«Մի՛ վախնար, միա՛յն հաւատա» Ղուկաս 8։49-56

Արմէն քահանայ ՄելքոնեանԵրկու օրեր առաջ, տեսանք թէ ինչպէս դիմաւորուեցաւ մեր Տէրը, և խօսեցանք այդ մասին թէ բոլորը կ՛կսպասէին Իրեն։ Այդ դիմաւորութեան խճողումի մէջ երկու կարևոր դէպքեր պատահեցան. նախ Յայրոս որուն աղջիկը մահամերձ էր, իսկ երկրորդ արիւնահոս կինը որ դպչելով Անոր բժշկուեցաւ։

Հաւանաբար մեր ուշադրութենէն կարևոր մէկ երևոյթ մը վրիպեցաւ, որուն մասին այսօր կուզեմ ձեզի հետ խորհրդակցիլ։

Այս վերոյիշեալ դէպքերէն ո՞րն էր կարևորագոյնը ըստ ձեզ, մէկը որ իր աղջիկը մահամերձ է, իսկ միւսը որ Քրիստոսին դպչելով արդէն իսկ բժշկուած էր. Վստահ եմ ձեր պատասխանէն. Անշուշտ թէ առաջինը, և լաւ որ այսպէս պատասխանեցիք, որպէսի անդրադառնաք այն կարևոր ճշմարտութեան՛ թէ մեր խորհուրդները Աստուծոյ խորհուրդներէն տարբեր են, ու մեր ժամանակներու պայմանաւորումն ու սահմանումը նաև տարբեր Են անոր ժամանակացոյցէն ու սահմանափակումներէն։

Բայց դարձեալ խոստովանինք որ մեր տրամաբանութիւնը պիտի չընդունի այս եղածը, ու պիտի համարձակինք հարցնել Տիրոջը ըսելով.- « Տէր դուն ի՞նչ կընես, ինչու՞ ժամանակը կը կորսնցնես, այսինքն ի՞նչ եղաւ եթէ մէկը քեզի դպնալով բժշկուեցաւ», այստեղ յիշեցնեմ թէ նոյնիսկ առաքեալները մի և նոյն ձևով մտածելով զարմացած ըսին Իրեն.- «Վարդապե՛տ, բազմութիւնը քեզ կը սեղմէ ու կը ճնշէ, եւ կ՚ըսես. “Ո՞վ դպաւ ինծի”», ու Ան կը պատասխանէ.- «Մէ՛կը դպաւ ինծի, որովհետեւ գիտակցեցայ թէ զօրութիւն մը դուրս ելաւ ինձմէ»:

Շարունակենք մեր հարցերը Տիրոջը .- « Տէր բայց ի՞նչ եղաւ, ինչու՞ այդքան կը մեծցնես հարցերը, այնտեղ մէկը կայ որ այրած սրտով քեզ կաղաչէ, իր աղջիկը մահամերձ է, քիչ մը անոր մտածէ, ո՞րն է քեզի համար կարևորը հոգին՞ թէ քեզմէ գողցուած ուժը։ Յետոյ ի՞նչ, չէ՞ որ դուն եկած ես մարդոց վէրքերն ու հիւանդութիւնները բժշկելու համար, և սա առաջինը չէ Տէր, շատեր բժշկուեցան քեզի դպնալով, ու նոյնիսկ վստահ ենք Տէր որ շատեր ալ հեռուէն, առանց քեզի դպչելու բժշկուեցան՝ Խօսքիդ հզօրութեանը հաւատալով»։ Գիտէք թէ Տիրոջը պատասխանը ի՞նչ պիտի ըլլայ մեզի, հաւանաբար զարմանաք իմ այս եզրակացութենէս, սակայն պահ մը լաւ կարդացէք այդ օրուան աւետարանական քաղուածքը, և ինծի իրաւունք պիտի տաք այս ենթադրութիւնը ընելուս համար. Ան պիտի պատասխանէ ըսելով.-

«Երկուքն ալ ինծի համար մի և նոյն կարևորութիւնն ու արժէքը ունին. ոչ թէ որովհետև երկուքն ալ մարդ են, կամ երկուքն ալ իմ կարիքս ունին, այլ որովհետև երկուքի պարագան ալ 12 թուի շուրջ կը դառնայ։ Մէկը 12 տարեկան աղջիկ ունի, իսկ միւսը 12 տարի է կը տառապի արիւնահոսութենէ»։

«Տէր չհասկցանք, ինչ կապ ունին տարիները, նոյնիսկ եթէ այսպէս ալ ըլլայ դարձեալ առաջնահերթութիւնը Յայրոսին պէտք էր տայիր, քանի անոր խնդրանքը աւելի կարևոր ու անհրաժեշտ էր, անոր հարցը կեանքի և մահուան հարց էր»։

Ան ժպտալով պիտի պատասխանէ.- «12 թիւը ունեցէք ձեր կեանքին մէջ ու ձեր բոլոր հարցերուն լուծումը ինծի ձգեցէք, ու վստահեցէք թէ նոյնիսկ անոնք ինծի ներկայացնելու կարիքը պիտի չունենաք, անմիջականօրէն պիտի լուծեմ, նոյնիսկ եթէ ուշանամ»։

«Մի՛ վախնար, միա՛յն հաւատա»

Յայրոսը բնաւ անհանգիստ չէր վարդապետի անհոգութեամբ ու ժամանակի իմաստով. Իր հաւատքը 12 էր, ու կրնար նոյնիսկ 4 օր սպասէր որ Տէրը բարեհաճի իր աղջիկը (գերեզմանէն) դուրս հանելու։ Հասկնալի՞ է։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

12 թիւը ամբողջական ու կատարելութեան թիւ կը խորհրդանշէ. Եթէ մենք այդ հաւատքի չափանիշը ունենանք մեր կեանքին մէջ, բնաւ անհանգիստ պիտի չըլլանք ու չերկմտինք թէ տէրը պիտի լսէ ու կատարէ մեր խնդրանքները, ինչքան ալ անոնք դժուար ու անհնարին ըլլան, նոյնիսկ եթէ կեանքի ու մահուան խնդիր ըլլան։

Կը հրաւիրեմ ձեզ սիրելի հաւատացեալներ ձեր հաւատքի չափանիշը փնտռելու և գտնելու, իմանալու համար թէ ե՞րբ և ինչքան ժամանակ վերջ Տէրը պիտի ընդառաջէ ձեր խնդրանքին։ չափանիշը 1-12 է։
[wpdevart_youtube]IfYPr6unKpY[/wpdevart_youtube]

Արմէն քհնյ. մելքոնեան