“Գիտե՛մ քու գործերդ, աշխատանքդ ու համբերութիւնդ, եւ թէ չես կրնար հանդուրժել չարերուն: Փորձեցիր անոնք՝ որ կը հաւաստեն թէ իրենք առաքեալ են, բայց չեն, եւ գտար թէ ստախօս են: 3Համբերութիւն ունեցար, տառապանք կրեցիր իմ անունիս համար՝՝ ու չթուլցար: 4Սակայն սա՛ ունիմ քեզի դէմ, որ թողուցիր առաջին սէրդ: 5Ուրեմն յիշէ՛ թէ ուրկէ՛ ինկար, ապաշխարէ՛, եւ ըրէ՛ առաջին գործերդ. այլապէս՝ շուտո՛վ պիտի գամ քեզի, ու աշտանակդ պիտի շարժեմ իր տեղէն՝ եթէ չապաշխարես: 6Բայց սա՛ ունիս.- կ՚ատես Նիկողայոսեաններուն գործերը, որ ես ալ կ՚ատեմ””: 7Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ անոր ուտել պիտի տամ կեանքի ծառէն, որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է»: