Ինչպէ՞ս ընդունիլ հոգևորականը

«Ա՛ն որ ձեզ կ՚ընդունի՝ զի՛ս կ՚ընդունի. եւ ա՛ն որ զիս կ՚ընդունի՝ զիս ղրկո՛ղը կ՚ընդունի:

Ահաւասիկ այս խօսքերով է որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստո իր աշակերտները մխիթարեց, անոնց հետ խօսելէ ետք այն նեղութիւններու և հալածանքներուն մասին որոնց պիտի հանդիպին իրենց առաքելութեան ընթացքին: Ինչպէս շատ յաճախ կը շեշտեմ՝ Քրիստոսի բոլոր խօսքերը սահմանափակուած չեն որոշ անձերով և կամ որոշ ժամանակաշրջաններով, այլ յաւերժական են ու բոլոր ժամանակներու համար:

Հալածանքները որոնց մասին խօսեցաւ մեր Տէրը, միայն առաքեալներուն չէր որ կը պատկանին. Ճիշտ է որ Քրիստոնէական սկզբնական շրջաններուն շատ աւելի սարսափելի էին ու ծայրայեղ, սակայն անոնց յաջորդող դարերը աւելի նուազ չէր հալածանքը քրիստոնեաներուն դէմ ընդհանրապէս, ու Խօսքը տարածողներուն՝ քարոզիչներուն ու հոգևոր առաջնորդներուն ու սպասաւորներուն նկատմամբ մասնաւորաբար:

Հալածանքները հաւատացեալ քրիստոնեայի կեանքին անբաժանելի մասնիկն են ու պարտադրուած իրողութիւն մը, որոնց մասին մեր Տէրը պէտք էր զգուշացնէր իր առաքեալներն ու Իր հետևորդները, որպէսզի քաջատեղեակ ըլլային այս իրողութեան, ու չկարծէին թէ Քրիստոնէութիւնը ընդունելով, անոնք խաղաղ ու հանգստաւէտ պայմաններու մէջ պիտի ապրէին: Քրիստոնէութիւնը կը նշանակէ «Խաչը առնել ու Անոր ետևէն երթալ» ու «Անձը ուրանալով միայն Քրիստոսը ընդունի ու Անով ապրի»:

Այնքան ժամանակ որ մարդոց «Գործերը խաւարի մէջ են» պիտի չ՛ընդունին Լոյսը բերող աշտանակներուն, և պիտի հալածեն զանոնք, և սա բնական երևոյթ մըն է քրիստոնեայի կեանքին մէջ, քանի անոր Քրիստոսն անգամ չընդուեցին ու խաչը հանեցին:

«Ձեզ չընդունողը զիս չընդունած կ՛ըլլայ»

Ի՜նչ սքանչելի մխիթարութիւն մը բոլոր անոնց համար որոնք մարդկութենէ մերժուած ու հալածուած են. խորքին մէջ Քրիստոսն է որ հալածուած ու անարգուած կ՛ըլլայ անոնց մէջ, ու իրենք Քրիստոսի անուան համար է որ կը հալածուին, ու այդ մեծ վարձատրութիւն մը պիտի ըլլայ անոնց համար:

Սակայն այս խօսքը որու՞ կը պատկանի բոլո՞ր Քրիստոնեաներուն համար

Ո՜չ, կան շատ մը քրիստոնեաներ որոնք կը հալածուին զանազան անձնական պատճառներով, անոնց համար չէ Խօսքը:                Կան շատ մը քրիստոնեաներ որոնք կը հալածուին իրենց ճշմարտախօսութեան ու բարութեան համար, առանց որ քրիստոնէութիւնը ըլլայ անոնց առաքինութիւններուն պատճառը,այլ պարզապէս իրենց բնութիւնն է այնպիսին.  անոնց համար ալ չէ խօսքը:

Կան հոգևոր հովիւներ ու առաջնորդներ, որոնք ամէն օր կը հալածուին ու կը քննադատուին իրենց հօտին ու անոր հաւատացեալներուն կողմէ, իրենց անհոգութեան ու անտարբերութեան, մոլորութեան ու անառակութեան համար, անոնց համար ալ չէ խօսքը. այնպիսիներ Աստուծոյ խօսքը արդէն իսկ դատապարտած է զիրենք, զանոնք «անհաւատներու և հեթանոսներու շարքին դասելով» մեր Տէրը զանոնք «երկուքի պիտի կիսէ ու գեհենի կրակին մէջ պիտի նետէ»:

Լաւ այսպիսիներուն ինժպէ՞ս ընդունիլ :                                                                                                   Այդպիսիներ նշանակուած են Տնտեսներ, ու պարտին տնտեսութեան հաշիւը տալ Անոր որ զիրենք կոչեց այդ պաշտօնին, և մենք  պարտինք զանոնք ընդունիլ «որպէս Աստուծոյ խորհուրդներուն տնտեսները» և աղօթել անոնց «հոգիին փրկութեան»-ը, ու ընդունիլ անոնց կատարած բոլոր Տէրունական խորհուրդները համբուրելով իրենց օծուած աջը, ու մերժել անոնց կատարած մարդկային ու աշխարհիկ խորհուրդները՝ յանձնելով զանոնք Աստուծոյ արդարութեանը և ատեանին:

Պարտաւոր ենք մեր հոգևոր առաջնորդներն ու հովիւները ընդունիլ այնքան, ինչքանով անոնց մէջ կը տեսնենք Քրիստոսի անոնց յանձնուած տնտեսութեան նուազագոյն յատկանիշներն ու շնորհքները՝ Սուրբ խորհուրդները, չմոռնալով որ անոնց սուրբ ձեռքերը ամէն կիրակի Քրիստոսի Մարմինն ու Արիւնը կը շալկեն

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Վերջին տարիներուն համացանցի բերած արաք լուրերուն շնորհիւ, երբեմն ճիշտ ու շատ յաճախ սուտ ու չափազանցուած լուռեր տարածելով հոգևորականներու մասին, մեր ժողովուրդի մօտ որոշ տեսակի անվստահութիւն յառաջացուցին եկեղեցւոյ սպասաւորներուն առհասարակ, ու եկեղեցականներուն նկատմամբ մասնաւորաբար: Ի’նչքանով ալ ճիշտ ըլլան այդ տարածուած լուռերը, պէտք չէ անոնք պատճառ ըլլան մեր սայթաքումին ու հաւատքի ուրացմանը:

Եկեղեցականը կրնայ սխալուիլ ու այդ սխալին համար անպայման հաշիւ պիտի տայ, սակայն եկեղեցին չի կրնար սխալ ըլլալ. ճիշտ այնպէս ինչպէս հաւատացեալը կրնայ սխալուի ու սայթաքիլ, սակայն հաւատքը անկարելի է որ սխալ ըլլայ:

Զգուշանանք այսպիսի դաւադրութիւններէ որոնք կը լարուին մեր առջև սատանային կողմէ, մեզ մեր ճշմարիտ հաւատքէն ու Քրիստոսէն խլելու համար, ու թոյլ չտանք անոր որ նա յաջողի: