«Ամէն օր վերցնել խաչը ու հետեւիլ Քրիստոսին».

«Եթէ մէկը ուզէ գալ իմ ետեւէս՝ թող ուրանայ ինքզինք, ամէն օր վերցնէ իր խաչը ու հետեւի ինծի». (Ղուկաս 9)

Այս համարը ոմանց համար անհասկնալի է։

Ինչպէ՞ս մէկը կրնայ խաչը վերցնել ու ամէն օր Քրիստոսի ետևէն երթալ։

Շատ յաճախ ըսած եմ իմ պատգամներուս մէջ, թէ դժուար է աւետարանական որևէ համար հասկնալ, առանց անոր նախորդող կամ անկէ վերջ եկող համարները հասկնալու։

ասկէ մէկ համար մը առաջ մեր Տէրը խօսելով ինքն իր մասին կըսէ.-«Պէտք է որ մարդու Որդին շատ չարչարանքներ կրէ, մերժուի երէցներէն, քահանայապետերէն եւ դպիրներէն, սպաննուի ու յարութիւն առնէ երրորդ օրը»: Շատ բնական պիտի ըլլայ որ ոևէ քրիստոնեայ անհատ եթէ ուզէ Քրիստոսին հետևիլ պիտի մերժուի ու հալածուի բոլորին կողմէ, և այդ մերժումն ու հալածանքը ինքնին խաչ մըն է անոր համար։

Երկնքի արքայութեան խորհուրդը կրնայ իրագործուիլ այն ժամանակ միայն երբ մեր կեանքի մէջ խաչեր ունենանք ու պատրաստ ըլլանք շալկելու, հասնելու համար այնտեղ։ Ինչպէս որ առանց խաչի ու մահուան յարութիւն տեղի չէր ունենար, նոյն ձևով առանց տառապանքի ու «նեղ ճամբայէն» քալելու «լայն ճամբուն» պիտի չհանդիպինք։ Պայման չէ որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքի մէջ անպայմանօրէն խաչեր ըլլան, կրնայ այդ տառապանքը խաչի աստիճանին չհասնիլ, այլ պարզապէս փոքր նեղութիւններ ըլլան, և կամ մերժողականութիւն շրջապատին կողմէ. Սակայն ինչ ալ ըլլան անոնք, փոքր կամ մեծ, պարտինք մեծ սիրով և խոնարհութեամբ և ուրախութեամբ տանիլ զանոնք, մանաւանդ ու մասնաւորաբար երբ անոնք՝ այդ (խաչերը)Քրիստոսի անուան պատճառով ըլլան։

Բոլորիս կեանքին մէջ անպայմանօրէն կան դժուարութիւններ, նեղութիւններ, հիւանդութիւններ, ցաւեր ու վիշտեր. Սակայն ասոնք բոլորը խաչ չեն համարուիր և պէտք չէ շփոթել ։ Խաչ կը համարուին միայն այն նեղութիւնները որոնք Քրիստոսի համար, կամ քրիստոնեայ ըլլալու պատճառով են. և անձնապէս կը կարծեմ որ այսօր քիչեր են այսպիսիներ, ու շատեր են անոնք որոնք որևէ դժուարութիւն, որ նոյնիսկ իրենց անձնական սխալներու ու անհոգութեան հետևանքով են, կանուանեն խաչ, առանց անդրադառնալու այս բառին վսեմութեան ու սրբութեան։

Մենք քրիստոնեայ ենք, քանի մեր նպատակակէտը երկինք երթալն է, ու երկինք երթալու համար պարտինք խաչին քովէն անցնիլ, խաչը առնել մեր ուսին ու մտնենք։

Երբեմն խաչեր կունենանք մեր կեանքին մէջ Քրիստոսի մեր պատկանելիութեան պատճառով, սակայն երբեմն ալ Աստուած մեզի պատրաստ խաչեր կը պարգևէ որոշ փորձութիւններու և հիւանդութիւններու ընդմէջէն։

Դժուարութեանց ու նեղութեանց մէջ պէտք չէ վրդովուիլ ու գանգատիլ, մոռնալով որ Աստուած կրնայ այդ խաչերը տուած ըլլայ մեր առաքելութիւնն ու ընթացքը արագացնելու և հարթելու դէպի երկինք։ Պօղոս առաքեալ այս ուղղութեամբ գեղեցիկ խօսք մը ունի երբ կ՛ըսէ .- «Շատ տառապանքով պէտք է մտնենք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Երկնքի դրան առջև մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի չդադրի Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելէ իւրաքանչիւր մէկ ցաւի ու տառապանքի համար, որ ունեցաւ իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին։ Պատրա՞ստ ես, կուզե՞ս երկինք երթալ, եթէ այո, և եթէ տակաւին Քրիստոսի պատկանելիութեան պատճառով խաչ մը չես ունեցած, փնտռէ զայն. քանի առանց խաչ մը ունենալու դժուար մուտք գործես երկինք. իսկ եթէ ունիս այնպիսի խաչ մը, ուրախ եղիր քանի այդ կը նշանակէ թէ ուղիղ ճամբու մէջ ես։

Արմէն քահանայ Մելքոնեան