Տէ՜ր Քեզմէ ի՜նչ որ խնդրենք կատարէ…

Տէ՜ր Քեզմէ ի՜նչ որ խնդրենք կատարէ…

Շատ յաճախ մեր կեանքի ընթացքին, ապաւինելով Աստուծոյ սիրոյն և ողորմութեանը, և առանց հասկնալու մեր խնդրանքն իսկ, մեր աղօթքներուն և խնդրանքներուն մէջ այնպիսի բաներ կը ներկայացնենք Աստուծոյ, որոնց կէսը կամ քառորդն իսկ կատարել պիտի չուզէինք մեր զաւակներուն կատարել, եթէ անոնք միևնոյն համարձակութեամբ ներկայացնէին իրենց խնդրանքները:

Մեր աղօթքներուն մէջ կը խնդրենք, սակայն չենք գիտեր ի՞նչ, ինչու՞ և ինչպէս:
Կը խնդրենք բաներ, որոնք մեր ներկային և անցեալի հետ որևէ առնչութիւն իսկ չունին, ու յաճախ խնդրանքներ հեռաւոր ապագայի համար:

Քրիստոնեաներուս խնդրանքներուն որակը կը բաժնուին մի քանի մասերի, նայած մեր ուսումին ու զարգացման, մեր ունեցած աստուածաշնչական գիտելիքներուն, մեր նիւթական կարողութեան ու վիճակին և այլն

Սովորական հաւատացեալը, որը քիչ գիտելիքներ կը տիրապետէ աստուածաշունչէն կրնայ որևէ բան խնդրել նիւթական և բարոյական. Մեղադրելի չէ: Սակայն այն հաւատացեալները որոնք որոշ գիտութիւն և պաշար ունին աստուածաշունչին, որոնք գիտակից են Աստուածային պատուիրաններուն, թոյլատրուած չէ խնդրել այնպիսի բաներ, որոնք չեն համընկնիր Աստուծոյ կամքի հետ:

Ահաւասիկ օրինակը այնպիսի հետևորդներու, որոնք ապրեցան Քրիստոսի ժամանակաշրջանին, ականատես եղան Քրիստոսի կեանքին ու ուսուցումներուն, ան գիտակցաբար, առանց հասկնալու և անդրադառնալու իրենց խնդրածին, և աւելի կարևորը ԽՆԴՐԱՆՔԻ ՁևԻՆ ՈՒ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՆԸ, ԿԸ ԴԻՄԵՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԽՆԴՐԱՆՔՈՎ ՄԸ ՄԸ:

Ի՞նչ էր այդ հարցը: Հարցը կապուած էր հեռաւոր ապագայի ու յաւիտենականութեան հետ: Անոնք խնդրեցին «Շնորհէ մեզի, որ նստինք մեզմէ մէկը՝ աջ կողմդ եւ միւսը՝ ձախ կողմդ քու փառքիդ մէջ»։

Փառքիդ մէջ արտայայտութեամբ, անոնք նկատի չունէին երկրաւոր փառքը, քանի Քրիստոս երկրաւոր որևէ փառք չէր ընդունէր և չէր ապրեր. Յաւիտենականութեան փառքը նկատի ունէին:

Ինչքա՜ն հեռուներ համարձակեցան երթալ իրենց խնդրանքին մէջ. Բայց պէտք է խոստովանիլ, որ այդ երկու եղբայրները Քրիստոսի սէրէն տարուած ուզեցին Անոր հետ ըլլալ ամէն տեղ և ամէն ժամ. Սակայն անոնք լաւ չէին ըմբռնած նախորդ համարներուն մէջ Քրիստոսի խօսքերը, անոնք այդ խօսքերէն վերցուցած էին միայն իրենց փափագն ու ցանկութիւնը յագեցնող բառերը:

Ի՞նչի մասի ն կը խօսէր մեր Տէրը. Իր չարչարանքներուն, խաչի ճանապարհի մասին. Այսպէս.- «Ահա Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետերուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն ու զանիկա հեթանոսներուն պիտի մատնեն 34 Եւ զանիկա ծաղր պիտի ընեն ու ծեծեն եւ անոր վրայ պիտի թքնեն ու զանիկա մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։

Այս բոլոր տողերուն մէջ, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը՝ Զեբեդէոսի որդիները՝ միայն Յարութեան բառով խանդավառուած այս խնդրանքը ներկայացուցին:
Անոնք չէին գիտակցած, թէ Քրիստոսի փառքը Խաչն էր ու Գողգոթան, առանց որուն հնարաւոր չէր փառքի հասնիլ. Այլ խօսքով այդ փառքին հասնելու համար անոնք պարտէին Քրիստոսի աջ ու ձախ կողմերը խաչուիլ աւազակներու նման:

Անով հանդերձ մեր Տէրը զանոնք չխոշտանգեց, այլ հայրաբար անոնց յայտնեց ճշմարտութիւնը` ըսելով.- «Չէք գիտեր ի՛նչ կը խնդրէք։ Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես կը խմեմ եւ այն մկրտութիւնովը մկրտուիլ՝ որով ես կը մկրտուիմ»։

Մեծ հաւանականութեամբ երկու եղբայրները այս խօսքն իսկ չհասկցան, հաւանաբար կարծեցին խօսքը Գինիի բաժակի մասին է, թագաւորներու և պալատականներու նման բաժակ բարձրացնելու մասին է, իսկ մկրտութիւնը հասկցան որպէս սովորական ջուրի մկրտութիւն ինչպէս Յովհաննէս Մկրտիչ կը մկրտէր Յորդանան գետին մէջ. ԵՒ այդ անգիտութեան պատճառով, անոնք յամառութեամբ կառչած մնացին իրենց խնդրանքին, ան գիտակցաբար պատասխանելով .- «Կրնանք»։

Մեր Տէրը ընդառաջեց անոնց խնդրանքի մէկ մասին ըսելով-, «Այն գաւաթը որ ես կը խմեմ՝ պիտի խմէք եւ այն մկրտութիւնովը որով ես կը մկրտուիմ՝ պիտի մկրտուիք». ԵՒ իսկապէս կատարեց անոնց խնդրանքը. ԵՒ Քրիստոսի այս խօսքերը մարգարէական էին այս երկու եղբայրներուն մասին. Ինչպէ՞ս
Յակոբոսը եղաւ առաջին նահատակը առաքեալներուն մէջ, որը նահատակուեցաւ գլխատուելով, իսկ սիրելի Յովհաննէսը ամբողջ կեանքի ընթացքին հալածուեցաւ ու աքսորուեցաւ Պադմոս կղզին, որտեղ մնաց մինչև իր կեանքին վերջը: Իսկ մեր Տէրը անոր շնորհք ըրաւ որպէսզի երկար ապրի առանց նահատակուելու, Աստուածային յայտնութիւնները մեզի փոխանցելու:

Ահաւասիկ կենդանի օրինակ մը խնդրողներու, որոնք ան գիտակցաբար կը մօտենան խնդրելու շատ յաճախ բաներ, որոնք կրնան չհամապատասխանել Աստուծոյ կամքին ու ծրագրին:

Տէր, մենք չենք գիտեր ի՞նչ է Քու կամքդ, և ի՞նչն է բարին մեզի համար. Բա՜ց մեր աչքերն ու հոգիները, որպէսզի այն ինչ որ խնդրենք Քու կամքիդ համաձայն ըլլայ և մեր հոգևոր բարիքին ԱՄԷՆ:

Արմէն քահանայ Մելքոնեան
02.09.2019