Աշակերտ, ընտրեալ, Առաքեալ, կորստեան որդի:


Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքին մէջ, կարևոր իրադարձութիւններ կան, որոնք իր քրիստոնէութիւնն ու հաւատքը կը սահմանեն, և կամ կը սահմանափակեն և կամ կընդլայնեն:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը բախտաւորութիւնն ունեցած է ծնելու քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ. ԵՒ այդ իսկ մե՜ծ շնորհ է մեզի տրուած Աստուծոյ կողմէն: Շնորհ երկու իմաստով. Նախ փնտռելու և սպասելու կարգավիճակէն դուրս ելած կըլլանք՝ քանի որ Աստուածային շնորհը մեզ գտած է արդէն, իսկ երկրորդ, քրիստոնէական առաջին աստիճանը ունենալու նախապատւութիւնը ունեցանք որ է` աշակերտութիւնը:

Երեք կամ չորս տարբեր բաներու մասին է, որ կը խօսի այսօրուան աւետարանը, որոնք կրնան տեղի ունենալ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքին մէջ. Աշակերտել, ընտրուիլ և առաքեալ ըլլալու պատիւը ունենալ. Այսպէս-,
«Առտուն կանչեց իր աշակերտները ու անոնցմէ տասներկու հոգի ընտրեց ու զանոնք առաքեալ անուանեց» Ղուկաս 6:

Այս տողերը կարդացողները առաջին հայեացքէն կրնան ենթադրել որ անոնք Քրիստոսի առաքեալներու մասին միայն ըսուած ըլլալ, սակայն ո՜չ, ճշմարտութիւնը այն է, որ աւետարանի իւրաքանչիւր մէկ տող, գրի առնուած է մեզի համար, որպէսզի հասկնանք և ճանչնանք Աստուծոյ գործելաոճը մեր կեանքին մէջ:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը ծնելով քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ, և մկրտուելով, ինքնաբերաբար ստացած կըլլայ աշակերտութեան աստիճանը. Աշակերտելու Քրիստոսին ու Անոր ուսուցումներուն:
Աշակերտութեան այս հանգրուանը կրնայ երկար տարիներ տևել. Ոմանց մօտ կրնայ 40, 50,80,100 և կամ ամբողջ կեանքի տևողութեամբ. Իսկ ոմանց մօտ կրնայ 1 տարեկանէն առաջ, և կամ նոյնիսկ իրենց մօր արգանդը գտնուած ատեն այս հանգրուանը փոխուի աշակերտութենէ անմիջապէս դէպի առաքեալի կոչում, օրինակը Յովհաննէս Մկրտիչը:

Այս խօսքերը բնաւ և երբեք չեն նշանակեր, որ այդ հանգրուանային փոփոխութիւնը մարդուս կամքով չեն կրնար կատարուի. Երբ Աստուածային Շնորհը սկսի գործել ջանասէր աշակերտի մը կեանքին մէջ, և երբ այն աշակերտը յաջողութիւններ սկսի ձեռք բերել իր հոգևոր կեանքին մէջ, կընտրուի աւելի բարձր ու վսեմ, ծանր ու քաղցր լուծ մը կրելու, որ է Առաքեալ ըլլալու տիտղոսը:

Այսօրուան աւետարանի նախորդող համարը, կարևոր իրադարձութիւն է որուն մասին կանդրադառնայ աւետարանիչը ղուկաս. 12րդ համարին մէջ այնպէս կը գրէ-,
12 «Յիսուս լեռը ելաւ աղօթք ընելու ու բոլոր գիշերը Աստուծոյ աղօթք ընելով անցուց»։
Բոլորիս ծանօթ է թէ մեր Տէրը շատ յաճախ կաղօթէր, ու մշտական աղօթքի մէջ էր. Սակայն ամէն անգամ չէ որ աւետարանիչները կանդրադառնան այդ աղօթքի պահերուն, բացի այն ժամանակ՝ երբ աղօթքին յաջորդող կարևոր իրադարձութիւն մը տեղի ունենայ. ԵՒ ահաւասիկ այնպիսին էր այսօրուանը:

Մեր Տէրը պիտի ընտրէր Իր աշակերտներէն 12-ը և անոնց առաքեալ պիտի անուանէր. Որո՞նց մէջէն պիտի ընտրէր, բնականաբար Իրեն հետևող հարիւրաւոր աշակերտներու մէջէն, որոնք ամէն տեղէն եկած ու աշակերտած էին Իրեն: Խօսքը ժողովուրդի հոծ բազմութեան մասին չէ որոնք եկած էին տարբեր նպատակներով, հրաշքներու ականատեսը ըլլալու, և կամ բժշկութիւններ ստանալու. Այլ տարբեր տեսակի մարդոց մասին է խօսքը, անոնք որոնք կամովին հաւատացած էին Մեսիային և որոշած Անոր աշակերտիլ:

Աւետարանական այս հատուածը պատասխան է կարգ մը յարանուանութիւններու և կամ (եկեղեցիներու), որոնք կը քարոզեն թէ տարբերութիւն չկայ հաւատացեալներուն միջև, և կը մերժեն քահանայական աստիճանը պատրուակելով, թէ «բոլոր քրիստոնեաները կոչուած են որպէս նոր ուխտի քահանաներ»:

Բոլորս ալ Քրիստոսի աշակերտներն ենք. Սակայն Աստուածային և երկնաւոր Շնորհը կընտրէ որոշ մարդիկ, ըլլալու առաքեալներ և Քրիստոսի բերած ճշմարիտ խօսքի ու վարդապետութեան քարոզիչներ, և Աստուածային խորհուրդները կատարողներ:

Յատկանշելի է որ մեր Տէրը Քրիստոս նախքան այդ ընտրութիւնը կատարելը, աւետարանիչի խօսքերով « լեռը ելաւ աղօթք ընելու ու բոլոր գիշերը Աստուծոյ աղօթք ընելով անցուց»։
Այս համարը ուսուցողական է և ուղղուած մասնաւորաբար եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգևորականներու, որոնց իշխանութիւն տրուած է Ձեռնադրութիւններ կատարել, և առաքելութեամբ ուղարկել որոշ անհատներ, որոնք բարձրագոյն հոգևոր ուսումը ունենալէ ետք պիտի քարոզեն Քրիստոսի ճշմարիտ աւետարանը:

«Քրիստոս ամբողջ գիշերը աղօթքով անցուց»:
Թէ ինչու՞ Քրիստոս աղօթեց բացատրեցինք. Առաքեալներու յաջորդականութիւնը ունեցող բարձրաստիճան հոգևորականը պարտի աղօթել նաև նախ քան այդ իշխանութիւնն ու բարձր պատիւը թեկնածուին շնորհելը:

Սա բարձր պատասխանատուութեան գիտակցութիւն կը պահանջէ. ԵՒ առանց աղօթքի ու Աստուծոյ կամքի միջամտութեան կատարուած ձեռնադրութիւնները կրնան կոտորած բերեն հաւատաւոր ժողովուրդի գլխին, և կրնայ եկեղեցի մը լեցուիլ « Իսկարիովտացի Յուդաներով, որը մատնիչ եղաւ»: Ղուկաս 6:12

Մի և նոյնը կատարեցին նաև 11 առաքեալները. Այդ մասին կը կարդանք գործք առաքելոցի -րդ գլխուն մէջ, երբ ընտրեցին Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանովրան, Տիմովնան, Պարմենան եւ Նիկողայոս նորահաւատ Անտիոքցին, պատմիչը Ղուկաս կըսէ .-
«Ասոնք առաքեալներուն առջեւ կայնեցուցին։ Անոնք ալ աղօթք ընելով՝ ձեռքերնին անոնց վրայ դրին»։ Գործք 6:6: Կարդալ նաև գործք 14:23

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ընտրուած է Քրիստոսին աշակերտելու, սակայն քիչերուն է որ Աստուածային շնորհը կընտրէ առաքելութեան, քանի որ բոլոր աշակերտները չեն որոնք ձգտումը ունին առաքեալ ըլլալու, և ոչ ալ բոլոր Ձգտողներուն է որ Աստուած կընտրէ այդ Շնորհը տալու:

Աւետարանական այս ուսուցումը նաև ուղղուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին, աղօթելու որևէ ճակատագրական որոշում մը առնելէ առաջ, և խնդրել Աստուծոյ կամքը մեր այդ որոշման մէջ. Ըլլան անոնք անձնական՝ ինչպէս ամուսնութիւն, գաղթել և այլն, և կամ հաւաքական ու ընտանեկան որոշումներ:

Աղօթենք միասին:
Ո՜վ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, Փառք և երկրպագութիւն քեզի, որ իմանալով մեր տկարութիւնները շարունակաբար մեզի համար կը բարեխօսես Հօրդ մօտ որպէսզի մենք հաստատուն և կայուն մնանք մեր հաւատքին մէջ

Փառք քեզի Տէր, որ իմանալով աշխարհիս սայթաքումներն ու մոլորութիւնները, մեզ առանձին չթողուցիր, այլ ընտրեցիր առաքեալներ, որոնք յաջորդաբար մատակարարեցին եկեղեցւոյդ առաքեալներ ու հովիւներ, Քու ճշմարիտ Աստուածութեանդ մեզ հաղորդակից դարձնելու, և հաւատքի մէջ գօտեպնդելու:

Ինչքա՜ն տկար ենք Տէր առանց Քեզի, մեզ մեր տկարութեան մէջ առանցին մի թող, և երբ սայթաքինք ու ճանապարհներէդ հեռանանք, ղրկէ մեզի Տէր մշակներ, որպէսզի մշակեն մեր նեխած հոգին ու միտքը:
Տէր «Հունձքը շատ է, բայց մշակները քիչ», ուստի կաղօթենք Քեզի «որպէսզի արժանի մշակներ հանես Քու հունձքիդ համար»:

Փառք և երկրպագութիւն Հօր և Որդւոյ և Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ և միշտ և յաւիտեանս յաւիտենից ամէն:

Արմէն քահանայ Մելքոնեան
19/10/2019