Խորհրդածութիւն օրուան աւետարանէն

« Ով որ կարդայ թող հասկնայ »

Երբ տեսնէք թէ աւերմունքին պղծութիւնը, այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռնե՛րը թող փախչին: Ա՛ն որ տանիքին վրայ է՝ թող չիջնէ տունը, ու չմտնէ իր տունէն բան մը առնելու. եւ ա՛ն որ արտին մէջ է՝ թող չվերադառնայ իր հանդերձը առնելու:

Մեր տէրը կը կանխագուշակէ գալիք դժուարութիւններն ու նեղութիւնները, ու ինչպէս զանազան առիթներով, նաև այս անգամ մէկ այլ նշան մը կուտայ իր առաքեալներուն որն է աւերակի պղծութիւնը որու մասին Դանիէլ մարգարէն խօսած էր իր մարգարէութեան 9-րդ գլխուն մէջ:
Ի՞նչ է աւերմունքին պղծութիւնը:
դարերու ընթացքին զանազան մեկնաբանականներ՝ տարբեր բացատրութիւններ տուին, . այստեղ մի քանին ձեր ուշադրութեան յանձնեմ,-
– 40 թուականին Պիղատոսը կայսրին արձանը զետեղեց տաճարին մէջ, ինչպէս նաև միևնոյն թուականին Գալկուլան ինքն իր արձանը փորձեց զետեղել տաճարին մէջ:
– Խումբ մը մեկնաբաններ մերժեցին այս մեկնաբանութիւնները, և իրենց կարծիքը շեշտեցին թէ աւերմունքին պղծութիւնը կը խորհրդանշէ նեռի ծնունդը ու անոր տաճարին մէջ բազմիլը ու ինքզինք որպէս աստուած հռչակելը. ու այս մասին Պօղոս առաքեալ նաև խօսած է իր թեսաղոնիկեցիներու 2րդ նամակին մէջ ըսելով.- «Ո՛չ մէկը թող խաբէ ձեզ որեւէ կերպով. որովհետեւ այդ օրը պիտի չգայ՝ եթէ նախ չգայ ապստամբութենը ու չյայտնուի անօրէնութեան մարդը, կորստեան որդին, որ պիտի հակառակի եւ պանծացնէ ինքզինք ամէն բանէ վեր՝ որ Աստուած կը կոչուի կամ կը պաշտուի. մինչեւ անգամ պիտի բազմի Աստուծոյ տաճարին մէջ՝ ներկայացնելով ինքզինք իբր Աստուած»:

«Ա՛ն որ տանիքին վրայ է՝ թող չիջնէ»

Եթէ հոգևոր կեանքիդ մէջ որոշ բարձրացում մը ունեցած ես, թող աշխարհի հաճոյքներն ու մարդոց կրօնքի հանդէպ իրենց ունեցած անտարբերութեամբ, չգայթակղիս ու այդ վեհութենէդ չ՛իջնես: Աշխարհը պիտի անցնի իր բոլոր վայելքներով ու ցանկութիւններով. պահէ հոգիիդ վսեմութիւնը ու ապահովէ կեանքիդ յաւիտենականութիւնը: