Ի՞նչ է մահը, և ինչու՞ մահէն վախնալ

Այսօրուան աւետարանի մէջ մեր Տէրը անգամ մը ևս խօսելով հալածանքներու մասին, մեզ կ՛ազդարարէ չվախնալ մահէն։ Ճշմարտութիւն մըն է որ բոլորս ալ մահաէն կը վախնանք, սակայն երբ ճանչնանք մահուան իմաստն ու կարևորութիւնը, այլևս պիտի չվախնանք։ Մահը պարտադրուած իրականութիւն մըն է որմէ ոչ ոք փախուստ կրնայ ունենալ. «Մարդոց վերապահուած է մէկ անգամ մեռնիլ». աշխարհի վրայ ապրող բոլոր … Մանրամասն

Վերջինը առաջին կըլլա՞յ

Ամբարտաւանութիւնն ու հպարտութիւնը մեծագոյն հիւանդութիւնն ու աղտն են մարդուս՝ ու մանաւանդ Քրիստոնեայի մը կեանքին մէջ։ Մի քանի անգամներ խօսեցանք այս ախտին մասին։ Մեր Տէրը քանի անգամներ կը խօսի խոնարհութեան մասին, սակայն անով հանդերձ անոր առաքեալները շարունակեցին իյնալ միևնոյն սխալին մէջ, հակառակ որ անոնք ամէն օր կը տեսնէին իրենց վարդապետին խոնարհութիւնն ու այդ մասին ուսուցումները։ Ահա … Մանրամասն

«Տեսնողին երկու աչքերը Կոյրնան»

  Հաւանաբար շատերու համար զարմանալի թուի այս վերնագիրը, սակայն չմոռնանք որ մեզմէ շատերը այս խօսքերը կը գործածեն անտեղի, մանաւանդ երբ մեր մարդկային յարաբերութիւններու մէջ հանդիպինք որոշ մարդոց վկայութեան, որոնք ճշմարտութիւնը տեսնելով հանդերձ կուրանան զայն ու կը փորձեն ծածկել։ Իմ այս խօսքերս սակայն չեն պատկանիր մարդկային մեր ընկերութեան սուտ վկաներու, այլ կը պատկանի մեզմէ շատերուն, որոնք … Մանրամասն

«Ըսէ ինչքա՜ն դրամ ունիս, ըսեմ քեզի արժէքդ»

Ինչպէս բոլոր դարերուն նաև Քրիստոսի ժամանակ և այսօր, կայ հիւանդութիւն մը որ կը կոչուի «զանազանութիւն և տարբերութիւն» դնել մարդոց միջև իրենց տկարութեան, իմացականութեան, և մանաւանդ իրենց նիւթական կարողութիւններու և կամ հարստութեան չափանիշին. սա խորքին մէջ ախտ մըն է որ տարածուած է մեր ընկերութեան բոլոր դասակարգներուն ու ոլորտներուն մէջ, ըլլան անոնք աղքատ կամ հարուստ, գիտուն կամ … Մանրամասն

«Երանիները» Քրիստոնէական սահմանադրութիւնը

Այսօրուան աւետարանին մէջ կը գտնենք քրիստոնէական սահմանադրութիւնը, որուն մէջ կ՛ամբողջանան քրիստոնէական վարդապետութեան օրէնքներու ամբողջականութիւնն ու դէպի սրբութիւն տանող ուղին՝ ԵՐԱՆԻՆԵՐԸ։ Երանիները Մատթէոս աւետարանի կարևորագոյն երեք գլուխներն են, որոնք զբաղեցուցին ոչ թէ միայն մեր հոգևոր հայրերու միտքն ու հոգին, այլ նաև զբաղեցուցին ոչ քրիստոնեայ շատ մը ուսումնասիրողներու գրականութիւնն ու վերլուծական աշխատանքները, զանոնք նկատելով որպէս կատարելիութեան ու … Մանրամասն

Ինչպիսի՞ն ես Քրիստոսին հետևող բազմութեան մէջ

«Իրեն հետ մեծ բազմութիւններ կ՚երթային» Ղուկաս 14։25 Այս համրէն առաջ մեր Տէրը հրաւիրեալներուն առակը կը պատմէր իրեն հետևող մեծ բազմութեանը, ու հաւանաբար այդ ընթացքին բազմութեան թիւը աւելի ևս կը շատնար, ու մեր Տէրը տեսնելով բազմութիւնը ուզեց անոնց ձևով մը մաղել, ու հասկցնել անոնց թէ Իրեն հետևիլը լոկ ձևակերպական պէտք չէ ըլլայ՝ իրեն լսելու և կամ … Մանրամասն