«Սա սարքած գործ էր իրենց գլխին»


Մեր կեանքի մէջ, և մասնաւորաբար հաւատացեալ Քրիստոնեայի՝ շատ մը իրադարձութիւններ կը գտնենք, որոնք անհասկնալի կը թուան առաջին իսկ հայեացքէն: Ճշմարիտ հաւատացեալի կեանքին մէջ շատ յաճախ կը գտնենք վերելքներ իր տեսանելի կեանքին մէջ ( Նիւթական և կամ բարոյական), նոյնիսկ երբեմն հոգևոր իմաստով, և յանկարծ մեծ անկում մը. ԵՒ այդ մեզ մեծ զարմանք կը պատճառէ, թէ եթէ տուեալ անձը այդքան սերտ յարաբերութեան մէջ մտած է իր երկնաւոր Հօր հետ, ինչպէս կրնայ այնպիսի մեծ անկում մը ունենայ և կամ փորձութիւն, որ կրնայ ճակատագրական ըլլալ իր հոգևոր ու բարոյական հասկացողութեամբ:

Տէ՜ր անքննելի են գործերդ:

Ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ Աստուծոյ գործերը:
Հասկնալու համար պէտք է ուսումնասիրենք Աստուծոյ սիրելիներուն կեանքը, ու անոնց ունեցած յաջողութիւններն ու (ձախողութիւնները), Տիրոջ հետ իրենց յարաբերութեան ընդմէջէն:

Յոբի պատմութեան չեմ ուզեր անդրադառնալ՛ բոլորս ալ գիտենք թէ ի՞նչ պատահեցաւ:
Յովսէփ գեղեցիկն ալ ծանօթ է մեզի իր կեանքով ու ունեցած դժուարութիւններով և յաջողութեամբ:

Կուզեմ այսօր ներկայացնենք մէկէ աւելի մարդոց ունեցած կեանքի փորձառութիւնը Տիրոջ հետ: 12 Առաքեալներ:

Այսօրուան Աւետարանը, որ շարունակութիւնն է նոյն գլխուն մէջ տեղի ունեցող կարևոր իրադարձութիւններու, ցոյց կու տայ մեզ թէ ինչպէ՞ս Աստուած կը վերաբերուի Իր իսկ ընտրած, ու Իրեն հետ անմիջական հարաբերութիւն ունեցող ու սպասարկողներուն հետ:
Նոյն օրը, երբ մեր Տէրը կը կատարէ Իր նշանաւոր հրաշքը, հինգ հազար հոգի կերակրելով միայն հինգ հացով ու երկու ձուկով, մեր Տէրը դժուար փորձութեան մը մէջ կը դնէ Իր աշակերտները:

Նախքան այդ փորձութեան անցնիլը, կուզեմ պահ մը երևակայենք, և փորձենք պատկերացնել, թէ այդ 5000 կերակրելու համար, առաքեալները ինչքա՜ն ճիգ թափեցին ու յոգնեցան:

Այդ 5000 բաժնելու հարիւրական կամ յիսունական խմբակներու, և զանոնք կանաչ խոտի վրայ նստեցնելը միայն, մեծ ճիգ կը պահանջէր, ալ չխօսինք այդ 5000 ին հաց ու ձուկ մատակարարելու և հիւրասիրելու մասին:

ԵՒ ահա յանկարծ, երբ բոլորը կերան ու կշտացան, աւելցուկները հաւաքուեցան ու կողովներու մէջ դրուեցան, ժամանակն էր, որ աշակերտները օգնէին Տիրոջ՝ այդ ամբոխը արձակել երթալու իրենց տուները. Բայց չենք գիտեր թէ ինչու, մեր Տէրը որոշեց առանձին կատարէ այդ պարտականութիւնը և աշակերտներուն հրամայեց հետևեալը-,
«Շուտ մը իր աշակերտները արտորացուց որ նաւը մտնեն եւ իրմէ առաջ միւս կողմը Բեթսայիդա անցնին, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ»:

Աշակերտներուն պարտականութիւնն էր ժողովուրդը ցրելը. Ինչու՞ մեր Տէրը ստանձնեց այս անգամ այդ պարտականութիւնը. Սակայն աւելի կարևոր կէտը, թէ ինչու՞ «շուտ մը» ուզեց արձակել Իր աշակերտները «որ նաւը մտնեն եւ իրմէ առաջ միւս կողմը Բեթսայիդա անցնին»:

Հաւանաբար առաքեալները նաև զարմացան Քրիստոսի այս արարքին, և կրնան հարցուցած ըլլան նաև, և վստահաբար Ան պատասխանած պիտի ըլլայ, թէ Նա պիտի լեռ ելլեր աղօթելու համար:

Յաջորդող համարներուն մէջ կը հասկնանք թէ մեր Տիրոջ նպատակը աղօթելը չէր, այլ առաքեալներուն համար գեղեցիկ անակնկալ (փորձութիւն) պատրաստած ունէր:

«Շուտ մը» բառին գործածութիւնը պատահական չէր աւետարանիչի կողմէ, քանի նա նկատած էր մեր Տիրոջ հապճեպութիւնը առաքեալները ցրելու, իրմէ առաջ նաւ մտնել. ԵՒ այդ պատճառով իսկ Մարկոսը ուզեց անպայման այս «Շուտ մը» բառը գրի առնէ, որպէսզի պատկերացում ունենանք, և փորձենք հասկնալ մեր Տիրոջ գործելաոճը մեր կեանքին՝ և մասնաւորապէս Անոր սիրող ու հետևող մարդոց կեանքին մէջ:

Ի՞նչ պատահեցաւ. Պատահած դէպքը այս եկող համարներուն մէջ, հասկնալի կը դարձնէ մեր Տիրոջ խուճապն ու աճապարանքը առաքեալները շուտով մը Իրմէ առաջ նաւով ուղարկելու:

«Երբ իրիկուն եղաւ, նաւը ծովուն մէջտեղն էր, բայց ինք մինակ ցամաքն էր։ 48 Տեսաւ զանոնք, որ կը տագնապէին հովէն թի քաշելու ատեն, վասն զի հովը իրենց դէմ էր»։

Տէ՜ր անքննելի են քու գործերդ:

Միայնակ ցամաքը կեցած կը տեսնես անոնց տագնապը ու թոյլ տուէք այստեղ այս բառը գործածեմ ( պաղարիւնութեամբ, ու անտարբերութեամբ) անոնց կը դիտե՞ս:
Քանի՞ որ ցամաքը առանձին էիր կանգնած, դա ապացոյց է որ աղօթքիդ պահը աւարտին հասած էր: Ի՞նչ հասկնանք այս կեցուածքէդ Տէ՜ր: Միթէ Քեզ հաճոյք կը պատճառէր անոնց տագնապը ծովուն մէջտեղ: Չենք բացառեր որ այդ փոթորիկն իսկ Քու հրամանովդ էր որ կը շարժէր, ու կը տագնապեցնէր անոնց հոգին ու էութիւնը:

Պահ մը կուզեմ մտնենք առաքեալներու էութեան ու խորքին մէջ. Թէ անոնք հեռուէն Քրիստոսը տեսնելով առանձին ու մենակ ցամաքին վրայ զիրենք կը դիտէ, և հաւանաբար Անոր դէմքին բոլորիս ծանօթ խաղաղութիւնն ու (ժպիտը), ի՞նչ կը մտածէին:

Արդեօ՞ք անոնք կը յիշէին ժամեր առաջ տեղի ունեցած հրաշքը. կարծեմ թէ ոմանք այո, սակայն վստահ եմ, որ այդ պահուն գտնուեցան մի քանիներ՝ եթէ ոչ բոլորը կամ մեծամասնութիւնը, որոնք սկսան տատամսիլ ու թերահաւատութեան մատնուիլ: Իրաւունք ունէի՞ն: Որպէս մարդ այո:
Ինչպէս որ Քրիստոսի ներկայութիւնը ցամաքին վրայ առանձին երևակայութիւն կը համարէին, նոյնպէս և այդ 5000 հոգին կերակրելու հրաշքը. Եթէ այդպէս չըլլար անոնք պիտի չտագնապէին:

Հայաստանեան բարբառով, «Սա սարքած գործ էր իրենց գլխին»:

Բայց ինչու՞ Տէր:

Որպէսզի հաւատքն ու վստահութիւնը Քրիստոսի անձին նկատմամբ խարսխուի իրենց մէջ: Քրիստոսի ներկայութիւնը թէկուզ և հեռուէն պէտք է բաւարար ըլլայ որպէսզի անոնք չերկմտին ու չվախնան:

Առաքեալներուն այդ տագնապալի վիճակը շատ երկար չտևեց, միայն մինչև գիշերուան չորրորդ ժամը՝ (Լուսաբացին):

ԵՒ ահա խաղաղացուցիչ պատկերը:
«Յիսուս գիշերուան չորրորդ պահուն ծովուն վրայէն քալելով գնաց անոնց։ Կուզէր անոնցմէ անցնիլ։ 49 Անոնք, երբ տեսան, որ ծովուն վրայէն կը քալէր, կարծեցին թէ աչքի երեւոյթ մըն է, ուստի կանչվռտեցին. 50 Քանզի ամէնքն ալ զանիկա տեսան ու խռովեցան։ Ինք շուտ մը խօսեցաւ անոնց հետ ու ըսաւ. «Քա՛ջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ 51 Եւ նաւը ելաւ անոնց քով ու հովը դադարեցաւ։ Անոնք մտքերուն մէջ չափէ դուրս ապշած էին ու կը զարմանային, 52 Վասն զի հացին վրայ եղած հրաշքը չիմացան, քանզի սրտերնին թմրած էր։

Տէ՜ր անքննելի են քու գործերդ:
Փառք քեզ Տէր, փառք Քեզ հաղագս ամենայնի Տէր փառք քեզ:
Փառք Քեզի ո՜վ Տէր որ ամէն ժամ մեզ հետ ես, և երբեք չես լքեր անոնց որոնք ճշմարտութեամբ կը խոստովանին Քու Սուրբ անունդ:
Փառ քեզի Տէր, որ ներկայ ես մեր ուրախութեան, տխրութեան, յաջողութեանց ու տագնապին մէջ:
Փառք Քեզի, որ այս ալեկոծումներու և փոթորիկներու մէջ, մեղմ հովի նման կը փսփսաս մեր ականջներուն ըսելով .- «Քա՛ջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք». Բայց մենք կը խոստովանինք մեր տկարութիւնը, և վստահ ենք, որ առանց Քեզ չենք կրնար քաջեր ըլլալ:

Տէր սորուեցուր մեզի քաջութիւն, որպէսզի Քեզ և Սուրբ խաչիդ զօրութեան ապաւինելով, ոչ մէկ փորձութիւն չկարենայ մեր կեանքը տագնապեցնել և մեր խաղաղութիւնը կորսնցնել:
Օրհնեալ ես Դուն Տէր, այժմ և յաւիտեանս Յաւիտենից ԱՄԷՆ:

Արմէն քահանայ Մելքոնեան
07.10.2019