«Եւ անոնց անհաւատութեան վրայ կը զարմանար»

  Այսօրուան աւետարանի մէջ զարմանալի իրողութեան մը առջև կը գտնուինք։   Նախորդ համարներու մէջ կը կարդանք Քրիստոսի հրաշագործութիւններու մասին, ու այնտեղ կը գտնենք թէ Անոր համար անկարելի ոչ մէկ բան կար. սակայն երբ կը հասնի Իր գաւառը որտեղ մեծցած էր, այնտեղ աւելի քիչ հրաշքներ կը կատարէ, ու աւետարանիչը կը փակէ այդ երևոյթը ըսելով.-«Հոն չէր կրնար … Մանրամասն

Չափազանց սէր՝ մօր սէրէն ալ աւելի

Ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր հայրը կամ մայրը՝ ինծի արժանի չէ, եւ ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր որդին կամ աղջիկը՝ ինծի արժանի չէ: Ա՛ն որ իր խաչը չ՚առներ ու իմ ետեւէս չի գար, ինծի արժանի չէ: Այսօրուան աւետարանին մէջ մեր Տէրը Քրիստոս պայմաններ կը դնէ մեր առջև, որոնք առաջին հայեացքէն անկարելի … Մանրամասն

Հրաւէրի փոխարէն հրաւէր

Մարդկային մեր յարաբերութիւններու մէջ, հրաւէրները բնական և ակնկալելիք ցանկութիւն մըն է, մանաւանդ մեր ընտանիքի անդամներու, սիրելիներու և բարեկամներուն կողմէ, ու մասնաւորաբար անոնց կողմէ որոնք կարողութիւնը ունին ճոխ սեղաններ բանալու, աւելի զուարճացնելու, և աւելի լաւ կըլլայ նաև եթէ հրաւիրողները ճաշկերոյթէն թուրս, ունենան կարողութիւնը վաճառական պայմանագիրներ կնքելու, կամ ինչ որ այլ հարցով օգտակարութիւններ բերել բարեխօսելով մէկ այլ … Մանրամասն

Մէկ հօտ, մէկ հովիւ ու մէկ եկեղեցի

Այսօրուան աւետարանը նախորդ մեր մեկնաբանութեան շարունակութիւնն է, ուր մեր Տէրը կը խօսէր Իր հօտին ու հովիւներուն մասին. գեղեցիկ եզրափակումով է որ մեր Տէրը այսօր կամբողջացնէ իր պատգամը, մէկ իղձ մը յայտնելով, որուն մասին պարտի մեզմէ իւրաքանչիւրը մտածել, ու Քրիստոսի այդ փափաքը իրականացնել: Մեր Տէրը որպէս ամենագէտ, Ան շատ լաւ գիտէր որ Օրեր պիտի գան իր … Մանրամասն

Հպարտութիւն – Խոնարհութիւն

Այսօրուան աւետարանին մէջ մեր Տէրը կ՛անդրադառնայ մէկ կարևոր հարցի մը, որ բանալին է և դժոխք կամ երկինք երթալու. Հպարտութիւն – Խոնարհութիւն: «Ո՛վ որ կը բարձրացնէ ինքզինք՝ պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք՝ պիտի բարձրանայ»: Այս է քրիստոնէութեան բնաբանն ու յատակագիծը. և ան որ չընդունիր այս պայմանը, ու չի փորձեր զայն իրականացնել և իրագործել … Մանրամասն

Ինչպէ՞ս ընդունիլ հոգևորականը

«Ա՛ն որ ձեզ կ՚ընդունի՝ զի՛ս կ՚ընդունի. եւ ա՛ն որ զիս կ՚ընդունի՝ զիս ղրկո՛ղը կ՚ընդունի: Ահաւասիկ այս խօսքերով է որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստո իր աշակերտները մխիթարեց, անոնց հետ խօսելէ ետք այն նեղութիւններու և հալածանքներուն մասին որոնց պիտի հանդիպին իրենց առաքելութեան ընթացքին: Ինչպէս շատ յաճախ կը շեշտեմ՝ Քրիստոսի բոլոր խօսքերը սահմանափակուած չեն որոշ անձերով և կամ … Մանրամասն