Հպարտութիւն – Խոնարհութիւն

Orvan-avedarane2Այսօրուան աւետարանին մէջ մեր Տէրը կ՛անդրադառնայ մէկ կարևոր հարցի մը, որ բանալին է և դժոխք կամ երկինք երթալու. Հպարտութիւն – Խոնարհութիւն:

«Ո՛վ որ կը բարձրացնէ ինքզինք՝ պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք՝ պիտի բարձրանայ»: Այս է քրիստոնէութեան բնաբանն ու յատակագիծը. և ան որ չընդունիր այս պայմանը, ու չի փորձեր զայն իրականացնել և իրագործել իր կեանքին մէջ, տակաւին շա՜տ հեռու է քրիստոնէութենէ, եթէ նոյնիսկ ան բազում այլ առաքինութիւններ ունի իր կեանքին մէջ:
Հպարտ ու գոռոզ մարդիկ մերժուած են ոչ թէ միայն խոնարհներու և իրենց նման գոռոզներու կողմէ, այլ մանաւանդ Աստուծմէ:
Հպարտ մարդը իրմէ բացի ու վեր ոևէ մէկ այլ մեծ մարդ չ՛ընդունիր, ու մանաւանդ Աստուծոյ մեծութիւնը:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Ես վստահ եմ որ իմ այս տողերս միայն խոնարհ մարդոց կողմէ են կարդացուելու, անոր համար աղօթող եմ որ մեր ընթերցողները առաւել ևս խոնարհութիւն ունենան, ու ապրին ըստ այս աստուածային պատուիրանին: