Հալածանքներ ու նեղութիւններ. մինչև ե՞րբ


Քրիստոնէական բոլոր ժամանակաշրջաններուն և մինչև այսօր, Քրիստոսի ճշմարիտ հաւատացեալները այս հարցը ուղղած են Տիրոջ, և շատ յաճախ նաև մեզ՝ հոգևորականներուս և կամ իրենց խոստովանահայրերուն:

Ինչու Քրիստոնեան պիտի հալածուի և ինչու՞ կան այս նեղութիւնները: Ինչու Աստուծոյ արդարութիւնը չի տիրեր և մարդոց չարութիւնը Աստուծոյ որդիներուն նկատմամբ չի սաստեր… և ինչուներու շարանը կարելի է երկարել. Այդ ինչուներու մասին երկար խօսած եմ պիտի առաջարկեմ որ այս կապը սեղմէք լսելու այն: Ինչու՞ Տ՜էր ինչու՞

Որոշ հաւատացեալներ, նորահաւատներ, անգիտակից ըլլալով Սուրբ Աւետարանի խոստումներուն և զգուշացումներուն, և կամ լսած ըլլալով Քրիստոսի սիրուն ու ականջին հաճելի հնչող խոստումները միայն, կը կարծեն թէ քրիստոնէական կեանքով ապրիլը, մեզ պիտի ապահովէ այս աշխարհի չարիքներէն, ու պիտի ապրինք հանգիստ ու հեզասահ կեանք մը:

Այսպիսի մտածելակերպ ունեցողները Ճիշտ են բարին հոգևոր իմաստով, սակայն սա ճշմարտութեան կէսն է միայն. Պարտինք քաջաբար իմանալ ճշմարտութեան միւս երեսը նաև որպէսզի չգայթակղինք:

Ինչպէս քրիստոնէութեան սկզբնական շրջաններուն նոյնպէս և այսօր, կը գտնուին մարդիկ, որոնք հասկնալով, թէ այդ հալածանքի ու նեղութիւններուն պատճառը իրենց հաւատքն է ու Քրիստոսին իրենց պատկանելիութիւնը, որոշում կառնեն կրօնափոխ ըլլալ, և կամ թէկուզ արտաքնապէս յայտարարել իրենց կրօնափոխութիւնը, ապրելով ի ներքուստ որպէս (քրիստոնեաներ), իսկ արտաքուստ այնպէս ինչպէս իրենց շրջապատին հաճելի պիտի թուա: Ծանօթ են մեզի շատ մը դէպքեր նաև պատմութենէն:
Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, շատեր կրօնափոխ եղան իրենց կեանքը ապահովելու և կամ իրենց զաւակներուն. Այսօր անոնց արարքը երևան եկաւ, երբ իրենց զաւակները՝ հարիւրաւոր այլեւ հազարաւորներ, իմանալով իրենց ծնողներուն արարքը, որոշեցին վերադառնալ իրենց կրօնա ազգային ակունքներուն. ԵՒ սա է ինչին մենք ականատես կըլլանք այսօր Թուրքիոյ մէջ, երիտասարդներ, ջարդին յաջորդող սերունդը կը պահանջէ Քրիստոնեայ դառնալ ու մկրտուիլ:

Այսպիսիներ՝ Մարդահաճոյ Քրիստոս ուրացողներ, ի՞նչ ալ ըլլան պատճառները չեն կրնար արդարանալ Քրիստոսի ատեանին առջև, քանի շատ յստակ է Քրիստոսի խօսքը թէ` «ան որ զիս ուրանայ մարդոց առջև, ես ալ զինք պիտի ուրանամ հօրս առջև որ երկինքն է»:

Պիտի չուզէի այս վերոյիշեալ հարցին անդրադառնալ, քանի մեր օրուան թեմային հետ անմիջական կապ չունի, սակայն ուզեցի որպէս նախապատրաստական խօսքեր գործածել այս վերոյիշեալ երևոյթը, մեր ունկնդիրներուն մատուցելու ճշմարտութեան երկու կէսերը, երկու երեսները:

Այսօրուան աւետարանի առաջին տողերուն մէջ կը գտնենք բուժիչ և այս թեմայով անձնական վերլուծումներուն վերջակէտը:

Մեր Տէրը իր վարդապետութեան ու քարոզչութեանց մէջ, բնաւ և երբեք, և ոչ մէկ ակնարկով իսկ չխոստացաւ Իր հետևորդներուն հեզասահ ու երջանիկ կեանք մը. Այլ ընդհակառակը. Ինչպէս տեսանք մեր նախորդ բացատրութեան մէջ, Նա կը խօսէր նեղ ճամբու մասին, որուն միջոցով է միայն ու միայն, որ պիտի կարենանք հասնիլ երկինք:

Այստեղ պահ մը իմ մտքիս մէջ հարց մը կը ծագի-,
Ուսումնասիրելով այլ (կրօններ) մասնաւորաբար Իսլամ (կրօնը) որուն հետևողներուն թիւը քիչ չէ. Անոնք առաւել քան մէկ միլիարդ են:
Ի՞նչն է եզակի այս երկու կրօններու՝ Քրիստոնէութեան և իսլամութեան մէջ, որոնք քաջալերեցին միլիոնաւոր մարդիկ հետևելու մասնաւորաբար այս երկու կրօններուն: Այս կրօնները ի՞նչ խոստացան, և ինչպիսով կարողացան գոհացնել մարդուն հոգևոր կարիքները. Միասնաբար փոքր ուսումնասիրութիւն մը կատարենք:

Իսլամութիւնը խոստացաւ հետևեալը-,
Սկսինք աշխարհային խոստումներէն:
Ամուսնանալ այնքան, ինչքան կը բաւարարուին տղամարդուն հաճոյքները: ( բառացի իմաստով չորս, սակայն խորքին մէջ հազարաւոր կիներ. Ինչպէ՞ս, մէկը արձակելէ վերջ նորին ամուսնանալ):
Շնութիւնը մեղք չէ, եթէ նախօրօք պայմանաւորուած ըլլայ որոշ գումարով, և սահմանափակուած որոշ ժամանակով:
Գողութիւնը մեղք չէ, եթէ քրիստոնեային կամ ոչ իսլամին գողնաս:
Սուտը մեղք չէ նոյնիսկ հաւատքին մէջ, քու կեանքդ և կամ շահերդ ու եղբօրդ շահերը ապահովելու և պաշտպանելու:
Սպանելը մեղք չէ, Եթէ անհաւատի մը սպանես ու գլխատես. Սակայն եթէ իսլամը իսլամին սպանէ, երկուքն ալ կրակ (դժոխք) պիտի երթան:

Հապա երկնային ինչ խոստումներ տուաւ.-
Ինչպէս աշխարհի վրայ, նոյնպէս և առաւել ևս երկինքի մէջ. Այսպէս.-
Իւրաքանչիւր իսլամ ունի 72 (թափանցիկ) կոյսեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ յարաբերելէ ետք, կոյս կը դառնայ (աստուծոյ կամօք): Բացի այդ կոյսերը բոլոր քրիստոնեաներու և անհաւատներու կիներն ու աղջիկները անոնց բաժինն են նաև:

Հապա՞ համասեռականները: Այն հաւատացեալները որոնք ժուժկալութեամբ ապրեցան այս մեղքէն աշխարհիս վրայ, ( հանդերձեալին աստուած զանոնք պիտի փոխ հատուցէ սիրուն պատանիներով) որոնք պիտի հաճեցնեն իրենց ցանկութիւնները:

Ի վերջոյ խմելն ու արբեցութիւնը աշխարհիս վրայ արգիլուեցաւ անոնց, իսկ հանդերձեալին մէջ (դրախտին) մէջ գինիի գետեր պիտի հոսին: Կրնա՞ք պատկերացնել թէ ի՞նչպիսի դրախտ մըն է. Նա ուրիշ անուն ունի, որը պիտի չուզեմ գրել այստեղ …

Հապա՞ Քրիստոնէութիւնը, ի՞նչ կը խոստանայ: Ի՞նչն է որ մղեց մարդկութիւնը հետևիլ Քրիստոսին:

Չզարմանաք պատասխանէն սիրելիներ. Պատասխանը կը գտնենք այսօրուան իսկ աւետարանի մէջ: Մեր Տէրը հետևեալ խոստումը տուաւ իրեն հետևողներուն, ու անոնց յաջորդող սերունդներուն.-

«Իրենց ժողովարաններէն դուրս պիտի ձգեն ձեզ ու ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպանէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ»։

Այսպիսի և այս որակումներով խոստումներով լեցուն է Սուրբ Գիրքը, սակայն անով հանդերձ, այս բոլոր նեղութիւններուն ու դժուարութիւններով հանդերձ, մարդիկ կառչած մնացին այս հաւատքին. Կարիք կա՞ ըսելու և բացատրելու թէ ինչու՞: Կարծեմ ոմանց համար անհրաժեշտ է իմանալ, թէ ինչու՞:

Քանի մարդիկ, բոլոր ժամանակներուն, բոլոր դասակարգերէ ու տարբեր գիտութիւններու և փիլիսոփայութիւններու մասնագէտներ, իմացան, որ միակ ճանապարհն ու ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսն է:
Միակ ճանապարհը, որ կը տանի դէպի յաւիտենականութիւն նեղ ճամփան է:

Այսօր հակառակ բոլոր քարոզարշաւներուն որ կը կատարուին տարբեր կրօններու և աղանդներուն, Քրիստոնեան՝ Ճշմարիտ Քրիստոնեան իր հոգևոր արժէքները չի վաճառեր, ու պատրաստ է երթալ մինչև մահ:

Տէր, փառք Քեզի ամէն ինչի համար, բայց մասնաւորաբար զիս ընտրելուդ համար քեզ հետևելու և Քու դրոշմդ ունենալու իմ ճակտին:
Տէ՜ր, Փա՜ռք ու շնորհակալութիւն քեզի, որ դարեր առաջ, զգուշացուցիր զիս, թէ Քեզի հետևիլ կը նշանակէ խաչը շալկել և ետևէդ գալ:
Օրհնեա՜լ ես Տէր, սորուեցուր ինծի քու ճամբաներդ, և օգնէ, որ Քու օրէնքներէդ չշեղիմ հալածանքներու ու նեղութիւններու ժամանակ, որպէսզի յաղթական դուրս գամ համբերութեամբ. Քանի Դուն, Քու Սուրբ շրթներովդ ըսիր -, «Ան որ կը համբերէ Յաւիտեան պիտի ապրի» Ամէն:

Արմէն քահանայ Մելքոնեան
03.10.2019