո, հապա ինչու՞ չենք ապրիր մեր քրիստոնէական հաւատքը այնպէս ինչպէս պէտք է։

Սիրելի ընթերցող

Աստուծոյ չկամութիւնը չէ պատճառը հրաշքներու անհետացման, այլ մեր հաւատքի պակասն է. Աստուած բոլոր դարերուն ալ հրաշքներ գործած է մարդոց կեանքին մէջ, ու այսօր ալ պատրաստ է գործելու, սակայն մեր անհաւատութիւնն է որ զԱյն կը զարմացնէ ու կը հեռացնէ մեզմէ։

Եկէք չզարմացնենք մեր Տէրը մեր անհաւատութեամբ. Ան հաւատքի նշոյլ մը կը փնտռէ, ու կը բաւարարուի անով մեր սրտի մէջ մտնելու և մեր կեանքը վերանորոգելու։

Այդ հաւատքի նշոյլը ունի՞ս։