Չափազանց սէր՝ մօր սէրէն ալ աւելի

Ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր հայրը կամ մայրը՝ ինծի արժանի չէ, եւ ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր որդին կամ աղջիկը՝ ինծի արժանի չէ: Ա՛ն որ իր խաչը չ՚առներ ու իմ ետեւէս չի գար, ինծի արժանի չէ:

Orvan-avedarane2Այսօրուան աւետարանին մէջ մեր Տէրը Քրիստոս պայմաններ կը դնէ մեր առջև, որոնք առաջին հայեացքէն անկարելի կը թուին մեզի ըմբռնելու և իրագործելու. մանաւանդ երբ անգիտակ ըլլանք աւետարանը մեկնաբանելու, և աւետարանական համարները իրար կապելով ճշգրիտ իմաստը բացայայտելու։

Ինչպէ՞ս մարդ կրնայ Յիսուս Քրիստոսը Սիրել իր մօրմէն ու հօրմէն, քոյրէն և եղբայրէն ալ աւելի։

Մարդկութեան մօտ կատարելագործուած սէր գոյութիւն ունի՞, ես կը կարծեմ որ ոչ. մեր մարդկային յարաբերութիւններու մէջ որևէ տեսակի սէր, որևէ անձի կամ ինչի նկատմամբ, բնաւ և երբեք չի կրնար կատարելագործուած ըլլալ, ու նմանիլ այն աստուածային սիրոյն որ Աստուած ունեցաւ և ունի մարդ արարածին նկատմամբ։  Մեր սէրը ինչքան ալ ամբողջական ըլլայ ու կատարելագործուած՝ մեր ամենամօտ բարեկամներուն ու ծանօթներուն նկատմամբ, այս պարագային ծնողներուն, անպայմանօրէն ան միախառնուած կըլլայ եթէ ոչ միշտ, գոնէ երբեմն, որոշ շահախնդրութիւններու, և կամ անհասկացողութեան պարագային երբեմն իսկ ատելութեան։

Մեր Տէրը Քրիստոս որպէս ամենագէտ, Ան գիտէ մեր մարդկային տկարութիւնները, ու գիտէ թէ մարդ արարածին սէրը հանդէպ իր նմանին անկարելի է որ կատարելագործուած ըլլայ, ու այդ պատճառով է որ Ան կը պահանջէ որ զինք սիրենք մեր ծնողներէն ալ աւելի, ու ասպիսով Ան պահանջած կ՛ըլլայ մեզմէ ամբողջական Սէր. սակայն խորքին մէջ այս ալ չէ պատճառը այս պատուիրանին կամ աստուածային հրամանին։

Քրիստոնէական սկզբնական շրջաններուն քրիստոնեաները հալածանքներու պիտի ենթարկուէին, ու անոնց վրայ զանազան տեսակի ճնշումներ պիտի բանեցնէին հաւատքէ հրաժարելու համար. այն ինչ որ կը տեսնենք կարգ մը սուրբերու կեանքին մէջ, որոնք մերժեցին հնազանդիլ իրենց մօր սիրոյն՝ որ կաղաչէր հրաժարիլ հաւատքէն. այսպիսով անոնք Քրիստոսի սէրը վերադասա՚ծ եղան իրենց մօր սերէն ու Քրիստոսի պատուիրանը ամբողջացուցած եղան. «Ա՛ն որ իր խաչը չ՚առներ ու իմ ետեւէս չի գար, ինծի արժանի չէ»:

Այս պատուիրանը կարելի է նաև մէկ այլ ձևով հասկնալ։

Ոմանք երբ կը կորսնցնեն ծնողներէն կամ հարազատներէն մէկը, իրենց ունեցած չափազանց սիրոյն այդ ննջեցեալին նկատմամբ, այդ սէրը պատճառ կը դառնայ , խռովութեան մէջ մտնելու Աստուծոյ հետ, չընդունելով Անոր կամքը, ու տարիներ շարունակ հեռու կը մնան Աստուծմէ ու Անոր Որդւոյն մարմնի և արեան հաղորդութենէ. այնպիսիներն ալ հայր մայր, քոյր և եղբայր աւելի սիրած կ՛ըլլան քան Քրիստոսը։

 

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Մարդկային Սէրը հանդէպ իր նմանին, ու սէրն հանդէպ իր արարչին չի կրնար ամբողջական ըլլալ առանց արարչին սէրը ունենալու մեր հոգիներուն մէջ. ու այդ պատճառով է որ մեր Տէրը շատ յաճախ կը պատուիրէ «Սիրեցէք զիրար ինչպէս որ ես ձեզ սիրեցի», մեր սէրը իրար նկատմամբ կրնայ կատարելագործուած ըլլալ միայն այն ժամանակ, երբ հասկնանք և ըմբռնենք Անոր  ունեցած Սէրը մեր նկատմամբ. ու երբ հասկնանք ու սիրենք զայն ինչպէս որ ինք մեզ սիրեց, այն ժամանակ է միայն որ կրնանք հասկնալ սիրոյ իմաստը, ու միևնոյն սիրով կրնանք սիրել մեր նմանին ու մեր ծնողներուն։

Տէր, «Քու սիրոյդ հուրը որ ղրկեցիր երկիր, թող բորբոքի մեր հոգիներուն մէջ», որպէսզի այդ սիրով քեզ սիրենք։

Ամէն