«Տեսնողին երկու աչքերը Կոյրնան»

  Orvan-avedarane2Հաւանաբար շատերու համար զարմանալի թուի այս վերնագիրը, սակայն չմոռնանք որ մեզմէ շատերը այս խօսքերը կը գործածեն անտեղի, մանաւանդ երբ մեր մարդկային յարաբերութիւններու մէջ հանդիպինք որոշ մարդոց վկայութեան, որոնք ճշմարտութիւնը տեսնելով հանդերձ կուրանան զայն ու կը փորձեն ծածկել։

Իմ այս խօսքերս սակայն չեն պատկանիր մարդկային մեր ընկերութեան սուտ վկաներու, այլ կը պատկանի մեզմէ շատերուն, որոնք ամէն օր կը վայելեն Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ, սակայն անով հանդերձ «տեսնելով կը տեսնեն ու չեն տեսներ», իրենց աչքերը բաց՝ ցերեկ աչքով խաւարի մէջ կապրին։

Այսօրուան աւետարանիչը Յովհաննէս, օրուան աւետարանի նախորդող առաջին իսկ համարներուն մէջ, կը պատմէ մեզի սովորական մէկ հրաշքի մասին, ուր Քրիստոս ի ծնէ կոյրի մը աչքերը կը բանայ։Սովորական մէկ հրաշք էր, որ բազմիցս կատարած էր. սակայն զարմանալին այն է որ նոյն աւետարանի վերջին համարները որոնք կընթերցենք այսօր, Մեր Տիրոջ խօսքերը կը հակասեն իր հրաշագործութիւններուն։

Տէր, ինչպէ՞ս կրնաս հազարաւոր լուսնոտներու աչքերը բանալ Աստուածային մէկ հրամանովդ, ու միևնոյն ատեն աչքեր ունեցող մարդոց համար յայտարարես թէ անոնք պիտի կոյրնան։

Տէր, ինչպէ՞ս կրնայ «Տիրոջ հոգին վրադ ըլլալ կոյրերուն աչքերը բանալու», և մարդիկ կուրութեան մատնուած ըլլան։

Ցաւալի իրականութիւն է, ու վիրաւորիչ խօսքեր, սակայն հասկցողի, ու Տիրոջ խօսքը ըմբռնողի համար բնական ու իրաւացի պիտի գտնէ։

Մենք մեզ լուսաւորուած սերունդ զաւակներ կը կարծենք, ու երբեմն իսկ կը խղճանք մեր նախնիքներուն, կարծելով թէ անոնք խաւարի սերունդներու զաւակներ էին, ու չկրցան վայելել այն լուսաւորումը որ մենք կ՛ապրինք՝ ըլլայ նիւթական կամ բարոյական ու գիտական. Սակայն շատ լաւ գիտենք որ իրաւացի չենք մեր այս դատողութեան մէջ։

Մեր նախկինները զրկուած ըլլալով նիւթական ու համակարգչային այս (լուսաւորումներէն), անոնք աւելի կարևոր ու անխաւարելի հոգևոր լոյսի մէջ կապրէին, ու այդ լոյսով անոնք արժանացան Սուրբեր ունենալու դարերու ընթացքին, իսկ սրբութեան կոչումին չարժանացողներն ալ, արժանացան լուսեղէն կամարներու մէջ ապրիլ ճշմարիտ Լոյսի ու անոր որդիներուն հետ միասին։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ճշմարտութիւն է որ այսօր մարդկութիւնը կ՛ապրի հոգևոր խաւարի մէջ, ու մարդիկ հակառակ (աչքը բաց) ըլլալուն, երթալով կուրութեան կերթան, բարի կամեցողութիւնն իսկ չունենալով ՝աստուածային լոյսէն նշոյլի մըն իսկ թոյլ տալու որ թափանցէ իրենց հոգիներուն մէջ։

Որպէս Աստուծոյ որդիներ, ու անոր լոյսը ճառագայթող հաւատացեալներ, կ՛ապրինք փորձութեանց դժուարագոյն պայմաններու մէջ, քանի շատ յաճախ այս աշխարհի որդիներուն խաւարած ամպերը կը ծածկեն մեր երկինքը կուրացնելու և Աստուծմէ հեռացնելու։

Մարդկութիւնը կուրցած է իր կամքով «աչքեր ունին չեն տեսներ, ականջներ ու չեն լսեր»։

Յիսուս Քրիստոսի այս խօսքերը ուղղուած էին դպիրներուն և փարիսեցիներուն, որոնք կը կարծէին թէ ունին ճշմարիտ Աստուածածանօթութիւնը մարգարէներու և հին կտակարանի ընդմէջէն. սակայն այդ գիրքերու մարգարէութեան իրագործման խորհուրդին մէջ, անոնք անգիտակից ու կոյր մնալ ընտրեցին, իրենց աչքերուն առջև կուրութեան վարագոյր մը քաշելով։

Սիրելի ընթերցող-ունկնդիր։

Մենք որպէս քրիստոնեաներ ինչո՞վ կը տարբերինք դպիրներէն ու փարիսեցիներէն. մենք աւելի դատապարտելի ենք, քանի մենք այդ լոյսին գիտակցեցանք, ու անոր հոգիէն ստացանք, և անով հանդերձ չենք հետևիր Անոր ուսուցումներուն։

Եթէ տակաւին խաւարի մէջ կ՛ապրինք Քրիստոսէն հեռու, ուրեմն կուրութեան դատապարտուած ենք։